2009-09-20 13:31:14

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը



Կիրակի, Սեպտեմբեր 20, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց, Գասթել Կոնտոլֆօ ամառնային քահանայապետական ամառանոցի պալատէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Ուրախութեամբ կ'ողջունեմ բոլոր անոնք որոնք կը մասնակցին կիրակնօրեայ հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքին։ այսօրուան ծիսակատարութիւնը կը հրաւիրէ մեզ լիովին ապրելու մեր զատկական հաւատքը շեշտը դնելով հաւատքի էականին վրայ եւ հռչակելով կեանքի անջատումէն անհրաժեշտութիւնը , որովհետեւ Աւետարանը կ'ըսէ կարեւորը ոչ թէ առաջին ըլլալ այլ ծառայ ըլլալ երջանիկ ապրելու համար։ Հարկ է Յիսուսի օրինակին հետեւիլ, ընթանալ սիրոյ ճամբու վրայ, ուռանալ իր անձը եւ խոնահութեամբ ծառայել եղբայրներուն ու քոյրերուն։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ներկաները հրաւիրեց աղօթել երիտասարդներուն համար, որպէսզի ճանչան գեղեցկութիւնը իրենց կեանքը տալու Քրիստոսի համար։

Մարեմեան աղօթքին աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողոջունեց տարբեր երկիրներէն եկած ուխտաւորները մաղթելով որ Աստուած լիացնէ ամէնքը իր շնորհքով ու օրհնութեամբ։

եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը տալէ յիշեցուց թէ յառաջիկայ շաբաթ օրը սեպտեմբեր 26ին առաքելական ճամբորդութիւն պիտի կատարէ Չեխ հանրապետութեան, ուր պիտի մեծարէ յիշատակը աւետարանի հերոս նահատակներուն, եւ քաջալերէ հաւատացեալները ընթանալու սիրոյ ու ճշմարտութեան մէջ։

Ապա Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց ըսելով. բարի կիրակի կը մայթեմ բոլորիդ։

Հուսկ, ներկաներուն տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.