2009-09-17 12:30:39

Հոգեբարոյական հարցեր - «Պիտի Բերէի…»


Հոգեբարոյական հարցեր - «Պիտի Բերէի…»



Մանկական հոգեբանութեան մօտէն ծանօթ անձեր, ծնողներ եւ դաստիարակներ լաւ գիտեն, թէ մանուկները միշտ սպասումներով լեցուն սիրտ մը կ՛ունենան: Մեծեր գիտեն թէ երեխաները ինչքա՜ն կ՛ուրախանան, երբ անակնկալ նուէրներ ստանան եւ իրենք հապճեպով բանան՝ տեսնելու համար թէ ի՛նչ է ատոր բովանդակութիւնը:

Մանուկներու այս ուրախ հետաքրքրութիւնը սակայն, երբեմն հիասթափութեան կը փոխուի:

Մանկական հոգին հիասթափեցնող երեւոյթ մըն է՝ խոստանալ անոր նուէր մը, կամ որեւիցէ խոստում մը տալ, եւ անփթութեան հետեւանքով չկատարել այդ խոստումը:

Կար պառաւ մը, որուն առօրեայ միակ զբաղումը տունէ տուն շրջելով՝ խօսակից ու «սրճակից» փնտռելն էր: Թաղի բնակիչները վարժուած էին ո՛չ միայն իր տալիք այցելութեան ժամերուն, այլ մանաւանդ իր արծարծելիք նիւթերուն: Մինչեւ կէսօր, ան գրեթէ կ՛աւարտէր իր այցելութիւնները շրջանի բոլոր այն տուները, որոնց տանտիրուհիները գործի չէին երթար, եւ տան գործերով զբաղած կ՛ըլլային: Ամրան եղանակին, երբ երեխաները տունը կ՛ըլլային, մեր պառաւը, որուն ծանօթացաք արդէն, այդ մանուկներուն կողմէ ալ ընդունուելու ճիգ մը կը կատարէր: Իր շուրջը հաւաքելով զանոնք՝ միշտ այն տպաւորութիւնը կը թողուր, որ նուէր մը պիտի բերէր իրենց, սակայն վերջին վայրկեանին զայն մոռցած էր տունը.

- «Պիտի բերէի…»:

Մանուկները պէտք չէ՛ խաբել: Կազմաւորուող երեխային նկարագրին մէջ անջնջելի հետք ու խոր վէրք պիտի բացուի, երբ ան հետզհետէ հասուննալով իմանայ, թէ իր մանկութեան, յաճախ զինք խաբած են շրջապատը գտնուող մարդիկ, եւ նոյնիսկ իր անփոխարինելի հարազատները՝ հայրն ու մայրը: Այդպիսի ծնողներ պէտք չէ՛ զարմանան օր մը, երբ իրենց զաւակը խաբեբայ ու անվստահելի դառնայ, որովհետեւ խաբեբայութիւնը ուղղակի իր ծնողներէն սորված կ՛ըլլայ մանուկը՝ շրջապատին անվստահութիւնը շահելով, իբրեւ բնական արդիւնք իր երկդիմի վարքին ու մանուածապատ գործունէութեան:

Մանուկները շատ լաւ կը զգան զիրենք սիրողներուն ու չսիրողներուն տարբերութիւնը: Իրենց մօտ ասիկա յատուկ զգայարանք մըն է, որ միշտ զգաստ վիճակի մէջ է, ու անմիջական անդրադարձ ցոյց կու տայ: Երբեմն ժպիտով ու խանդաղատանքով զիրենք շալկել ուզող անձերուն թեւերէն դուրս կ՛ուզեն գալ, աղեղի կորութիւն տալով իրենց մարմինին, ու մանաւանդ՝ անդադար լալով:

Քիչով գոհանալու սովորութիւնը մեր երեխաներուն մէջ արմատաւորելու կերպ մըն է՝ ամէնէն փոքրիկ ու անարժէք նուէրին համար շնորհակալութիւն յայտնել սորվեցնելը անոնց: Տեսած եմ մայրեր, որոնք ամէնադոյզն նուէրին համար, զոր իրենց զաւակին կը մատուցեն մարդիկ, շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնել կը սորվեցնեն իրենց երեխաներուն: Իսկ կարգ մը ծնողներ, միանալով իրենց զաւակին արտայայտած դժգոհանքին՝ մատուցողին երթալէն ետք կը քննադատեն նուէրը, անոր արժէքը յարմար չտեսնելով իրենց «արժէքաւոր երեխայ»ին…: Պէտք չէ՛ զարմանալ, եթէ կարճ ժամանակ ետք նոյն այդ մանուկը բա՛ն չհաւնի, եւ քննադատէ նոյնիսկ իր ծնողներուն ամբողջ խնայողութեամբ իրեն համար պատրաստուած ապագան՝ տունն ու տեղը:

Մանուկները իրենց անձերուն մէջ կը կաղապարեն իրենց ծնողներուն սովորութիւնները՝ իսկական մանրօրինակը դառնալով անոնց: Իսկ ծնողներու դաստիարակութեան հետ կողմնակի փոխանցուող դրական թէ ժխտական ամէն կրթութիւն, իր խոր ազդեցութիւնը կը թողու անոնց լոյծ ու կակուղ հոգիին վրայ: «Պիտի բերէի» ըսելով մանուկներուն միտքը «զբաղ» պահող պառաւին պատահական եւ «անմեղ» արտայայտութիւնը, անզգալաբար մանուկին միտքին մէջ տիպար օրինակը կը դառնայ մարդոց հետ փոխյարաբերական կեանքի ձեւին: Չափահասութեան տարիքին, իր անունը տալուն չափ բնական կը դառնան «պիտի բերէի»ի նման խոստումներ տալն ու անցնիլը, առանց մտածելու, թէ այդ «պարզ» խոստմնադրժութեան հետեւանքով ինչքա՜ն սրտեր կ՛արիւնին, ինչքա՜ն վէրքեր բաց կը մնան եւ ինչքա՜ն յուսախաբութիւններ մղձաւանջի կը վերածուին:

«Պիտի բերէի…», կ՛ըսէր պառաւը անգիտակցաբար, սակայն անոր դիմաց գտնուող մանուկներուն բաց ականջներէն անիկա կը թափանցէր մինչեւ անոնց գիտակցութեա՛ն գալիք հոգիները: Մանուկները գայթակղեցնելու փոխարէն, Յիսուս կը պատուիրէ, որ աւելի լաւ պիտի ըլլար գայթակղեցնողին վիզէն իշու երկանաքար կախել եւ ծովը ընկղմել: Իսկ զանոնք գայթակղեցնելու ամէնէն վտանգաւոր կերպերէն մէկը, անոնց առողջ դաստիարակութիւնը «Պիտի բերէի»ի նման խոստումներով պղտորելն է:








All the contents on this site are copyrighted ©.