2009-09-17 12:30:08

Օրուան խորհրդածութիւնը։ Խաչը Տիեզերական Նշան է։


Օրուան խորհրդածութիւնը։ Խաչը Տիեզերական Նշան է։

Խաչվերացի Տաղաւարը լոկ քրիստոնեայ բանակներու տարած յաղթանակի մը տօնակատարութեամբ սահմանափակել պիտի նշանակէր ամլացնել անոր իմաստը։ Այսպիսի մերձեցում մը մինչեւ իսկ պիտի նշանակէր մեծարել հպարտութիւն մը, որ բոլորովին հականիշն է խաչի բուն իմաստին։ Խաչվերացի տաղաւարին քրիստոնէական ազգայնապաշտութիւն մը չէ որ կը տօնենք, ոչ ալ՝ խաչակրութեան մը յաղթանակը։ Կորսուած կամ կարճ ժամանակի մը համար մեզմէ խլուած արժէքի մը վերստին տիրանալ, պարզապէս կ՚ուրախացնէ մեզ եւ կ՚անդրադառնանք, թէ ան որքան մեծ արժէք կը ներկայացնէ եղեր մեզի համար...։ Խաչվերացի Տաղաւարին ա՛յս է, որ կը տօնուի։ Իւրաքանչիւր սերունդ պէտք է խաչը վերստին գտնէ, բարձրացնէ եւ մեծարէ։ Անհատական եւ ընկերային բազում հարցերու լուծման ամենաազդու եւ գուցէ միակ միջոցն է այսպիսի մերձեցում մը։ Պէտք է Խաչը լաւ հասկնալ եւ զայն ձերբազատել ամէն տեսակի աշխարհիկ իմաստներէն։ Խաչը որքան որ ալ քրիստոնեաներու նշանն ըլլայ, իր իմաստով ան տիեզերական է եւ այս առումով ամենախորհրդաւոր նշանն է ամէն տեսակի զոհողութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.