2009-09-18 12:59:51

Լուրեր հայկական կեանքէն



Լոյս տեսած է Իրանի հայ արուեստագէտները խորագրով հատոր մը (պարսկերէնով) Թեհրանի մէջ։

՜՜Իրանի հայ արուեստագէտները՝՝ խորագիրը կրող իրանահայ բանասէր Անդրանիկ Հովուեանի պարսկերէն ուսումնասիրութիւնը, լոյս տեսած է վերջերս, եւ հրատարակուած՝ Իրանի Հանրապետութեան Արուեստի ակադեմիային կողմէ։ Ժողովածուն բաղկացած է հինգ բաժիններէ ՜՜Իրանի հայ նկարիչները, Իրանահայ թատրոնը, Հայ ոսկերիչները, ակնագործները եւ փորագրիչները, Հայ արուեստագէտները իրանական շարժապատկերի մէջ եւ Երաժշտական ասպարէզի արուեստագէտները՝՝։ Գիրքին մէջ ներկայացուած են տարբեր բնագաւառներէն աւելի քան 90 արուեստագէտներու ամփոփ կենսագրութիւնները։ Կայ նաեւ թատրոնի բաժին, ուր ներկայացուած է Թեհրան, Թաւրիզ, Նոր Ջուղա համայնքներուն մէջ գոյութիւն ունեցած հայկական թատրոններու ամփոփ պատմութիւնը, նաեւ դերասաններու եւ բեմադրիչներու անունները։



ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ

Հայազգի երաժիշտ Հայկ Եազըճեանի ելոյթը , Իոնիքես Եորթես փառատօնին

Սեպտեմբեր 9-ին Յունաստանի՝ Նէա Զմիռնիի Իոնիքես Եորթես մշակութային փառատօնի ծիրին մէջ ելոյթ ունեցաւ հայազգի հեղինակաւոր երաժիշտ Հայկ Եազըճեան, երաժշտական հարուստ երգացանկով։ Եազըճեանի ընկերացան Եոթիս Քիւրցօղլու եւ Վանկելիս Քարիփիս։

Նէա Զմիռնիի մէջ տարիներու աւանդութիւն դարձած այս փառատօնին ամէն տարի անպայմանօրէն ներառուած կըլլայ հայկական երաժշտութիւնը։ Յայտնենք, որ շաբաթ, 26 սեպտեմբերին, Աթէնքի ՀՅԴ կոմիտէի դասաւորումով տեղի պիտի ունենայ հայկական երեկոն ։



Հնագիտական հիմնարկներու միջազգային գիտաշրջանը 15-18 Սեպտեմբեր։

Երեւան- Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի հիմնադրման 50-ամեակի յոբելենական ձեռնարկներու ծիրին մէջ 15 սեպտեմբերէն18, տեղի կունենայ հնագիտական հիմնարկներու միջազգային գիտաշրջանը, մասնակցութեամբ՝ աշխարհի տարբեր երկիրներէն 25 մասնագէտներու, որոնցմէ 19 հանդէս կու գան հնագիտութեան արդի թեմաներուն վերաբերող զեկոյցներով. ներկայութեամբ՝ նաեւ մասնագէտներու ՜՜ Միացեալ Նահանգներէն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Աւստրիայէն, Իտալիայէն, Սպանիայէն, Թուրքիայէն, Վրաստանէն, կը նախատեսուի նաեւ՝ Ռուսիայէն՝՝։ Գիտական նստաշրջանին ընթացքին կը ներկայացուին հիմնարկին կատարած աշխատանքները, ձեռքբերումները, հնագիտութեան զարգացման հեռանկարները։ Նշենք, որ վերջին տարիներուն հիմնարկը մեծ ծաւալի աշխատանքներ կատարած է եւրոպական եւ ամերիկեան մեծ հնագիտական կեդրոններու հետ, իսկ անոնց արդիւնքը եղած է յաջող եւ ուշագրաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.