2009-09-24 13:04:40

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ԷԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԵՀԱՍՏԱՆԻ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՀԱՄԱՐԿՈՒՄԻ ՀԱՐՑԵՐՈՎ ՊԵՏԱԿԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ։ Հայաստանի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց Լեհաստանի նախարարաց խորհուրդի նախագահի տեղակալ եւ Եւրոպական Համարկումի հարցերով նախարար Միքոլայ Տովկիլեվիչը։ Ողջունելով հիւրը՝ Էդուարդ Նալբանդեան կարեւոր նկատած է երկու երկիրներու բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացումը, բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան աշխուժացումը, տնտեսական կապերու ընդլայնումը, ինչպէս նաեւ մշակութային մարզին մէջ համագործակցութեան խթանումը։ ։Հիւրին խնդրանքով նախարար Նալբանդեան նաեւ ներկայացուց հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը, ինչպէս նաեւ արցախեան տագնապի լուծման ուղղուած բանակցութիւններու վերջին զարգացումները։
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՄԵԾ ԵՌԱՆԴՈՎ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՀԱՑԱԴՈՒԼՆ ՈՒ ՆՍՏԱՑՈՅՑԸ՝ ՄԵԾ ԹԻՒՈՎ ԱՆՁԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄ ։ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ Դաշնակցութիւնը ամէն օր տիրական ներկայութիւն է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ կառավարութեան շէնքերուն դիմաց, ինչպէս նաեւ՝ հրապարակին միւս կողմէ, ուր հացադուլով, նստացոյցով եւ Հայ Դատի ու Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած նկարներու ցուցադրութեամբ կուսակցութիւնը, իր շարքայիններուն ու համակիրներուն, ինչպէս նաեւ պարզ ժողովուրդին մասնակցութեամբ իր բողոքը կ՝արտայայտէ Հայաստան - Թուրքիա արձանագրութիւններուն դէմ։

Հայաստանի Նախագահը Յունաստանի մօտ ՀՀ Դեսպան նշանակեց Գագիկ Ղալաչեանը։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Սեպտեմբեր 17ին հրամանագիր մը ստորագրեց Վահրամ Կաժոյեանը՝ Յունաստանի Հանրապետութեան եւ համատեղութեան կարգով՝ Ալպանիոյ, Խրուաթիոյ, Կիպրոսի, Սերպիոյ եւ Սլովենիոյ հանրապետութիւններուն մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պարտականութիւններէն ազատելու մասին։ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի նոյն օրուայ այլ մէկ հրամանագրով՝ Գագիկ Ղալաչեանը նշանակուեցաւ Յունաստանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան։
ԹԱՅԻՓ ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ՊԱՆ ՔԻ ՄՈՒՆ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐԸ ։ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նախանցեալ օր Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ։ Բանակցութիւններուն ընթացքին կողմերը քննարկած են նաեւ հայ-թրքական յարաբերութեանց կարգաւորման հեռանկարները, (ինչպէս կը նշէ Անատոլու լրատու գործակալութիւնը)։ Դռնփակ հանդիպումին ներկայ գտնուած են նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու, պետական նախարար Ալի Պապաճան եւ Եւրոպական Միութեան հետ Թուրքիոյ գլխաւոր բանակցող Էկեմեն Պաղըշ։
՝՝ՎԷՄ՝՝ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍԻ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԹԻՒԻՆ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԸ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ։ 23 Սեպտեմբերին, կէսօրուան ժամը 1։00-ին (Երեւանի ժամով) Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիային մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը ՝՝Վէմ՝՝ համահայկական հանդէսի ապրիլ-յունիս 2009 թիւին, որ առաջին անգամ ըլլալով լոյս կը տեսնէ՝ Սիմոն Վրացեանի կողմէ 1933-1939 թուականներուն հրատարակուած եւ 70 տարիներ շարունակ լոյս չտեսած թիւերէն ետք։ ՝՝Վէմը՝՝ գիտական հանդէս է՝ առարկայական ու ճշգրիտ գիտութեան վրայ հիմնուած, ինչպէս նաեւ անիկա ունի համահայկական բնոյթ ու տարողութիւն,անոր հրատարակութիւնը մեծ երազի մը իրականացումն է ու կը հետապնդէ յստակ նպատակ՝ ճշմարիտն ու իսկականը հասցնելու ընթերցողին, անաչառ գիտական իմաստութիւնը վերականգնելու, առանց խտրականութեան բոլոր գիտական միտքերը համախմբելու իր շուրջ եւ նոր հորիզոններ բանալու ինքնուրոյն մտքի ու գաղափարի ձեւաւորման դիմաց։







All the contents on this site are copyrighted ©.