2009-09-20 09:25:46

Լուրեր քրիստոնեայ աշխարհէն - Հռոմի Սուրբ Պօղոսի Անունը կրող Եկեղեցւոյ Բենետիկեան Աբբահայրը Հայր Էտմունտ Բովէր նորերս անուանուեցաւ լոնտոնի Սուրբ Պօղոս Աանկլիգան Եկեղեցւոյ՝պատուոյ Կանոնիկոս


Լուրեր քրիստոնեայ աշխարհէն - Հռոմի Սուրբ Պօղոսի Անունը կրող Եկեղեցւոյ Բենետիկեան Աբբահայրը Հայր Էտմունտ Բովէր նորերս անուանուեցաւ լոնտոնի Սուրբ Պօղոս Աանկլիգան Եկեղեցւոյ՝պատուոյ Կանոնիկոս (լատին աւագերէց)։ Այս անուանումի դրդապատճառները բացատրելով հայր Բովէր սա պէս համադրած էսոյն անուանումը 1)Առաջին, անձնապէս մաս նակից եմ երկար ժամանակէ ի վեր համամիութենական աշխատանքին.

2) Ըլլալով Հռոմի Սուրբ Պողոսի անուան Եկեղեցւոյ Աբբահայրը, եւ աբբահայր բէբէտիկտեան հասարակութեան որը Ը.դարէն սկսեալ հոգ կը տանի ծիսակատարութեան ու նաեւ վայրին՝ուր թաղուած է Սուրբ Պօղոսը.

3)Հուսկ այս մեծ պատիւի այլ մէկ ազդակը կը խորհիմ անգլիացի ըլլալս էեւ անշուշտ անգլիախօս, որ զիս առաւել կը մօտեցնէ Անկլիգան աշխարհին,որ լաւ կ՝ըմբռնեմ,ասկէ զատ հռոմէական եկեղեցւո պատկանող կրօնաւոր մըն եմ ուստի լաւ գիտեմ թէ ասիկա ինչ կը նշանակէ։



Հալէպի Դասատունը - Բերիոյ Թեմի ազգային-մշակութային կեանքէն ներս յոյժ նշանակալից կարեւորութիւն կը ներկայացնէ ԺԴ-ԺԷ դարերուն Հալէպի Ս Քառասնից Մանկանց եւ Ս Աստուածածին Եկեղեցիներու շրջափակէն ներս գործած նշանաւոր Դասատունը, որպէս գիտութեան եւ արուեստի իսկական կեդրոն։ Դասատունը, ունեցած է գրչութեան, ծաղկումի, մանրանկարչութեան եւ կազմարարութեան բաժիններ, հովանաւորուած է Սիսի շարք մը Կաթողիկոսներուն կողմէ եւ մատակարարուած է Հալէպի իշխանական ու վաճառական դասակարգին նուիրատուութիւններով։ Այդտեղ գրչագրուած եւ ծաղկուած են աւելի քան 200 բարձրարժէք ձեռագիր մատեաններ։ Իսկ Ս Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ եւ Զարեհեան Գանձատան սրբանկարներու ճոխ հաւաքածոն՝ շեշտակիօրէն կը բացայայտէ թէ ԺԶ-ԺԸ դարերուն Հալէպի մէջ եղած է հայ արուետի իւրայատուկ դպրոց մը, եւ ոչ մէկ տեղ պահպանուած են այս քանակի ու որակի ընտիր սրբանկարներ։

ԺԹ դարուն, Հալէպի մէջ սկսած են կազմուիլ միութիւններ կամ ընկերութիւններ որոնք սատարած են գաղութին ազգային- մշակութային, եւ երբեմն ալ կրթական կեանքի կազմակերպման։ Յիշատակելի են, օրինակ, Ռուբինեան Միութիւնը (1846), Ուսումնասիրաց Ընկերութիւնը (1880), Մարիամեան Ընկերութիւնը (1882) եւ Դպրոցասէր Տիկնանց Միութիւնը (1898)։ 1904-1909 տարիներուն, Ազգ Առաջնորդարանի նախաձեռնութեամբ, Ս Աստուածածին Եկեղեցւոյ կառոյցէն ներս գործած է Ազգ Գրադարան։ 1907ին, Ազգ Առաջնորդարանի կողմէ կազմուած է Հայուհեաց Մատենադարանի Տնօրէնութիւնը եւ 1909ին՝ Հայկական Յառաջ Ընթերցատունը։

Մեծ Եղեռնի վաղորդայնին, հայկական վարժարաններէն ներս իրականացած հանդէսները, թատերական ելոյթները եւ բարեսիրական նպատակներով կազմակերպուած ձեռնարկները նախաօրինակները կազմած են հետագայի ազգային- մշակութային կեանքին։

1956ին, Ղեւոնդ Արք Չէպէյեանի նախաձեռնութեամբ, կազմուած է Հայ Արուեստի Յանձնախումբը, որ ունեցած է Տիկնանց Օժանդակ Յանձնախումբ եւս մինչ 1958ին, դարձեալ Ղեւոնդ Արքեպիսկոպոսի կողմէ կազմուած են Տիգրանեան պատանեկան եւ երիտասարդական նուագախումբերը։ 1973ին, Ազգ Առաջնորդարանի կողմէ հիմնուած է Մեսրոպ Մաշտոց մանկապատանեկան երգչախումբը, որ մինչեւ այսօր կը գործէ Թեմի Ուսումնական Խորհուրդին հովանաւորութեամբ։

Միջազգային Խորհրդաժողով՝ Կնոջ դէմ Բռնութելան Մասին։ Հռոմի մէջ սկզիբ առաւ Միջազգային Խորհրդաժողովը Կիներու դէմ Բռնութեան մասին,Իտալիոյ Կառավարութեան նախաձեռնութեամբը Առաւել Ճարտարարուեստականացած 8 Երկիրներու ներկայ նախագահութիւնը ստանձնած ըլլալով,գործակցութեամբ նաեւ Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան։ ՝՝Մենք զմեզ նոյնպէ պէտք է պատասխատու զգանք անկատարելութեանը՝ դժուարութեամբ իրականացուած յառաջդիմութիւններուն հաստատելու համար կնոջ՝ազատութիւնը,արժանապատուութիւնը եւ հաւասար իրաւունքները՝՝ այպէս արտայայտուեցաւ իտալիոյ հանրապետութեան նախագահը բացումը կատարելով միջազգային խորհրդաժողովին,ուր ներկայ էին Իտալիոյ Արտաքին Գործոց նախարարը ֆրանքօ ֆրաթթինի,Հաւասար Իրաւունքներու նախարար Մարա Քարֆանեայ ,ՄԱԿ-ի ենթաքարտուղարը Ասհա Ռոզ Միճիրօ,Նոպելեան մրցանակակիր իտալացի բժշկուհի եւ ծերակուտական Ռիթա Լէվի Մոնթալչինի,ինչպէս նաեւ բազմաթիւ երկինրեու ու ոչ-կառավարական միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ,որոնք ընդգծեցին որ ՝՝աշխարհի մէջ յայտնուած բռնութիւնները սառնակոյտի մը միայն ծայրն է՝՝։ Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան համաձայն (յիշեցուց նախարար Մարա Քարֆանեայ)աշխարհի մէջ հինգ կիներու վրայ՝ մէկը իր կեանքի ընթացքին զոհ է ֆիզիքական ու սեռային զեղծումներու,եւ թէ 15էն -44 տարեկանի միջեւ կիներու համար տնական բռնութիւնը կամ բռնաբարումը առաւել վտանգ է քան թէ քաղցկեղը,արկածները կամ թէ ճահճատենդը։Շնորհիւ Իրանէն,Աֆղանիստանէն,Մարոքէն,Չինաստանէն,Սաո ւտական Արաբիայէն եւ Նիճէրիայէն եկած կիներու վկայութեանց պիտի ստորագրուի եզրափակիչ վաւերաթուղթ մը որը ապա պիտի ներկայացուի այս ամսուայ վերջաւորութեան Նիւ- Եորք կայանալիք (ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի յարակից) առաւել ճարտարարուսետականացած 8 երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիոպումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.