2009-09-27 13:38:59

Սկիզբ կ'առնէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին առաքելական ճամբորդութիւնը Չեխ հանրապետութեան, ճամբորդութիւն մը դէպի Եւրոպայի պատմական սիրտը։


Սկիզբ կ'առնէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին առաքելական ճամբորդութիւնը Չեխ հանրապետութեան, ճամբորդութիւն մը դէպի Եւրոպայի պատմական սիրտը։



Շաբաթ օրը Փրակայի բնակչութեան ու կրօնական ու քաղաքացիական իշխանութիւններու հետ հանդիպումներ ունենալէ ետք, Կիրակի առաւօտ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Պըրնօ քաղաքը ուղղուեցաւ, ուր բարի գալուստի համար եկած էին Չեխ հանրապետութեան նախագահը անոր կողակիցին հետ միասին, Մորաւիայի նահանգապետը եւ Պըրնոյի քաղաքապետը, ինչպէս նաեւ քաղաքին առաջնորդը գերապայծառ Չիքրլ։

Բարի գալուստի արարողութենէն անմիջապէս ետք Սրբազան Հայրը բացօդեայ պատարագ մատուցեց քաղաքի օդակայանի կից ընթարցակ դաշտին վրայ։ Պատարագին ներկայ էր նախագահն ու անոր կողակիցը եւ աւելի քան 150 հազար հաւատացեալներ, որոնք եկած էին երկրի զանազան քաղաքներէն ինչպէս նաեւ Սլովաքիայէն, լեհաստանէն ու Աւտրալիայէն։

Նորին Սրբութիւնը իր արտասանած քարոզին մէջ շեշտը դրաւ Յոյսի վրայ։

Խորհելով չեխ ժողովուրդին, Եւրոպայի ու համայն մարդկութեան վրայ, որ ծարաւ է եւ պէտքը կը զգայ հաստատ բանի մը վրայ հիմնելու իր ապագան, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը պատմութեան փորձառութիւնը կը սորվեցնէ թէ մարդը ինչպիսի արտառոցութիւններու կը հասնի երբ իր հորիզոնէն, նախընտրութիւններէն ու ներգործութիւններէն Աստուած կը հեռացնէ։ Եւ որովհետեւ հեշտ չէ կերտել ընկերութիւն մը ներշնչուած բարիի, արդարութեան, եղբայրակցութեան արժէքներէն, որովհետեւ մարդ էակը ու անոր ազատութիւնը կը մնան դիւրաբեկ։ Ազատութիւնը արդարեւ կը պահանջէ միշտատեւ նուաճում եւ այդ պարտականութեան կանչուած են բոլոր սերունդները։ Քրիստոս աշխարհ եկաւ ու իր խաչելութեամբ ու մահով յաղթեց մահուան ու մեղքին վրայ ու մեզ փրկեց եւ ազատագրեց։ Եկեղեցին սերունդէ սերունդ կը հռչակէ. ''խաչեցեալ ու յարուցեալ Քրիստոսը մարդկութեան Յոյսն է''։

Ձեր երկիրը, մատնանշեց Սրբազան Քահանայապետը, նման այլ ազգերու կ'ապրի մշակութային այնպիսի պայմանի մը մէջ ուր հաւատքը, ինչպէս նաեւ յոյսը դարձած է մարտահրաւէր։ Արդարեւ ըլլայ հաւատքը թէ յոյսը, մեր ժամանակակից մարդոց համար դրուեցան առանձնական գետնի վրայ, իսկ դրական ու հրապարակային գետնի վրայ մարդը իր վստահութիւնը դրած է գիտական ու տնտեսական նուաճումներու վրայ։ Ամէնքս գիտակից ենք թէ այդ նուաճումը երկդիմի է։ ճարտարարուեստական զարգացումները ու ընկերային կառոյցներու բարելաւումը կարեւոր են ու վստահաբար հարկաւոր, սակայն բաւարար չեն երաշխաւորելու ընկերութեան բարոյական բարօրութիւնը։ Հետեւաբար կարելի չէ վստահիլ լոկ մարդկային ծրագիրներու, միմիայն Քրիստոս կրնայ ըլլալ մեր ապահով յոյսը։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց ներկաները որ վկայութիւն տան իրենց յոյսին, Քրիստոսի վրայ հիմնած իրենց յոյսին, խնդրելով.

- քահանաներէն որ սերտօրէն միացած մնան Քրիստոսւի հետ ու նուիրումով կատարեն իրենց յանձնուած առաքելութիւնը։

- կրօնաւորներէն ու կրօնաւորուհիներէն ապրելու իրենց կոչումը ու մարդոց յայտնելու մեր ճշմարիտ հայրերնիքը` Երկինքը

- հաւատացեալները, մեծ թէ պզտիկ, իրենց յոյսը` ծրագիրներները, աշխատանքը, դպրոցը ու ամէն գործունէութիւն հիմնեն Քրիստոսի վրայ։

Թող սուր Կիւրեղ ու Մեթոտիոս առաքեալները` հիմնադիրները ու քարոզիչները սլաւ ժողովուրդներու ու պաշտպան սուրբերը Մորավիայի, եւ չեխ բոլոր սուրբերը ըլլան օրինակ ու քաջալերանք ապրելու Աւետարանի համաձայն։

Կէսօրին Նորին սրբութիւնը աղօթեց Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը եւ որուն աւարտին զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները։

Յետմիջօրէին Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ երկրի մտաւորական աշխարհին հետ եւ իր արտասանած ճառին մէջ կրկին անգամ պաշտպանեց ճշմարտութեան հետապնդումին կարեւորութիւնը ինչպէս նաեւ ընդգծեց թէ գիտութիւնը եւ հաւատքը իրարու ներհարկ չեն։








All the contents on this site are copyrighted ©.