2009-09-23 14:21:59

Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ.ի հանդիսապետութեամբ՝ Հռոմահայութիւնը տօնեց Հ Հ վերանկախցման 18-րդ տարեդարձը


Հ Հ վերանկախցման 18-րդ տարեդարձը Հռոմի մէջ



Երկուշաբթի 21 Սեպտեմբեր 2009, տօնական օր էր Հռոմահայերուն համար որոնք մեծ թիւով եկած էին Հռոմի Լեւոնեան վարժարան միասնաբար տօնելու Հ Հ վերանկախացման տարեդարձը

Ս. Նիկողայոս եկեղեցին լեցուն էր թէ հայորդիներով եւ թէ իտալացի բարեկամներով

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարքին հանդիսապետութիւնը վայելող այս տօնակատարութեան ներկայ էին, ի շարս որոնց Իտալիոյ մօտ Հ Հ ներկայացուցիչներ Տիար Տիգրան Սամուէլեան եւ Տիկ Կարինէ Դանիէլեան. Անարատ Յղութեան հայ քոյրերը ու Հայաստանէն հիւրեր Տիկ. Լալա Ղազարեան ՜՜Հ Հ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան ընտանիքի, կանանց եւ երախաներու վարչութեան՝՝ պետը, Տիկ. Ռուզաննա Աւագեան ՜՜Գիւմրիի հաշմանդամ երախաներու մանկատան՝՝ տնօրէնուհին եւ երկու գործակիցներ Տիկ. Հայկանուշ Կարապետեան եւ Տիկ Նարինէ Պետրոսեան, յիշենք որ հայրենի հիւրերը Հռոմ կը գտնուի քանի որ եկած են մասնակցելու Իտալիոյ Սէնիկալիա քաղաքը տեղի ունեցող ՜՜հաշմանդամ երախաներու միջազգային գիտաժողովին՝՝ներկայ էին նաեւ մամլոյ ներկայացուցիչներ։

Հայաստանի քայլերգէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հռոմի հայ համայնքի խորհուրդէն Տիկ. Սօնա Նիւրփէթլեան (հայերէն) եւ Տիար Էմմանուէլէ Ալիպրանտի (իտալերէն) նշելով՝ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք եւ այս 18 տարիներու ընթացքին ձեռքբուած յառաջդիմութիւններն ու զարգացումները, նաեւ շեշտելով Հայաստանի մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին գտնուող Հայ ժողովուրդին կամքը յարատեւ գործելու հայրենիքի առաւել բարգաւաճման ի խնդիր։

Այնուհետեւ Հռոմի Լեւոնեան հայ դպրեվանքի ժառանգաւորներու ու Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու երգչախումբը հրամցուց հայկական երգերու փունջ մը որ արժանացաւ ներկաներու գնահատանքին։ Օրուան տօնին նշանակութեան մասին շահեկան տեղեկութիւններ փոխանձեց ներկաներուն Լեւոնեան վարժարանի մեծաւոր՝ գերյ. Հ.Յովսէփ Ծ.Վ. Քելեկեան, ընդգծելով թէ՜ պետութեան եւ թէ՜ եկեղեցական իշխանութիւններուն տարած ջանքերը նոր սերունդի գիտական, բարոյական ու հոգեւոր զարգացման ի նպաստ։

Հուսկ իր հայրական պատգամն ու օրհնութիւնը տուաւ Ամեն. Ներսէս Պետրոս ԺԹ պատրիարքը. ան իր ուրախութիւնը արտայայտեց որ կը մասնակցի, Հռոմի մէջ, Հայաստանի Վերանկախացման տարեդարձի տօնակատարութեան, ներկայութեամբ՝ հայրենիքի ներկայացուցիչներուն եւ գնահատեց Հռոմի հայ համայքը իր հայրենասիրական ոգիին համար ՜՜Համայքը որ թէեւ փոքրաթիւ է սակայն մեծ գործեր կ՝ընէ հայապահպանման ի խնդիր ու կը գործէ հայրենիքին համար՝՝։ Ամեն. Հոգեւոր Տէրը նաեւ ողջունեց Հայրենի իշխանութիւններուն նախաձեռնութիւնը որ ՜՜ստեղծեց Սփիւռքի նախարարութիւնը՝՝ ասիկա , ըսաւ Ամենատիւ Հոգեւոր Տէրը, շատ կարեւոր է հայերուս համար քանի որ մենք հայերս տարածուած ենք աշխարհի բոլոր կողմերը եւ միշտ կառչած ենք Մայր Հայրենիքին։

Պաշտօնական հանդիսութիւնը վերջ գտաւ բոլոր ներկաներուն յոտնկայս Հայաստանի քայլերգի երգեցողութեամբ, մինչ գաղութէն հայ երախայ մը Եռագոյնը ծածանելով կը յառաջանար։ Հուսկ ներկաները ուղղուեցան Լեւոնեան վարժարանի դահլիճը ուր եւ պատրաստուած է ճոխ հիւրասիրութիւն մը որ նաեւ իրարու հետ հանդիպումի ու զրոյցի առիթ էր։

 







All the contents on this site are copyrighted ©.