2009-09-18 12:50:18

Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


ԻՏԱԼԻԱ ՍՈՒԳԻ ՄԷՋ։ Աֆղանիստանի մայրաքաղաք Գապուլի մէջ անձնասպանական գործողութեան մը զոհ գացին իտալացի վեց զինուորներ (երէկ առաւօտեան ժամերուն),իսկ այլ չորս իտալացի զինուորներ վիրաւորուած են ։ Իտալական զօրաբաժնի զրահապատ երկու ինքնաշարժերու դէմ կատարուած մահափորձը խլեց վեց իտալացի զինուորներ՝ սուգի մատնելով իտալիան ամբողջ։ Մահափորձի զոհ զինուորներու մարմինները Հռոմ կը ժամանեն կիրակի օրը,իսկ երկուշաբթի տեղի պիտի ունենայ պետական յուղարկաւորութիւնը,երկուշաբթի միաժամանակ սուգի օր է իտալիոյ մէջ մէկ վայրկեան հսկողութեամբ պետական բոլոր աշխատավայրերու ու դպրոցներու մէջ։Պէնէտիկտս ԺԶ.Սրբազան Քահանայապետը յայտնեց իր խորին ցաւակցութիւնը ու մօտիկութիւնը զոհերու հարազատներուն,ընտանեկան պարագաներուն ու բարեկամներուն,ինչպէս իր իմացուց Հայր ֆէտէրիքօ Լոմպարտի Սուրբ Աթոռի մամլոյ բանբերը եւ միաժամանակ Ռատիօ վատիկանի Ընդհանուն Տնօրէնը։
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀԻՆԳ ԺԱՄՈՒԱՅ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱՒ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ։ՀՅԴ-Ի ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՉԵՆ ՓԱՐԱՏԱԾ (ԿԸՍԷ ԱՐՄԷՆ ՌՈՒՍՏԱՄԵԱՆ) ։Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Հայաստանի քաղաքական կուսակցութիւններու ղեկավարները հրաւիրած էր խորհրդակցութեան մը՝ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման ներկայ հանգրուանը նիւթով։ Հրաւէր ուղարկուած էր 64
կուսակցութիւններու, սակայն անոնցէ 52-ը կը մասնակցէին։Ընդդիմադիր կուսակցութիւններէն քննարկման չէին եկած Ժառանգութիւնը եւ Հայ Ազգային քոնկրեսը, թէեւ խորհրդակցութեան ներկայ էին վերջինիս մաս կազմող որոշ ուժերու ներկայացուցիչներ՝ Նոր ժամանակներ կուսակցութեան նախագահ Արամ Կարապետեանը՝ եւ Մարքսական կուսակցութեան ղեկավար Դաւիթ Յակոբեան։ Ընդդիմադիր ուժերէն կը մասնակցէր ՀՅԴ-ն՝ ի դէմս Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի։Քննարկումը դռնփակ էր, եւ մինչեւ աւարտը հայաստանի նախագահի մամլոյ բանբեր Սամուէլ Ֆարմանեան լրագրողներուն ըսաւ, թէ կը ծաւալին աշխուժ քննարկումներ, որոնց կը մասնակցի նաեւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան։
ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԻՒՆԸ ՉԻ ՆՇԱՆԱԿԵՐ, ԹԷ ՀԱՅԵՐԸ ԿԸ ԴԱԴՐԻՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ ՊԱՀԱՆՋԵԼԷ (Կ՝ԸՍԷ ՏԷՅՎԻՏ ՖԻԼԻՓՍ )։ Միացեալ Նահանգներու Ատլանտեան խորհուրդի աւագ աշխատակից Տէյվիտ Ֆիլիփս, անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման խնդիրին, թրքական ՝՝Թուտէյզ Զաման՝՝ օրաթերթին ըսած է, թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը Եւրոպական Միութեան կամ Միացեալ Նահանգներու պահանջները բաւարարելու համար չաշխատիր ժողովրդավարական բարեփոխումներուն վրայ, այլ՝ յանուն սեփական շահերուն։ Պատասխանելով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով թրքական օրաթերթի լրագրողին հարցումին՝ Ֆիլիփս յայտնած է, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու հաստատման վերաբերող արձանագրութիւնը իրադարձութիւն մըն է, որ տեղի կունենայ իւրայատուկ ժամակաշրջանի մը մէջ։ Թուրքերու եւ հայերու միջեւ համերաշխութիւնը յարատեւ եւ բանակցութիւններով յագեցած գործընթաց մըն է։ Հայ-թրքական սահմանի բացումը կարելիութիւն պիտի ընձեռէ հայերուն եւ թուրքերուն միջեւ կապ հաստատելու։ Ֆիլիփս նշած է, որ այդ մէկը կը նպաստէ փոխադարձ ըմբռնման խորացման եւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ համերաշխութեան հաստատման։ Սակայն այդ մէկը չի նշանակեր, որ հայերը կը դադրին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջելէ։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ։
Ազրպէյճանական ՝՝ԱՓԱ՝՝ լրատու գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Մինսքի խմբակի ռուս համանախագահ Եուրի Մերզլեաքովը, կը տեղեկացնէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Եուրի Մերզլեաքով, Պեռնար Ֆասիէ եւ Ռոպըրթ Պրատքէ, նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք Նիւ Եորքի մէջ՝ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 64-րդ նստաշրջանի ծիրին մէջ, հանդիպում պիտի ունենան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ։Ռուս դիւանագէտը տեղեկացուցած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ պիտի քննարկուին երկու երկիրներու նախագահներուն՝ Քիշնեւի մէջ նախատեսուած հերթական հանդիպման կազմակերպական հարցերը։ Ըստ Մերզլեաքովի նախագահները սկզբունքով հանդիպման համաձայն են, սակայն վերջնական համաձայնութիւն տակաւին չկայ։ Նշենք, որ ԱՊՀ-ի երկիրներու վեհաժողովը տեղի պիտի ունենայ 10 հոկտեմբերին՝ Քիշնեւի մէջ։
ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԲՈՂՈՔԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ։
Երէկ, երրորդ օրն ըլլալով, Հայաստանի կառավարութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններու շէնքերուն դիմաց շարունակուեցան ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին նախաձեռնած նստացոյցը եւ հացադուլը։







All the contents on this site are copyrighted ©.