2009-09-25 13:34:24

Քահանայական տարի, - Քահանայական Կարգ խորհրդածութիւն


Քահանայական տարի, - Քահանայական Կարգ խորհրդածութիւն



Քահանայական կարգը այն խորհուրդն է, որուն շնորհիւ Քրիստոսի կողմէ առաքեալներուն յանձնուած առաքելութիւնը կը շարունակուի գործադրուիլ Եկեղեցւոյ մէջ մինչեւ լրումն ժամանակներուն։ Ան առաքելական պաշտօնատարութեան ս. Խորհուրդն է եւ երեք աստիճան կ'ըմբռնէ. Եպիսկոպոսութիւն, քահանայութիւն եւ սարկաւագութիւն։

Եկեղեցւոյ այս մարմիններէն մէկուն ներընկալումը կը կատարուէր ծիսարարգով մը` կոչուած կարգ, որ կրօնական եւ ծիսական արարք մըն էր։ Ան նուիրագործումն էր, օրհնութիւն մը կամ սուրբ խորհուրդ մը։ ...Կարգը կոչուած է նաեւ քահանայական օծում, որովհետեւ ան զատորոշում մըն է եւ իշխանութեան փոխանցում մը` նոյն ինքն Քրիստոսէն` Իր եկեղեցիին համար։

...Քրիստոսի փրկչագործ զոհը միակ է, կատարուած մի անգամ ընդ միշտ։ Ասուհանդերձ ան ներկայ դարձած է Եկեղեցւոյ Գոհութեան զոհին մէջ։ Նոյնն է նաեւ պարագան Քրսիտոսի քահանայութեան. Ան ներկայ դարձած է պաշտօնատարական քահանայութեամբ, առանց որ նուազի միակութիւնը Քրիստոսի քահանայութեան. 'Արդարեւ Քրիստոս կը հանդիսանայ միակ ճշմարիտ քահանան, մինչ միւսները միայն Իր պաշտօնատարներն են։'

 








All the contents on this site are copyrighted ©.