2009-09-23 14:21:38

Էջ մը հայ գրականութենէն


Երուանդ Օտեան (18691926) Հայկական երիծանքի բազմատաղանդ վարպետը

19 Սեպտեմբերին ծննդեան 140ամեակը հայ մեծ րող Երուանդ Օտեանի, որ հայ երիծարութեան անվիճելի հսկային՝ Յակոբ Պարոնեանի արժանաւոր յաջորդը ։ Օտեան չունեցաւ Պարոնեանի շեշտակի անհատականութիւն ու սկզբունք,իր հաւատացած աղափարներուն համար մինչեւ վերջին շունչ պայքարելու, հալածուելու եւ անօթի մնալու նով անոնց կառչած մնալու հետեւողականութիւնը։ Բայց Օտեան ունեցաւ կեանքն ու մարդիկը աւելի լայն ընդրկումով ճանչնալու, երիծանքը եղարուեստական բարձրորակ մշակումի արժանացնելու եւ ազայինհասարակական ամէն կարի թերութիւններն ու յոռի բարքերը անխնայ ձաղկելու բնատուր տաղանդը։ Երուանդ Օտեանի կերտած Ընկեր Փանջունիի կերպարը առանձինն բաւարար է, որպէսզի հայկական երիծարութեան այս ինքնատիպ վարպետը իր արժանի տեղը րաւէ հայ ժողովուրդի վաւերական մեծերու եւ անմահներու համաստեղութեան մէջ։

Հայ նահապետական Օտեան տոհմի շառաւիղ էր Երուանդ։ Եղբօրորդին էր արեւմտահայ Զարթօնքի սերունդի ականաւոր դրօշակիրներէն Գրիոր Օտեանի։ Ծնած էր Պոլսոյ արուարձաններէն ԵնիՔէոյի մէջ, Վոսփորի ափին։ Հայրը Օսմանեան Կայսրութեան պետական պաշտօնատար էր եւ հիւպատոսական պաշտօնով յաճախ կը տեղափոխուէր երկրէ երկիր՝ իր հետ տանելով նաեւ ընտանիքը։

Այդ պատճառով ալ, մանուկ տարիքէն, Երուանդ Օտեան ապրած է Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Յունաստանի, Ռումանիոյ եւ Եիպտոսի մէջ։Մինչեւ 1896 թուականի օսմանեան մայրաքաղաքի հակահայ խժդժութիւնները, Երուանդ Օտեան մնաց Պոլիս եւ աշխատակցեցաւ տարբեր թերթերու՝ Բիւզանդիոնի, Հայրենիքի եւ այլոց։ Այդ շրջանի իր կարեւորաոյն ործը հանդիսացաւ Վաշխառուն վիպակը, որ կը ձաղկէ դրամապաշտ վաշխառուի մը շահատակութիւնները՝ իրմէ տարիքով շատ փոքր աղջկայ մը հետ առանց սիրոյ ամուսնութեան հետեւող ողբերութեանց լոյսին տակ։ 1896ի աշնան Երուանդ Օտեան հեռացաւ Պոլիսէն եւ ամբողջ 12 տարի շրջեցաւ երկրէ երկիր՝ Փարիզէն մինչեւ Եիպտոս եւ Հնդկաստան, ապրուստի մնայուն միջոց ունենալով մամուլին աշխատակցութիւնը թերթօններով եւ երիծական տոմսերով, բայց նաեւ տարբեր ասպարէզներու մէջ իր բախտը փորձելով (Հնդկաստանի մէջ ոհարեղէնի վաճառականութիւն ալ ըրաւ)... Թափառականի այդ կեանքը յաւելեալ պատճառ մը եղաւ, որպէսզի Երուանդ Օտեան չամուսնանայ եւ ընտանիք չկազմէ. մինչեւ վերջ ալ ամուրի մնաց։

1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, Օտեան վերադարձաւ Պոլիս եւ մինչեւ 1915ի հայ մտաւորականութեան աքսորը աշխոյժ ներկայութիւն եղաւ հայ մամուլի էջերուն։ Տարբերութիւն չդրաւ թերթերուն միջեւ եւ միաժամանակ աշխատակցեցաւ աղափարական տարբեր կողմնորոշումներու տէր թերթերու Բիւզանդիոնէն մինչեւ Ժամանակ եւ Ազատամարտ։

Այս շրջանին րուեցաւ Ընկեր Փանջունիի եռահատոր շարքը, որ ծաղրանկարի վերածեց հայ ընկերվարական յեղափոխականի այն կերպարը, որ հայ իրականութենէն կտրուած ու աղափարականբարոյական սրբութիւններէ զուրկ այլանդակ արարած մըն է։ Ընկեր Փանջունին քաղաքական երիծանքի լուխործոցը դարձաւ հայ րականութեան մէջ։

Երուանդ Օտեան իր կարին ձերբակալուեցաւ 24 Ապրիլ 1915ին եւ աքսորուեցաւ։ Բայց հրաշքով փրկուեցաւ հայ մտաւորականութեան եղերական ճակատարէն, որովհետեւ երմաներէնի իր շնորհիւ րակալ դարձաւ երմանական բանակին եւ անոր պաշտպանութեան արժանացաւ։ Զինադադարէն ետք Օտեան վերադարձաւ Պոլիս եւ նոր թափով լծուեցաւ ժամանակի հայ մամուլին իր աշխատակցութեանց։ Բայց երբ քեմալական իշխանութիւնը եւս սկսաւ զալի դարձնել իր հակահայ ճնշումներն ու հալածանքները, Օտեան 1922ին վերջնականապէս հեռացաւ Պոլիսէն, շրջան մը ապրեցաւ Պէյրութ՝ Լիբանան, ապա անցաւ Գահիրէ՝ Եիպտոս, ուր խմբարեց Արեւը, մինչեւ 1926ի իր մահը։

Երուանդ Օտեան շատ բեղուն րիչ մը եղաւ։ Աւելի քան 35 վէպեր, վիպակներ ու պատմուածքներ րեց, որոնց մեծ մասը այսօր մոռցուած է, բայց 10-ի հասնող վէպեր, վիպակներ ու թատերախաղեր մինչեւ այսօր կարժանանան հայ ընթերցողի նահատանքին՝ անմահացնելով անունն ու տաղանդը անոնց հեղինակին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.