2009-09-19 14:10:12

միջեկեղեցական հաւաք ի պատիւ Տոլան Արքեպիսկոպոսի եւ Մեթրոփոլիթ Ճոնա Փոֆհաուզընի


միջեկեղեցական հաւաք ի պատիւ Տոլան Արքեպիսկոպոսի եւ Մեթրոփոլիթ Ճոնա Փոֆհաուզընի
Ամերիկայի Հայոց Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Խաժակ Արք Պարսամեան, անցեալ շաբաթ, միջեկեղեցական հաւաք մը կազմակերպած էր ի պատիւ նոր նշանակուած Նիւ Եորքի Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ Տոլան Արքեպիսկոպոսի եւ Ամերիկայի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ նորընտիր Առաջնորդ Մեթրոփոլիթ Ճոնա Փոֆհաուզընի։
Տոլան Արքեպիսկոպոս, որպէս 10-րդ Առաջնորդը Նիւ Եորքի կաթողիկէ համայնքի, իր պաշտօնին ձեռնարկեց Ապրիլ 15-ին, իսկ Մեթրոփոլիթ Ճոնա՝ 2008 տարուան Դեկտեմբեր 28-ին։
Այս հաւաքին մասնակցող Հռոմէական Կաթողիկէ, Ուղղափառ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու ղեկավարները նախ այցելեցին Ս Վարդան Մայր Տաճար, ուր կարճ արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ Աստուածամօր՝ Սրբուհի Կոյս Մարիամի ծննդեան տօնին առիթով։ Ապա բարձրաստիճան եկեղեցական հիւրերը մասնակցեցան միջեկեղեցական հաւաքի մը, որ տեղի ունեցաւ Առաջնորդարանի համալիրին մէջ։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ ըսաւ Երբ մենք կը դիմենք Թէոթոքոսի, Աստուածածնի, Աուր Լէյտի ի, Պոկորոտիցայի, եւ կամ անոր բազմաթիւ անուններուն, մենք բոլոր ալ Ս Մարիամ Աստուածածնին կը դիմենք որպէս սիրալիր Մայր մը։ Դարեր շարունակ, հին, առաքելական քրիստոնեայ եկեղեցիներուն մէջ ա՛յս եղած է մեր խոր զացումներն ու վկայութիւնը։ Եւ իրապէս, Ս Մարիամ Աստուածածնի մատուցած մեր հասարակաց պաշտամունքը մեզ կը վերածէ միացեալ ընտանիքի մը։
Հաւաքի բացման խօսքը կատարեց Ամերիկայի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Տէմէթրիոս Արքեպիսկոպոսը, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Գերշ Տ Խաժակ Արք Պարսամեանին՝ որ կազմակերպած էր այս հաւաքը եւ շնորհաւորեց Տոլան Արքեպիսկոպոսն ու Մեթրոփոլիթ Ճոնան։ Ան շեշտը դրաւ նաեւ Ս Մարիամ Աստուածածնի հաւատքին ու դիմադրականութեան վրայ բոլոր տեսակի դժուարութիւններուն դիմաց ինչպէս օրինակ Քրիստոսի ծննդեան առիթով տիրող անհիւրընկալ պայմանները, աքսորի մէջ իր ընտանիքով անցուցած տարիները, եւ տառապանքը իր զաւակին կեանքի վերջին տարիներուն ընթացքին։ Շատ մեծ տառապանքի մը յորձանքէն անցաւ ան։ Սքանչելի օրինակ մը չարչարանքի եւ համբերութեան՝ ամէն տեսակի պարաաներու ընդմէջէն։ Այսօրուան աշխարհի մէջ շատ կարեւոր դաս մը, երբ քրիստոնէական առաքինութիւնները յաճախակի յարձակումի կենթարկուին։
Տոլան Արքեպիսկոպոս եւ Մեթրոփոլիթ Ճոնա արտայայտուեցան հին քրիստոնեայ եկեղեցիներու միջեւ տիրող ջերմ յարաբերութեանց մասին՝ Նիւ Եորքի եւ ընդհանրապես Ամերիկայի տարածքին։
Տոլան Արքեպիսկոպոս ըսաւ Ես անդրադարձայ որ մեծաոյն Նիւ Եորքի այս համայնքը, ուր պատիւը ունինք հովուական առաքելութիւն կատարելու, արտացոլացումն է ընդհանրական եկեղեցւոյ։ Կը տեսնեմ ամէն լեզու խօսող եւ տարբեր կրթութիւն ու աւանդութիւններ ունեցող անհատներ եղեցկօրէն ներկայացուած են այս սրահին մէջ։
Մեթրոփոլիթ Ճոնան ըսաւ Ինծի համար շատ կարեւոր է որ մենք միացած ըլլանք երբ կը հռչակենք Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանը։
Խօսք առաւ նաեւ Առաջնորդարանի երկար տարիներու բարեկամ Կարտինալ Ուիլեըմ Քիլըր, որ այցելած է նաեւ Հայաստան։
Առաջնորդ Գերշ Տ Խաժակ Արք Պարսամեան Տոլան Արքեպիսկոպոսին եւ Մեթրոպոլիթ Ճոնային յուշանուէրներ յանձնեց։ Իսկ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեին Բի կողմէ լանջախաչ մը՝ Տոլան Արքեպիսկոպոսին եւ պանակէ մը՝ Մեթրոպոլիթ Ճոնային։
Իսկ Հիւսիսային Ամերիկայի Ղպտի Ուղղափառ Արքեպիսկոպոսարանի Ընդանուր Եպիսկոպոս եւ Պատրիարքական էքսարք Տէյվիտ Եպիսկոպոս մեծարեալներուն յանձնեց սրբանկարներ։
Փակման աղօթքը արտասանեց Միացեալ Նահանաց Արեւելեան շրջանի Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ առաջնորդ Մեթրոփոլիթ Մար Սիրիլ Աֆրամ Քարիմ, որ Աստուծմէ խնդրեց որ օրհնէ եւ առաջնորդէ Տոլան Արքեպիսկոպոսն ու Մեթրոփոլիթ Ճոնան, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Տիրոջ՝ որ առիթը ընծայած էր հաւաքուելու եղբայրական սիրոյ մթնոլորտի մը մէջ։
Ներկայ էին նաեւ՝ Միացեալ Ազգերու մօտ Վատիկանի մնայուն դիտորդ Սէլէսթին Արքեպիկսոպոս Միլիորէ, Նիւուըրքի (Նիւ Ճըրզի) Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցիէն Ճան Արքեպիսկոպոս Մայըրզ, Ամերիկայի Եթովպական Ուղղափառ եկեղեցիէն Զաքարիոս Արքեպիսկոպոս, Միացեալ Նահանաց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Էքսարք Մանուէլ Եպիսկոպոս Պաթաքեան, ինչպէս նաեւ ներկայացուցիչներ Անտիոքեան , Ռուսական, Պուլակարական եւ Սերպեան Ուղղափառ եկեղեցիներէն։
Այս հաւաքին մասին արտայայտուելով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ըսաւ Սքանչելի եւ յուսաբեր նշան է որ այսպիսի եղբայրական հաւաքները յաճախակի կերպով տեղի կ'ունենան վերջին տարիներուն ընթացքին։ Ի վերջոյ, մենք բոլորս ալ սեռած ենք հին, առաքելական եկեղեցիներէ։ Մենք բոլորս ալ կը ներկայացնենք Հին Աշխարհի աւանդութիւնները պատուաստուած Նորին մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.