2009-09-19 12:05:34

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՊԻՏԻ ԼՍԷ ՍՓԻՒՌՔԻ ԿԱՐԾԻՔԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ - ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ։ Հայաստանի նախագահին մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր ընդունած է Մեծն Բրիտանիոյ եւ հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ թագաւորութեան լորտերու պալատի անդամ, հայ-բրիտանական խորհրդարանական խումբի նախագահ պարոնուհի Քարոլայն Քոքսը։ Հանրապետութեան նախագահին 16 սեպտեմբերի հրամանագիրով՝ հայ- բրիտանական յարաբերութիւններու ամրապնդման ու զարգացման գործին մէջ ներդրած ծանրակշիռ անձնական աւանդին, ինչպէս նաեւ բազմամեայ անխոնջ եւ անձնուէր մարդասիրական գործունէութեան համար Քարոլայն Քոքս պարգեւատրուած է Պատուոյ Շքանշանով։ ՝՝Այս պարգեւը հայ ժողովուրդին շնորհակալութիւնն ու գնահատանքն է ձեր գործունէութեան՝՝ (ըսած է նախագահ Սարգսեան )եւ աւելցուցած ՝՝Մենք միշտ ուրախ ենք Ձեզ հիւրընկալելու Հայաստանի մէջ եւ հպարտ, որ այսպիսի բարեկամ մը ունինք։ Հայաստանի Նախագահը բարձր գնահատած է հայ ժողովուրդի խնդիրներուն նկատմամբ պարոնուհի Քոքսի ուշադրութիւնը, օժանդակութիւնն ու ջերմութիւնը, եւ անոր աշխուժ գործունէութիւնը։ Քարոլայն Քոքս իր կարգին յայտնած է, որ որեւէ պարգեւը պատուաբեր է, բայց իրեն համար կրկնակի պատուաբեր է Հայաստանի մէջ այսպիսի բարձր պարգեւի արժանանալը։Նշելով, որ այս օրերուն Հայաստանի մէջ ամէնէն քննարկուող նիւթը հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացն է, եւ մօտակայ օրերուն Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան տարբեր ձեւաչափերով բազմաթիւ քննարկումներ, Սերժ Սարգսեան ըսած է, որ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին պիտի այցելէ շարք մը հայաշատ Գաղթօճախներ՝ լսելու սփիւռքահայերուն կարծիքը համազգային նշանակութիւն ունեցող այս խնդիրին վերաբերեալ։
1 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԼՍՈՒՄՆԵՐ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ - ԹՈՒՐՔԻԱ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԻՒԹՈՎ։ Հայաստանի հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբը 1 հոկտեմբերին կը կազմակերպէ նախաստորագրուած արձանագրութիւնները եւ Հայաստան - Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը նիւթով խորհրդարանական ունկնդրութիւններ։ Ունկնդրութիւններուն նպատակն է քաղաքական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու, քաղաքական հետազօտական կեդրոններու ներկայացուցիչներու եւ փորձագէտներու մասնակցութեամբ բազմակողմանի քննարկում իրականացնել հրապարակուած փաստաթուղթերուն հիման վրայ Հայատսանի եւ Թուրքիոյ միջեւ նախաձեռնուող գործընթացին վերաբերեալ։
Արցախի Նուիրուած Գիտաժողով ՝՝Թաֆթս» Համալսարանին Մէջ ՄԷՏՖԸՐՏ, Մէսէչուսէց։Շաբաթ,Սեպտեմբեր 26ին, «Թաֆթս» համալսարանի Օրէնքի եւ դիւանագիտութեան «Ֆլէչըր» դպրոցին նախաձեռնութեամբ, դպրոցի «Քէպըթ» շէնքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան նուիրուած միջազգային գիտաժողով մը:  Առաջին նիստին (կ.ա. ժամը 9:30-11:15) նիւթն է՝ «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման մարտահրաւէրներն ու կարելիութիւնները՝ շրջանային նոր իրադարձութեանց լոյսին տակ». զեկուացբերներն են՝ փրոֆ. Ասպետ Քուչիկեան («Պէնթլի» համալսարան), Ռուբէն Շուկարեան («Ֆլէչըր»), Լոս Անճելըսի մօտ Ատրպէյճանի հիւպատոս Էլին Սուլէյմանով եւ Թալէ Զիատով (Ատրպէյճանի դիւանագիտական ակադեմիա, ԱԴԱ): Երկրորդ նիստի (կ.ա. ժամը 11:30-կ.ե. ժամը 12:50) նիւթն է՝ «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը՝ Ռուսիա-Վրաստան պատերազմի լոյսին տակ». զեկուացբերներն են՝ Ֆարիզ Իսմայիլզատէ (ԱԴԱ), Գայեանէ Նովիքովա (Երեւանի Ռազմագիտական վերլուծումներու կեդրոն) ու Կիւլշան Փաշաեւա (Պաքուի Ռազմագիտական վերլուծումներու կեդրոն): Երրորդ նիստի (կ.ե. ժամը 2:00-3:40) նիւթն է՝ «Հակամարտութեանց լուծման մօտեցումներ». զեկուցաբերներն են՝ Էրքին Կատիրլի (Պաքուի պետական համալսարան), Թապիպ Հուսէյնով (Միջազգային տագնապներու խմբակ), Արսէն Խարաթեան («Ամերիկայի ձայն») ու Մարկարիթա Թադեւոսեան («Ճորճ Մէյսն» համալսարան):
Լոս Անճըլըս։ Հայ Երիտասարդները Կը Բողոքեն Զուիցերիոյ Հիւպատոսարանին Առջեւ։ Հայ երիտասարդական տարբեր կազմակերպութիւններ, մտահոգուած հայ-թրքական արձանագրութեանց հայավնաս հետեւանքներէն՝ համախմբուած են «Կասեցնել արձանագրութիւնները» խորագիրով արշաւի մը շուրջ եւ արդէն ձեռնարկած են այդ նպատակը իրականացնելու ուղղութեամբ աշխատանքներու:Այս ծիրէն ներս, Ուրբաթ, կէսօրէ առաջ, հայ երիտասարդներ հաւաքուած էին Լոս Անճելըսի մէջ զուիցերիական հիւպատոսարանին առջեւ՝ բողոքելու համար այդ երկրի ղեկավարութեան կողմէ միջնորդական դերին դէմ:







All the contents on this site are copyrighted ©.