2009-09-28 15:45:22

Ծիսական Ժամանակացոյց


Կիրակի 27 Սեպտեմբերին հայ եկեղեցին կը յիշատակէ Վարագայ Ս Խաչի տօնը։

Վան քաղաքի մօտ գտնուող Վարագ լերան վրայ, Թոդիկ Ճգնաւոր իր Յովէլ աշակերտին հետ տեսան հրաշալի լուսաւորութիւն մը շրջապատուած 12 լուսեղէն սիւներով ։ Հետեւելով անոր, անոնք մտան եկեղեցի ու հոն գտան Ս Խաչը հանգչած՝ Ս Սեղանին վրայ ։ Տօնը յատուկ է հայոց։

Երկուշաբթի 28 Սեպտեմբերին տօնն է Ս. Դաւիթ դըւնեցիի եւ Ղամբէոս ու Ղամբէուհի վկաներուն։

Դաւիթ Դըւնեցի բուն անունով՝ Սուրհան , հայրը պարսիկ էր իսկ մայրը քրիստոնեայ (թագաւորական ցեղէ) քաջալերուած Գրիգոր Մամիկոնեան իշխանէն կը փափաքի քրիստոնեայ դառնալ եւ Ներսէս Շինող կաթողիկոս զինք կը մկրտէ։

Դաւիթ ապրեցաւ նախ Կոտայք գաւառի Ձագ գիւղին մէջ, ապա փոխադրուեցաւ Դուին ուր 30 տարիներ ապրեցաւ բարեպաշտ քրիստոնէի կեանք մը։ Երբ Աբտըլլահ Հայաստանի ոստիկան կարգուեցաւ, ուզեց քրիստոնեաները նախկին կրօնքին վերադարձնել սակայն Դաւիթ մերժեց որու հետեւանք՝ զանազան տանջանքներու ենթարկուեցաւ. խաչուեցաւ բեւերակապ ուժգնութեամբ ու իր տանջարանին վրայ նետահարուելով նահատակուեցաւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ դրան առջեւ 4 Ապրիլ 701-ին 60 տարեկանին։ Ամատունեաց Սարգիս եպիսկոպոսը եւ Մուշեղ ու Արտաւազդ Մամիկոնեան իշխանները ոստիկանին թոյլտուութեամբ փառաւոր յուղարկաւորութիւն ըրին Դաւիթի, եւ թաղեցին զինք Դուինի Ս. Գրիգոր կաթողիկէին մօտը ու անոր կախաղան խաչը եւ խոցող գեղարդը գնելով առաջինը Դուինի եւ երկրորդը Ձագ գիւղին եկեղեցիներուն սրբութեանց կարգը անցուցին։

Գալով Ղամբէոս ու Ղամբէոսուհի վկաներուն անոնք քոյր եղբայրներ էին Նիկոմիդիոյ քաղաքէն, իրենց հաւատքին համար զոհուեցան. երկուքը եռացած կաթսայի մէջ ձգուեցան եւ ապա գլխատուեցան։ (թուականը կամ 291-ին ու կամ 310-ին է)

Երեքշաբթի 29 Սեպտեմբերին, տօնն է՝ Ս. Եւտաքսիի անոր տիկնոջ Թէոպիստէի ու որդիներուն, նաեւ՝ Երմոնէ ու Նեկտարինէ կոյսերուն։

Եւտաքսի կամ Եւտաքսէոս սպարապետ էր Դոմետիանոս կայսեր, հեթանոս էր, սակայն շատ բարի ու աղքատասէր մարդ մը։ Օր մը որսի ատեն կը հանդիպի եղջերուի մը որ իր եղջիւրներուն մէջ լուսափայլ խաչ մը ունէր, Յիսուսի պատկերով միասին։ Նոյն ատեն կը լսէ ձայն մը որ կ՝ըսէ իրեն ՜՜ Ինչո՞ւ կը հալածես զիս, ես Յիսուսն եմ՝՝ ։ Եւտաքսէոս այս դէպքը երկնային յայտնութիւն մը կը նկատէ. իսկոյն կը դիմէ տեղւոյն քահանային։ Ապա կը մկրտուի քրիստոնեայ իր ընտանիքն հետ միասին այսինքն՝ իր տիկնոջ Թէոպիստէի ու որդիներուն՝ Ագապիոսի ու Թէոպիստոսի։ Քրիստոնեայ դառնալէն ետք, ծանր փորձութիւններու կ՝ենկթարկուի իրմէ կը յափշտակեն կինն ու զաւակները, ու ամէն ինչք, սակայն ինք Յոբի հոգիով կը համբերէ, կը տոկայ անտրտունջ յետին ծայր աղքատութեան, մինչեւ ի վերջոյ կը հասնի երջանկութեան վերստին գտնելով զանոնք։ Ու երբ քրիստոնէութիւնը աւելի յայտնի կերպով սկսաւ տարածուիլ, Տրայիանոսի օրով, Եւտաքսէոս իր զաւակներուն ու տիկնոջ հետ մատնուելով ատեանի նահատակուեցաւ ջեռուցեալ պղնձի ցուլի մէջ նետուելով։

29 Սեպտեմբերին լատին եկեղեցին կը յիշատակէ Սրբոց հրեշտակապետներու՝ Միքայէլի, Գաբրիէլի ու Րաֆայէլի տօնը։

Ս. Գաբրիէլ հրեշտակապետը Վատիկանի ձայնասփիւռի պաշտպան սուրբն է այս առթիւ Րատիովատիկանին Աւետման նուիրուած մատրան մէջ ժամը 9-ին Ս. պատարագ պիտի մատուցուի եւ որ ուղղակի կը ձայնասփռուի նոյն Րատիոկայանէն...

Հինգշաբթի 1 Հոկտեմբերին տօնն է Սահակ եւ Համազասպ հայ իշխաններուն։

Սահակ եւ Համազասպ Գագիկ Արծրունիի որդիներն էին, որոնք իրենց եղբօր Մեհրուժանին հետ արաբներուն դէմ (775-ին) ապստամբական շարժումին մասնակցած էին, եւ երբ Խազմ անունով ոստիկանը Հայաստան ղրկուեցաւ ուզեց վրէժ լուծել եւ ձերբակալել տուաւ այս երեք եղբայրները, իբրեւ պարագլուխներ Վասպուրականի շարժումին եւ Արճէշի պատերազմին։

Բազմատեսակ չարչարանքներու ենթարկուեցան անոնք շուրջ երեք ամիսներ, ապա առաջարկուեցաւ անոնց ընդունիլ իսլամութիւնը։ Մեհրուժան տկարացաւ իսկ Սահակ եւ Համազասպ մերժեցին բացորոշապէս։ Այլազան տանջանքներէն եւ ծեծերէն ետք, գլխատուեցան նախ Սահակ ապա Համազասպ, յետոյ Խազմ ոստիկանը անոնց մարմինները կախել տուաւ ու ապա այրել եւ մոխիրը իբրեւ փոշի ցրուել որպէսզի կարելի ոսկոսրները արժանի չ ըլլայ նահատակութեան պատիւի։ Դէպքը պատահեցաւ 786 –ին՝ Ծննդեան Ութօրէքին։

Շաբաթ 3 Հոկտեմբերին տօնն է Յիսուսի 72 աշակերտներուն։

Բացի 12 առաքեալներէն Յիսուս ընտրեց նաեւ 72 կամ 70 աշակերտներ։ Ասոնք եւս զոյգ զոյգ ղրկեց Հրէաստանի զանազան կողմերը Աւետարանը քարոզելու եւ բժշկութիւններ կատարելու։

Այս խումբին պատկանողներուն ոչ մէկուն անունը կըգտնենք աւետարանին մէջ, հաւաքաբար ասոնք տօնացոյցի անցած են։








All the contents on this site are copyrighted ©.