2009-09-24 13:44:59

Լուրեր հայկական կեանքէն

Ս. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑԻ ՇՔԱՆՇԱՆ ԴՈԿՏ ԶԱՒԷՆ ԵԿԱՒԵԱՆԻՆ


Ս. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑԻ ՇՔԱՆՇԱՆ ԴՈԿՏ ԶԱՒԷՆ ԵԿԱՒԵԱՆԻՆ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Հայաստանի անկախութեան հռչակման 18-ամեակին առիթով հրապարակուած յատուկ հրամանագիրով մը Ս Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշանով պարգեւատրեց Գալուստ Կիւլպենկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ Զաւէն Եկաւեանը՝ անոր լայնածաւալ հայրենանուէր գործունէութեան, ինչպէս նաեւ մշակոյթի մարզին մէջ ներդրած մեծ աւանդին համար։ Մեր շնորհաւորութիւնները եւ բարեմաղթութիւնները Պրն. Եկաւեանին։





ՄՈՎՍԷՍ ԽՈՐԵՆԱՑԻԻ ՄԵՏԱԼ ԳՈՀԱՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻՆ

Հ Հ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով, Հայաստանի անկախութեան 18-ամեակին առիթով, մշակոյթի եւ արուեստի մարզին մէջ ներդրած իր նշանակալի աւանդին համար լիբանանահայ բարերար Գոհար Խաչատուրեան պարգեւատրուած է Մովսէս Խորենացիի մետալով։

Յայտնենք, որ Գոհար Խաչատուրեանի կողմէ մօտ տասը տարի առաջ Գիւմրիի մէջ ստեղծուեցաւ ԳՈՀԱՐ երաժշտանոցը, երգչախումբը եւ սիմֆոնիք նուագախումբը։ ԳՈՀԱՐ-ով արտայայտուեցաւ անոր մեծ սէրը հայ երգին ու հայրենիքին նկատմամբ։



Լիբանան- Ցուցահանդէս՝ Արարատ լեռը՝ 11 անկիւններէ

Էսփաս Նայլա Քաթթանէ-Կունիկի մէջ 23 սեպտեմբեր 2009-ին բացումը կատարուած է Արարատ լեռը՝ 11 անկիւններէ թեման կրող ցուցահանդէսին, որուն հեղինակն է լիբանանցի լուսանկարիչ Ժիլպեր Հաժ։ Ան Լիբանանի մէջ երեք համալսարաններու մէջ կը դասաւանդէ լուսանկարչութիւն, ինչպէս նաեւ ունեցած է 30-է աւելի ցուցահանդէսներ։

Խօսելով իր գործերուն մասին Ժիլպեր Հաժ նշած է թէ լիբանանահայութիւնը ամուր կերպով կապուած էր իր արմատներուն, եւ ինք ուզած է գտնել այդ կապուածութեան տուեալը։

Երկար ուսումնասիրութիւններէ ու պրպտումներէ ետք, ան գտած է, թէ Արարատ լեռը լիբանանահայերու տուներուն մէջ գոյութիւն ունեցող հարստութիւն է, որ կարգ մը մարդոց մօտ դարձած է պաշտամունքի առարկայ։ Ժիլպեր Հաժ յայտնած է թէ Արարատին կարեւորութիւնը գիտնալէ ետք, ինք շրջագայած է լիբանանահայերու տուները եւ նկարած Արարատը՝ տան մթնոլորտին հետ։

Արարատը լիբանանահայութեան համար մեծ արժէք կը ներկայացնէ եւ արմատներուն կապող ցուցանիշ է հաստատած է լուսանկարիչը աւելցնլով որ բոլոր տուներուն մէջ տեսած է գրադարաններ, երաժշտական գործիքներ, դաշնակներ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ հայութիւնը քաղաքակիրթ ու արուեստասէր ժողովուրդ է ։ Խօսքի աւարտին Հաժ ըսած է, թէ հայերու տուներուն մէջ, եթէ նոյնիսկ Արարատի նկարը չկայ, ապա այդ մէկը գոյութիւն ունի համակարգիչին մէջ կամ ուրիշ տեղ։ Ամէն պարագայի հաստատակամօրէն իւրաքանչիւր հայ իր հոգիին մէջ ունի Արարատը, Արարատին գաղափարը , եզրափակած է ան։

Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 28 Սեպտեմբեր 2009։








All the contents on this site are copyrighted ©.