2009-09-24 13:44:42

 Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ


''Ս. Հաղորդութիւնը Քրիստոսի հետ եւ մեր միջեւ հաղորդութիւն'' այս է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի ընտրած բնաբանը Ս. Հաղորդութեան միջազգային 50-րդ ժողովին որ տեղի պիտի ունենայ Տուպլին 10-17 Յունիս 2012ին ։
Սրբազան Քՙահանայապետին այս ընտրութիւնը ներշնչուած է Վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովի ''Ազգերու լոյս'' սահմանադրութենէն, ուր գրուած է. Ս. Հաղորդութեան Հացի բեկանումով '' հաստատապէս կը մասնակցինք Տիրոջ մարմնին, եւ հաղորդութեան մէջ կը մտնենք Քրիստոսի հետ ու մեր միջեւ։ Տուպլինի Ս. հաղորդութեան միջազգային ժողովին մասնակցիլը, պիտի օգնէ մեզի ըմբռնելու թէ հաղորդութիւնը ճշմարիտ ու անհատական մասնակցութիւն մըն է Քրիստոսի հետ։ Իրլանտայի մայրաքաղաքի առաջնորդը արքեպիսկոպոս Տիարմուտ Մարթան մամուլին հետ ունեցած ելոյթով, ըսաւ թէ Ս. Հաղորդութեան միջազգային ժողովին խորհրդածութեան նիւթ պիտի դառնան.
- Քրիստոսի հետ հաղորդութիւնը` հիմը քրիստոնէական գիտութեան։
- Ս. հաղորդութիւնը որպէս քահանայի ապրելակերպ։
- Հացի բեկանումը որպէս սկզբունք ու հիմք քրտիստոնէական զօրակցութեան
- Ս. Հաղորդութիւնը կեանքի սերմ տառապեալ ու դիւրաբէկ աշխարհ համար։
- Համամիութիւնը եւ մասնակցութիւնը միակ հացի։


Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի նախապատրաստական աշխատանքները։

Վատիկանի եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի քարտուղարութիւնը երկու օրուայ խորհրդաժողով կարտարեց որպէս պատրաստութիւն 2010-ի հոկտեմբերին տեղի ունենալիք Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին։
Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը պիտի գումարուի Վատիկան 10-24 հոկտեմբեր 2010, ունենալով որպէս նիւթ. ''Միջին Արեւելքի Կաթողիկէ Եկեղեցին, հաղորդութիւն եւ վկայութիւն. բազմութիւնները անոնց որոնք քրիստոնեայ դարձած էին, ունէին մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի''։
Սրբազան Քահանայապետը անձամբ յայտարարեց եպիսկոպոսական սիիւնհոդոսին գումարումը ,անցեալ շաբաթ օրը. Արեւելքի պատրիարքներու հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին։
Նախապատրաստական ժողովը կը նպատակադրէ ի յայտ դնել Սրբազան Քահանայապետին ցուցմունքները, հայող՝ երկխօսութեան ու խաղաղ համակեցութեան, աշխարհամասի մը մէջ, ուր լարուած վիճակը մշտատեւ է։
Այս ուղղութեամբ Երուսաղէմի լատիններու պատրիարքը մամուլին հետ ունեցած ելոյթով հաստատեց թէ. ''Միջին Արեւելքի Եկեղեցին տառապող, գողգոթայի եկեղեցի մըն է, Եկեղեցի մը որ իր ուսին վրայ կը կրէ խաչը, եւ կը թուի որ խաչի այս ճանապարհը վերջ չունի։
Հոս կը գտնուինք վիրաւորուած ու տառապած, սակայն յոյսով լեցուն ենք, ըսաւ Երուսաղէմի լատիններու պատրիարքը ։
Հռոմ կը գտնուիմ խնդրելու քրիստոնեաներուն զօրակցութիւնն ու աղօթքը։
Բարի Եկած էք Ս. Երկիր։ Մեր աղօթքն ու յոյսը, որ Ս. Երկիրը չմնայ միշտ տառապանքի ու ընդհարումի վայր մը այլ հասնի օրը, որ ուրախութիւնը ունենանք խաղաղութեամբ ապրելու ու բնականոն կեանք մը ունենալու։ Յիսուս մեզի ըսաւ ՜՜ով որ իմ ետեւէս կ'ուզէ գալ թող իր խաչը առնէ'։ Մենք խաչը կը տանինք, այն յոյսով որ օր մը ուրախութիւնը պիտի ունենանք ապրելու, քալելու եւ բնականոն կեանք վարելու''։







All the contents on this site are copyrighted ©.