2009-09-26 12:58:24

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին առաքելական ճամբորդութիւնը Չեխ հանրապետութիւն


Այսօր Շաբաթ 26 Սեպտեմբեր 2009, առաւօտեան սկիզբ առաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին առաքելական ճամբորդութիւնը Չեխ հանրապետութիւն, ճամբորդութիւն մը դէպի Եւրոպայի պատմական սիրտը։



՜՜Ճամբորդութիւն մը Եւրոպայի պատմական սիրտը ,Աստուծոյ խօսքը հաղորդելու՝ Եւրոպային ու համայն աշխարհին՝՝։ Այս բառերով կարելի է ամփոփել Սրբազան Քահանայապետին միջազգային 13-րդ ճամբորդութիւնը։

Չեխ հանրապետութիւնը շատ մը պատճառներու համար եղաւ խորհրդանիշը Եւրոպայի տանջուած պատմութեան։ Սքանչելի եւ ողբերգական անցեալէ մը ետք 1968ին՝ յանկարծ դարձաւ ռահվիռայ այսպէս կոչուած ''Փրակայի գարուն''ի, որուն հետեւանքով վարշաւայի զօրքը ներխուժեց երկիրը խեղդելու ժողովուրդին ազատութեան տենջը, ապա անոր յաջորդեց ''77 համաձայնագիրը'', ուր կը հաստատուի մարդու իրաւունքներու յարգանքը։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդառաջելով Փրակայի առաջնորդ՝ կարտինալ Վըլքի ու Չեխ հանրապետութեան նախագահ Գլաուսին հրաւէրին, կ՝այցելէ Չեխ հանրապետութիւն։ Սրբազան հայրը Փրկա կ՝երթայ հաղորդելու չեխ ժողովուրդին ՜՜Եկեղեցւոյ հոգին ու յոյսը՝՝։

Ան կու գայ յանուն Տիրոջ, ըսելու թէ՝ ՜՜Աւետարանը կեանք է ու փրկութիւն, կարող՝ բարեփոխելու մեր անհատական ու ընկերային կեանքը։ Աստուծոյ բացակայութիւնը ընկերութեան մէջ նաեւ մարդկայնութեան բացակայութիւն է։ Ուստի քրիստոնեայ ըլլալու ուրախութիւնը մեզ կը դարձնէ խելացի եւ իմաստուն մարդկային ամէն պարագայի մէջ։ Քրիստոս մեզմէ ոչ մէկ բան կ՝առնէ, այլ միայն կու տայ՝՝։

Նորին Սրբութիւնը Չեխ հանրապետութիւն կու գայ մասնակցելու սուրբ Վենչեսլաւի տօնին` հիմնադիրը չեխ ազգին գիտակցութեան։ Առաքելական ճամբորդութիւնը վստահուած է Փրկայի Մանուկ Յիսուսին ու Ս. Վենչեսլաւին , նաեւ՝ Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս հիմնադիր սուրբերուն։

Նորին Սրբութիւնը կու գայ հաղորդելու Եկեղեցւոյ սիրոյ, յոյսի ու զօրակցութեան պատգամը` ''Քրիստոսի սէրը մեր ոյժն է''. այս է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին երեք օրուայ ճամբորդութեան բնաբանը։

Շաբաթ օրը առաւօտեան Նորին Սրբութիւնը Հռոմէն մեկնեցաւ դէպի Փրակա։

Քահանայապետական օդանաւը էջք կատարեց մայրաքաղաքի միջազգային օդակայանը ժամը 11,30ին ։

Բարի գալուստի արարողութեան ներկայ էին երկրի քաղաքական եւ եկեղեցական աւագանին գլխաւորութեամբ՝ Չեխ հանրապետութեան նախագահ՝ տիար Գլաուսի եւ մայրաքաղաքի թեմի առաջնորդ՝ կարտինալ Վըլքի։

Իր խօսքին մէջ նորին սրբութիւնը շնորհակալութիւնը յայտնեց իրեն վերապահուած սիրալիր ու ջերմ ընդունելութեան համար, ապա ըսաւ . ՜՜Չեխ հանրապետութիւնը միշտ եղած է քառաթեւ եւրոպական ցամաքամասին։ Եղած է հանդիպման վայր ժողովուրդներու, աւանդութիւններու եւ մշակոյթներու։ Համայնավարութեան փլուզումէն ու թաւշեայ յեղափոխութենէ ետք արեւելեան Եւրոպան վերագտաւ կրօնական ազատութիւնը։ Կոչ կ'ուղղեմ չեխ հանրապետութեան բոլոր քաղաքացիներուն վերաճանչնալու քրիստոնէական աւանդութիւնները, որոնք անբաժան մասն է իրենց մշակոյթին։ Առանց Աստուծոյ, մարդը չի գիտեր ուր երթալ եւ անկարող հասկնալու թէ ինք ո՞վ է։

Աւետարանի ճշմարտութիւնը անհրաժեշտ է ընկերութեան բարգաւաճումին համար, որովհետեւ անով կը բացուի յոյսի ու կը ճանչցնէ մեզի մեր արժանաւորութիւնը՝՝։ Նորին սրբուիթիւնը իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. ''Ուրախ եմ ձեր մէջ գտնուելու եւ հպարտ եմ բացականչելու չեխ երկիրը իմ տունս է''։

Բարի գալուստի արարողութենէն անմիջապէս ետք Նորին Սրբութիւնը ուղղուեցաւ դէպի Յաղթութեան Տիրամօր նուիրուած եկեղեցին, ուր ընդունուեցաւ մայրաքաղաքի քաղաղաքապետէն ու ժողովրդապետէն։ Եկեղեցւոյ մէջ Սրբազան Հօր կը սպասէին մանուկներ ու անոնց ծնողները։ ՜՜Յաղթութիւն Տիրամօր՝՝ եկեղեցւոյ մէջ կը գտնուի Թագաւոր Մանուկ Յիսուսի աշխարհահռչակ արձանը։ Նորին սրբութիւնը Պահ մը Թագաւոր Մանուկ Յիսուսի արձանին առջեւ աղօթեց եւ ապա Անոր ոսկիէ թագ մը նուիրեց։ Ներկաներուն ուղղած ճառին մէջ պաշտպանեց դատը մանուկներուն եւ մանաւանդ որբ եւ անտեսուած մանուկներուն։

Յետմիջօրէին Նորին Սրբութիւնը ուղղուեցաւ նախագահական պալատը ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահի ընտանիքին հետ ապա տեսակցութիւն ունեցաւ նախարարապետի ու խորհրդարանի եւ ծերակոյտի նախագահներու հետ, ինչպէս նաեւ հանդիպում ունեցաւ երկրի դիւանագիտական մարմնի հետ։ Իսկ երեկոյեան Սուրբ Վիթօ աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ Նորին Սրբութիւնը գլխաւորեց երեկոյեան ժամասացութիւնը երկրի կղերին, կրօնաւորներուն ու կրօնաւորուհիներուն հետ։ Իր արտասանած քարոզին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ քաջալերեց զանոնք որ չվհատին ու շարունակեն քարոզել Քրիստոսի Աւետարանը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.