2009-09-28 12:54:19

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ։ 26 սեպտեմբերին աշխատանքային այցելութեամբ Նիւ Եորք ժամանեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան։ Նոյն օրը Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ Մինսքի խմբակի համանախագահներ Եուրի Մերզլեաքովի, Պեռնար Ֆասիէի, Ռոպըրթ Պրատքէի եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի հետ։ Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ղարաբաղեան տագնապի լուծման ուղղուած բանակցութիւններուն առնչուող հարցեր։ Միւս կողմէ Շաբաթ օր Նիւ Եորքի մէջ հրապարակուած յայտարարութեան մը մէջ Մինսքի Խմբակի համանախագահները տեղեկացուցած են՝ ՄԱԿի-ի Ընդհանուր ժողովի նստաշրջանի շրջագիծին մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հետ ունեցած իրենց հանդիպումներուն մասին՝ նշելով, որ երկու արտաքին գործոց նախարարները վերահաստատած են իրենց դրական կեցուածքը հիմնարար սկզբունքներուն վրայ հիմնուած բանակցութիւններուն։
Նախագահի Սփիւռքեան Ուղեւորութեան Մասին Մանրամասնութիւններ ։
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան երէկ հանդիպելով լրագրողներու հետ՝ հրապարակեց Սերժ Սարգսեանի սփիւռքեան ուղեւորութեան վերաբերեալ որոշ մանրամասնութիւններ: Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման շուրջ Սփիւռքի գաղթօճախներու կարծիքը լսելու յայտարարուած նպատակով նախագահի ուղեւորութեան առաջին կայանը պիտի ըլլայ Փարիզ, ուր հանդիպման մասնակցելու հրաւիրուած են եւրոպական բոլոր երկիրներու հայ համայնքներու ներկայացուցիչները: Յաջորդ կայանը պիտի ըլլայ Նիւ Եորքը, ուր հանդիպման մասնակցելու հրաւիրուած են Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի հայ համայնքներու ներկայացուցիչները:  Ի տարբերութիւն միւս քաղաքներուն, ուր ան միայն քսանչորս ժամ պիտի մնայ, նախագահի Լոս Անճելըսեան կեցութիւնը պիտի տեւէ երկու օր: Լոս Անճելըսի հանդիպումին մասնակցելու հրաւիրուած են Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու եւ Հարաւային Ամերիկայի հայ համայնքներու ներկայացուցիչները: Լոս Անճելըսի մէջ աւելի երկար մնալու պատճառը, (ըստ Սարգսեանի)այս գաղութին մէջ գործող հայկական հեռատեսիլի կայաններուն հետ ծրագրուած ընդարձակ հեռուստազրոյցն է: Իսկ  Պէյրութի մէջ հանդիպման մասնակցելու հրաւիրուած են Իրանի, Սուրիոյ, Եգիպտոսի, ինչպէս նաեւ Պարսից Ծոցի երկիրներու հայ համայնքներու ներկայացուցիչները: Վերջապէս Տօնի Ռոսթով քաղաքին մէջ կայանալիք հանդիպման մասնակցելու հրաւիրուած են նախկին խորհրդային երկիրներու հայկական համայնքներու ներկայացուցիչները: Նախագահը որոշած է սոյն արտասահմանեան շրջապտոյտին ընթացքին քաղաքական հանդիպումներ չունենալ, որպէսզի առաւել եւս ընդգծէ իր ուղեւորութեան խորհուրդը, որն է՝ Սփիւռքի մէջ հանրային կարծիք ստեղծող գլխաւոր կեդրոններու հայ համայնքներուն հետ հանդիպումը ու անոնց կարծիքներուն ունկնդրումը:
ԸՍՏ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽՆԱԽԱԳԱՀԻՆ՝ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԿՈՒԶԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ՔԻՒՐՏԻՍՏԱՆ ՍՏԵՂԾԵԼ։ Թրքական ընդդիմադիր Ազգայնական Շարժում կուսակցութեան փոխնախագահը յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները կ՝ուզեն Թուրքիոյ մէջ Հայաստան եւ Քիւրտիստան ստեղծել։ Մեհմեթ Շանտըր մասնակցած է թուրքիոյ Մերսին քաղաքին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկի մը, որուն ընթացքին դարձեալ քննադատած է թրքական իշխանութիւններու յայտարարած Ժողովրդավարական Նախաձեռնութիւնը՝ ներառեալ քրտական հարցի լուծման նախաձեռնութիւնը։ Ըստ անոր, իշխանութիւններու նախաձեռնութիւնը ՔԱԿ-ի նախաձեռնութիւնն է, եւ ՔԱԿ-ը չկարենալով զէնքով լուծել խնդիրը՝ սկսած է քաղաքականութեամբ լուծել։ Մեհմեթ Շանտըր նաեւ ըսած է, որ այս նախաձեռնութեամբ Միացեալ Նահանգները կ՝ուզեն Թուրքիոյ մէջ Հայաստան եւ Քիւրտիստան մը ստեղծել։ Նշենք, որ Ազգայնական Շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեվլեթ Պահչելի նախապէս յայտարարած էր, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երկրին մէջ ժողովրդավարացման Նախաձեռնութեամբ կ՝ուզէ Թուրքիան մասնատել։







All the contents on this site are copyrighted ©.