2009-09-23 14:21:24

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը

Չորեքշաբթի 23 սեպտեմբեր 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն, Պօղոս Զ անուան սրահը։

Սրբազան Հայրը շարունակելով իր խորհրդածութիւնը Միջին դարու հայրապետներու մասին, այսօր ներկայացուց սուրբ Անսելմը։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Այս տարի կը ոգեկոչենք Ս. Անսելմին մահուան Թ.դարադարձը։ Ան ծնած էր Իտալիոյ Աօսդա քաղաքը 1033ին։

Ս. Անսելմ եղաւ հոգեւոր կեանքով լեցուն վանական մը, մեծ աստուածաբան մը ու պաշտպան Եկեղեցւոյ ազատութեան։ Նորմանտիայի Բեգ պենետիկտեան աբբայարանը մտած է ու եղած է վանքին աբբահայրը ու փակեալ ճեմարանի դասատու, այնտեղ է որ ի յայտ եկան հոգեբանի ու դաստիարակիչի իր ձիրքերը։

Ապա նշանակուեցաւ Գանդերպուրիի առաջնորդը։ Անոր պայծառ միտքը ունեցաւ որպէս նպատակ հայեցողական կեանքի բարձրացում աստուածային բաներու։

Ս. Անսելմ միշտ հաստատած է թէ ան որ կ'ուզէ կատարել աստուածաբանութիւն ու զայն կարենայ դասաւանդել, պէտք չէ միմիայն հիմնուի իր խելացիութեան վրայ, այլ եւ պէտք է հաւատքի խոր փորձառութիւն ունենայ։

Նորին Սրբութիւնը ապա իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց ըսելով. ՜՜ թող ճշմարտութեան սէրը ու Աստուծոյ հանդէպ մշտատեւ ծարաւը, որոնք յատկանշեցին Ս. Անսելմը, բոլոր քրիստոնեաներուն համար ըլլայ, խթան մը, յարատեւ միութեան մէջ մնալու Քրիստոսի հետ՝՝։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները. խնդրելով անոնցմէ . ՜՜սուրբ Անսելմի օրինակով, դուք եւս (ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ) սիրեցէք Քրիստոսի եկեղեցին, աղօթեցէք ու աշխատեցէք անոր համար, առանց անկէ հեռանալու ու դաւաճանելու։

Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը, Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն յիշեցնելով թէ այսօր եկեղեցին կը յիշատակէ սուրբ Բիօ տա Բիեդրալչինայի տօնը, հետեւեցէք անոր ապրած հաւատքն ու սէրը, ըսաւ Սրբազան Հայրը։։

Ունկնդրութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը ինքնաթիռով վերադարձաւ Քասթէլ Կանտոլֆօ քահանայապետական ամառանոցը։

Յետմիջօրէին Նորին Սրբութիւնը Գասդել Կոնտոլֆօ ամառանային պալատին մէջ ընդունեց չորս եպիսկոպոսներ Պրազիլի հիւսիսային թեմերէն որոնք եկած են կատարելու կանոնական հնգամեայ այցելութիւնը Ս. Պետրոսի յաջորդին։

Քահանայապետական անուանում

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նշանակեց առաքելական դեսպան ֆրանսայի մօտ գերապայծառ Լուիճի Վենթուրան ։ Ան նախապէս առաքելական դեսպանի պաշտօն կատարած է Գանատայի մօտ։








All the contents on this site are copyrighted ©.