2009-09-27 13:41:46

Լուրեր հայ աշխարհէն
 


Լուրեր հայ աշխարհէն

Շաբաթ, 26 Սեպտեմբերին, միօրեայ սեմինար մը տեղի պիտի ունենայ Ազգ. առաջնորդարանի սրահին մէջ։ Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնը վայելող այս ձեռնարկը կազմակերպուած է Ազգ. առաջնորդարանի առաքելութեան տարածման յանձնախումբին կողմէ եւ մաս կը կազմէ այն նախաձեռնութիւններուն, որոնք տեղի կ՛ունենան «Երիտասարդութեան տարուան» առիթով։ Սեմինարին պիտի մասնակցին ներկայացուցիչներ թեմի եկեղեցիներու երիտասարդաց յանձնախումբերէն, ուսանողական միութենէն։ Կլոր սեղանի շուրջ զրոյցը պիտի վարէ Ստեփան Պոյաճեան։ Պիտի քննարկուի երիտասարդութեան դերը եկեղեցւոյ եւ գաղութին մէջ։ «Երիտասարդական տարուան» նուիրուած կեդրոնական ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 25 Հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 5ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։

Պատարագ Լաս Վեկասի Մէջ։
Լաս Վեկասի ծխական համայնքի վերակազմութեան երրորդ տարեդարձին առթիւ, Շաբաթ 26 եւ Կիրակի 27 Սեպտեմբերին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան հովուական այցելութիւն մը պիտի շնորհէ շրջանի հաւատացեալ ժողովուրդին։ Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան եւ Ազգային վարչութեան անդամներ պիտի ընկերանան առաջնորդին։ Կիրակի օր, առաջնորդը Ս. պատարագ պիտի մատուցէ եւ օրուան պատգամը պիտի փոխանցէ Լաս Վեկասի Լուտերական եկեղեցւոյ մէջ։
Լաս Վեկասի Ծխական յանձնախումբը եւ Տիկնանց միութիւնը կազմակերպած են տարեդարձի ճաշկերոյթ մը, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ օր, առաջնորդին հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ։

Մատենադարան-ձեռագրատան հիմնօրհնեքի արարողութիւն
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Տիգրան Սարգսեան մասնակցած է Էջմիածին քաղաքի մատենադարան-ձեռագրատան հիմնօրհնեքի արարողութեան, որ տեղի ունեցած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի հանդիսապետութեամբ:
Կառավարութեան ղեկավարը շրջած է կառուցւող մատենադարանի տարածքին, ծանօթացած է շինարարական աշխատանքներու ընթացքին:







All the contents on this site are copyrighted ©.