2009-09-20 09:26:04

Կիրակի սեպտեմբեր 20, Բ կիրակի զկնի ս. խաչի, բարեկենդան Վարագայ ս. խաչի
ընթերցում Մարկոսի Աւետարանէն, 10րդ գլուխ 1-12 համարները


Կիրակի սեպտեմբեր 20, Բ կիրակի զկնի ս. խաչի, բարեկենդան Վարագայ ս. խաչի
ընթերցում Մարկոսի Աւետարանէն, 10րդ գլուխ 1-12 համարները

1Անկէ մեկնելով, եկաւ Հրէաստան, Յորդանանի միւս կողմը, ուր ժողովուրդը դարձեալ հաւաքուեցաւ շուրջը եւ իր սովորութեան համաձայն կը սովեցնէր անոնց: 2Փարիսեցիները մօտեցան եւ զինք փորձելու համար հարցուցին իրեն. ‘Արտօնուա՞ծ է այր մարդուն իր կինը արձակել’: 3Յիսուս հարցուց անոնց. ‘Մովսէս ի՞նչ պատուիրած է ձեզի’: 4Անոնք պատասխանեցին. ‘Մովսէս պատուիրած է արձակման թուղթ մը գրել եւ կինը արձակել’: 5Յիսուս աւելցուց. ‘Ձեր ստրի խստութեան համար, այդպէս պատուիրեց ձեզի: 6Բայց արարչութեան սկիզբը, 7 Աստուած արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք եւ ասոր համար մարդը պիտի թողու իր հայրն ու մայրը 8եւ իր կնոջ պիտի կապուի եւ երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան: 9Այսպէս անոնք երկու մարմին չեն, այլ՝ մէկ: Թող ուրեմն մարդը չբաժնէ ինչ որ Աստուած միացուց’: 10 Երբ տուն եկան, աշակերտները դարձեալ հարցուցին իրեն այս հարցին մասին: 11Յիսուս պատասխանեց անոնց. ‘Եթէ մարդը իր կինը արձակէ եւ ուրիշի հետ ամուսնանայ, կը շնայ: 12Եւ եթէ կինը իր ամուսինը արձակէ եւ ուրիշի հետ ամուսնանայ՝ կը շնայ:







All the contents on this site are copyrighted ©.