2009-09-25 13:32:36

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Պրազիլի հիւսիս արեւելեան շրջանէն եպիսկոպոսներ:

Ուրբաթ 25 Սեպտեմբեր 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Պրազիլի հիւսիս արեւելեան շրջանէն խումբ մը եպիսկոպոսներ` եկած կատարելու հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Ս. Պետրոսի յաջորդին։

Յայտնենք թէ՝ Պրազիլի հիւսիս արեւելեան շրջանը երկրին ամենէն աղքատ շրջանն է, ուր մարդիկը դժուար պայմաններու մէջ կը գտնուին։

Աւետարանի քարոզութիւնը մեծ գրաւ մըն է։ Այդ շրջանի կղերը իր կարգին նիւթական խեղճ պայմաններու մէջ կը գտնուի։ ՜՜Բնաւ հեշտ չէ, քրիստոնէութիւնը քարոզել աղքատութեան մէջ՝՝ ըսաւ գերապայծառ Սերճօ տա Ռոգա ընդգծելով որ ՜՜ հակառակ այս կացութեան այդ շրջանը կարելի է համարել Պրազիլի ամենէն կաթողիկէ շրջանը, ուր ժողովուրդին բարեպաշտութիւնը շատ զօրաւոր է՝՝։



Սրբազան Քահանայապետին առաքելական այցելութիւնը Չեխ հանրապետութեան ։



Սեպտեմբեր 26-28 Սրբազան Քահանայապետը առաքելական այցելութիւն կը կատարէ Չեխ հանրապետութեան։ Չեխ եպիսկոպոսները Սրբազան Քահանայապետին այցելութեան որպէս նիւթ ընտրած են '' Քրիստոսի սէրը մեր զօրութիւնն է''։

Այս առթիւ եպիսկոպոսները նամակ մը ուղղած են չեխ հաւատացեալներուն ըսելով. ՜՜Եկեղեցական հասարակութիւնը որպէս մէկ ընտանիք հրաւիրուած է լաւագոյն կերպով պատրաստուելու, պատշաճօրէն ընդունելու համար մեր Հայրը, Ս. Պետրոսի յաջորդը։ Անցեալին, գրուած է եպիսկոպոսներուն նամակին մէջ, Քահանայապետները մեր աւանդութիւնն ու մշակոյթը սահմանած են ''սիրոյ քաղաքակրթութիւն'', մենք քաղաքացի ենք մեր հայրենիքին` Չեխ հանրապետութեան, եւ միաժամանակ Քրիստոնեայ ենք՝՝։ Չեխ եպիսկոպոսները կը հրաւիրեն հաւատացեալները լաւագոյնս մասնակցելու այդ այցելութեան որպէսզի կարենան հոգեպէս օգտուիլ։



Վատիկանը կը հրապարակէ անունները Ափրիկէի եպիսկոպոսական սիւնոդոսի մասնակցողներու, 36 անդամներ, 29 մասնագէտներ եւ 49 ունկնդիրներ։

Ափրիկէի եպիսկոպոսական յատուկ սիւնոդոսը Վատիկան տեղի կ'ունենայ հոկտեմբեր 4-25։ Ժողովին կը մասնակցին աշխարհականներ ու կրօնաւորներ, այրեր ու կիներ, որոնք կու գան համայն աշխարհէն եւ սիւնոդոսական հայրերու հետ միասին կը մասնակցին Ափրիկէի երկրորդ յատուկ սիւնոդոսական ժողովին, որ ունի որպէս նիւթ. ''Եկեղեցին Ափրիկէի մէջ ի սպաս հաշտութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան''։








All the contents on this site are copyrighted ©.