2009-09-17 12:29:43

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի 2009-2010 Ուսումնական Տարեշրջան


Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի 2009-2010 Ուսումնական Տարեշրջան
15 Սեպտեմբեր 2009-ին, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի տեսչական եւ ուսուցչական կազմերը հաւաքուած էին, բացումը կատարելու նոր ուսումնական տարեշրջանին։
Ըստ աւանդութեան, առաւօտեան ժամը 9։00ին պաշտօնեաներն ու ուսուցիչները ներկայ եղան յատուկ վերամուտի առիթով, Ս Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ Հայր Սարգիս Վրդ. Դաւիթեանի կողմէն մատուցուած Ս. Պատարաին, որմէ անմիջապէս ետք ներկաները տեղափոխուեցան վարժարանի Ֆարաճեան լսարան, գումարելու համար վերամուտի ընդհանուր ժողովը։ 2009-2010 տարեշրջանի բացումը կատարուեցաւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Պր Գրէգուար Գալուստի ելոյթով։ Բարի վերադարձ մաղթանքի զեկոյցին մէջ մանրամասնօրէն անդրադարձաւ նոր ուսումնական տարուան նորութիւններուն՝ ինչպէս շինարարական գետնի վրայ, այնպէս ալ անձնակազմային փոփոխութիւններուն։
Տնօրէնը նաեւ անդրադարձաւ, որ Մեսրոպեանը աշակերտութեան թուաքանակով հայկական մեծագոյն վարժարանն է, ուր կ'ուսանին տարբեր յարանուանութիւններու պատկանող ընտանիքներէ եկող աշակերտներ։
Ան ցանկալի նկատեց բոլոր ներկաներէն ըլլալ աւելի ճշդապահ, միշտ յարգանօք վերաբերուիլ ստանձնած գործին ու գործընկերներուն հանդէպ, եւ միշտ յարգել վարժարանէն ներս սահմանուած կարգն ու կանոնը։
Պր տնօրէնը մեծ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ առողջապահական խնդիրներուն, մանաւանդ վերջին ժամանակներս աշխարհատարած կրիփը ինֆլուանզա կանխելու եւ անկէ զուշանալու խնդիրներուն։
Ան նաեւ խօսեցաւ յառաջիկայի կատարուելիք ծրագիրներու մասին, որոնցմէ է նոր մանկապարտէզի շինարարութիւնը։ Պր. Գալուստ նաեւ ուրախութեամբ ներկայացուց, որ այս ուսումնական տարուընէ սկսեալ երկրորդական բաժինը վերածուած է ելեկտրոնիկ-դպրոցի, ուր սկսելու համար 10-րդ եւ 11-րդ դասարաններու աշխարհագրութեան եւ պատմութեան դասընթացքները պիտի ընթանան տեսա-լսողական համակարի օնութեամբ։
Պր Գրէգուար Գալուստ, աւարտելով իր խօսքը, բոլոր ներկաներուն մաղթեց բարի եւ բեղուն ուսումնական աշխատանքային տարի մը։
Այնուհետեւ վարժարանի տեսչական եւ ուսուցչական կազմերը յիշատակի նկար մը նկարուեցան դպրոցի շրջաբակին մէջ՝ Ս. Մեսրոպի յուշակոթողին առջեւ։







All the contents on this site are copyrighted ©.