2009-09-19 14:05:54

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ


Սրբազան Քահանայապետը շաբաթ 19 Սեպտեմբեր 2009ին, հանդիպում կ՝ունենայ արեւելեան կաթողիկէ եօթը պատրիարքներու հետ։

Սոյն հանդիպումին գլխաւոր նիւթերն են. ՜՜Միջին Արեւելքին մէջ կրօնական մոլեռանդութեան աճումը, մասնաւորապէս Իրաքի ու Եգիպտոսի մէջ եւ քրիստոնեաներու մտահոգութիւնը, իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան կարեւորութիւնը, կաթողիկէ արեւելցի պատրիարքին իրաւասութիւնը տիեզերական Եկեղեցւոյ մէջ եւ Քուէյթի ու Արաբական Ծոցի երկիրներու եկեղեցական իրաւասութիւնը։ Ասոնք են չորս գլխաւոր նիւթերը որ Կաթողիկէ եօթը պատրիարքները շօշափեցին Սրբազան Քահանայապետին հետ։



Կանաչ Քահանայապետը, Ռատիովատիկանի տնօրէն, յիսուսեան հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի շաբաթական խորհրդածութիւնը։

Ոմանք սկսած են կոչել Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը` ''Կանաչ Քահանայպետ''։ Արդարեւ ներկայ Քահանայապետի ուսուցման մէջ յաճախ եթէ ոչ միշտ կը գտնենք արտայայտութիւններ բնութեան պահպանումի եւ արարչագործութեան պաշտպանութեան ի խնդիր։

Մարդկութիւնը միշտ աւելի գիտակից կը դառնայ ու մտահոգ երկրագունդի դիւրաբեկ կացութեան։ Միացեալ Ազգերու կազմակերպութիւնը գիտաժողով մը կը կազմակերպէ յառաջիկայ օրերուն մէջ,՜՜Նիւ Եորք քաղաքը կլիմայական յեղաշրջումին մասին՝՝նիւթով, լաւագոյնս պատրաստուելու Նոյեմբեր ամսոյն վերջերը, Գոբենհակի մէջ կատարուելիք համաշխարհային ժողովին։ Այս ուղղութեամբ Ներկայ Քահանայապետը ամուր մէջբերումներ կու տայ ներշնչուելով կրօնական, մտաւորական ու բարոյական տուեալներէն, եւ կու տայ ազդու ներգործութիւններ որդեգրելու հարաւիրելով բարի կամք ունեցող մարդիկը որդեգրելու՝ նոր վարուելակերպ մը, ատակ բնութեան նոր պայմաններուն։ Քահանայապետին վերջին շրջաբերական թուղթը լայնօրէն կը շօշափէ կարեւոր նիւթը. ՜՜երկրի բարիքներու շահագործումը, արդարութիւնը հանդէպ աղքատ ժողովուրդներու, ուժականութեան սպառումը, պատասխանատուութիւնը հանդէպ ապագայ սերունդին, կապը բնապահպանութեան ու կեանքի յարգանքին՝՝։

Ամէնէն առաջ, կը յիշեցնէ Սրբազան Քահանայապետը, պէտք է արարչագործութեան մէջ տեսնել բան մը որ աւելի կարեւոր է քան բնութեան բարիքներու շահագործումը, այն է Արարիչ Աստուծոյ սիրոյ ծրագիրը հանդէպ մարդու ու մարդկութեան։ Քաղաքագէտներու համաձայնագրերը ու փոխզիչումները իրենց նպատակին կրնան հասնիլ եթէ համաձանութիւն ու ներդաշնակութիւն հաստատուի ժողովուրդներու միջեւ։

''Կանաչ Քահանայապետը'' ու Եկեղեցին, կըսէ Ռատիովատիկանի տնօրէնը՝ յիսուսեան հայր Լոմպարտի եզրափակելով շաբաթական իր խորհրդածութիւնը, գիտակից են բնապահպանումի կարեւորութեան եւ այդ ուղղութեամբ իրենց սատարը կը բերեն։





Կարտինալ Քասբերի եւ Մետրապոլիտ Հիլարիոնի հանդիպումը Հռոմի մէջ եղաւ դրական ու կառուցողական։

Իր ունեցած ելոյթին ընթացքին, Ռատիովատիկանի կայանէն, կարտինալ Քասբեր նախագահը՝ եկեղեցիներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին, հաստատեց որ Հռոմի եւ Մոսկուայի միջեւ խոչընդոտները յաղթահարուած են։

Կարտինալ Քասբեր անցեալ 17 սեպտեմբերին տեսակցութիւն ունեցած էր մետրապոլիտ Հիլարիոնի հետ` նախագահը Մոսկուայի պատրիարքութեան արտաքին կապերուն։ Մոսկուայի պատրիարքութեան դիւանագէտը Ուրբաթ օրը հանդիպում ունեցաւ Սրբազան Քահանայապետին հետ։ Կարտինալ Քասբեր ներկայ կացութիւնը Հռոմի եւ Մոսկուայի եկեղեցիներու միջեւ որակեց բնականոն, խաղաղ, դրական եւ կառուցողական։ Եւ երկու եկեղեցիները մտադիր են յառաջ երթալու։ Կարտինալը նաեւ յայտնեց թէ մետրապոլիտ Հիլարիոն մասնաւորապէս եւ Ռուս Եկեղեցին ընդհանրապէս մեծապէս կը գնահատեն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը։ Յայտնենք թէ մետրապոլիտ Հիլարիոն, Հռոմ իր կեցութեան ընթացքին, տեսակցութիւն ունեցաւ Ս. Աթոռի պետական քարտուղար կարտինալ Պերթոնէի, Արեւելեան եկեղեցիներու կառավարիչ կարտինալ Սանտրիի եւ Մշակոյթի քահայանապետական խորհուրդի նախագահ՝ կարտինալ Ռավազիի հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.