2009-09-20 09:24:55

Լուրեր հայ աշխարհէն - 33 Հազար Հայերու Յիշատակը Յաւերժացնող Խաչքար Մինսկի Մէջ


Լուրեր հայ աշխարհէն - 33 Հազար Հայերու Յիշատակը Յաւերժացնող Խաչքար Մինսկի Մէջ
Ետեւան - Մինսկի քաղաքապետ Նիքոլա Լատութքոյի Սեպտեմբեր 10ին ընդունած է Պելոռուսի մօտ Հայաստանի դեսպան Օլեգ Եսայեանը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Մինսկի եւ Երեւանի միջեւ բարեկամութեան եւ համագործակցութեան խորացման եւ յառաջիկային Մինսկ քաղաքին մէջ, Պելոռուսի մէջ յանուն Մեծ Յաղթանակին նահատակուած հայ ժողովուրդի աւելի քան 33 հազար որդիներու յիշատակը յաւերժացնող խաչքարի մը տեղադրման հարցերը:
Դեսպանը նշած է, թէ 2002ի Յունիս 6ին, Երեւան եւ Մինսկ քաղաքներուն միջեւ առեւտրական-տնտեսական, արհեստագիտական եւ մշակութային համագործակցութեան վերաբերող համաձայնագիրի կնքումով անհրաժեշտ է ընդլայնել գործընթացը:
Նշելով, որ Մինսկը կը հանդիսանայ Եւրոպայի ամենախնամուած քաղաքներէն մէկը իր իւրօրինակ ճարտարապետութեամբ՝ դեսպան Եսայեանը շնորհաւորած է Նիքոլա Լատութքօն՝ 2009ին զուգադիպող Մինսկ քաղաքի 942ամեակին առթիւ, եւ յոյս յայտնած է, որ մինչեւ տարեվերջ Պելոռուսի պաշտպանութեան եւ ազատագրման պայքարին մէջ զոհուած հայորդիներու յիշատակը յաւերժացնող խաչքարը կը գտնէ իր տեղը Մինսկի մէջ:

«Հայաստան» Հիմնադրամի Թելեթոնը Նոյեմբեր 26ին՝ Շուշիի Համար
Ստեփանակերտ - «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը շարունակէ կառուցել, վերանորոգել եւ բարելաւել Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի կարեւորագոյն հաստատութիւնները: Հիմնադրամի նախագահ Արա Վարդանեանի խօսքով, այժմ Ստեփանակերտի մէջ կը կառուցուին քանի մը միջնակարգ դպրոցներ, Մարտունիի եւ Շուշիի մէջ կը վերանորոգուին բնակելի տուներու տանիքներ, կը լուծուի նաեւ Շուշի քաղաքի խմելու եւ ոռոգման ջրամատակարարման հարցը:
Հիմնադրամին միջոցներով Հայաստանի Տաւուշ մարզին մէջ պիտի կառուցուի գիւղապետարան, եւ նոյն մարզի գիւղերէն մէկուն մէջ պիտի կառուցուի կաթի մթերման կէտ, որպէսզի գիւղացին չհեռանայ իր տարածքէն, իսկ Գորիսի մէջ պիտի կառուցուի սրտաբանական հիւանդանոց:
Կը նախատեսուի նաեւ իրականացնել Երեւանի մէջ «Մարիամ Աստուածածին» հիւանդանոցի վերանորոգումը:
Նաեւ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ամենամեայ պատկերասփիւռային մարաթոնը այս տարի պիտի իրականանայ Նոյեմբեր 26ին, Լոս Անճելըսի մէջ։ Ըստ Արա Վարդանեանի, հանգանակուած գումարները եօթանասուն տոկոսով պիտի տրամադրուին Շուշիի զարգացման ծրագիրներու իրականացման: Հիմնադրամի գործադիր տնօրէնը յայտնած է նաեւ, թէ իրենք արդէն կը համագործակցին ԼՂՀ կառավարութեան հետ։
Նշենք, որ նախքան պատկերասփիւռային մարաթոնը, Եւրոպայի մէջ պիտի իրականանայ հեռախօսային մարաթոն, որուն նախաձեռնողն ու համակարգողը հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինն է:
Գործադիր տնօրէնը յոյս յայտնած է, որ տնտեսական ճգնաժամը պիտի չ՛ազդէ հեռուստամարաթոնի արդիւնքներուն վրայ: Ան համոզուած է, որ այս տարի հանգանակուած գումարները պիտի գերազանցեն նախորդ տարուան ցուցանիշները: Ա. Վարդանեանը յայտնած է նաեւ, որ այս տարի նոր ձեւի դրամահաւաքներ պիտի իրականացուին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ մէջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.