2009-09-16 13:31:00

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի 16 սեպտեմբեր 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն, Պօղոս Զ.ի անուան սրահը։

Սրբազան Հայրը շարունակելով իր խորհրդածութիւնը Միջին դարու հայրապետներու մասին, այսօր ներկայացուց արեւելցի վանական Նոր Աստուածաբան կոչուած Սիմէոնը։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Նոր Աստուածաբան Սիմէոնը, ծնած՝ Ասիա, 949 թուականին, Կ.Պոլսոյ կայսրին մօտ ծառայութիւն կատարելէ ետք, ընտրեց վանական կեանքը եւ ապրեցաւ Պոլսոյ զանազան մենաստաններուն մէջ։ Իր գրութիւնները մեծապէս ազդեցութիւն կատարեցին Արեւելեան աստուածաբանութեան ու հոգեւորութեան վրայ, եւ յատկապէս Աստուծոյ հետ հոգեւոր միութեան փորձարկած կեանքը։ Սիմէոն իր մտածողութիւնը կեդրոնացուց Ս. Հոգւոյն ներկայութեան վրայ կնքուածներուն մօտ եւ անոնց ունենալիք գիտակցութեան։ Աստուծոյ ճշմարիտ ճանաչումը կու գայ հոգեւոր փորձառութենէն։ Այս ճանաչումը Ս. մկրտութեան պտուղն է։

Ապա Նորին Սրբութիւնը ըսաւ.՜՜ արեւելցի այս վանականը կը հրաւիրէ մեզ մեծ կարեւորութիւն տալու մեր հոգեւոր կեանքին, ու կը բանայ մեր սրտերը ուրիշներուն եւ զգայուն կը դարձնէ մեզ անոնց պահանջներուն։ Մեզմէ կը խնդրէ որ ուրիշը նկատենք որպէս մեր եղբայրը։ Ատելութեան պատասխանենք սիրոյ ներգործութեամբ ու նախատանքին` ներումով։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները խնդրելով որ արեւելցի վանական Նոր Աստուածաբան կոչուած Սիմէոնը օգնէ մեզի աւելի լաւ ըմբռնելու թէ Յիսուսի աշակերտը պէտք է միշտ աճի սիրոյ մէջ եւ Աստուծոյ ճանաչողութեամբ։

Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն յիշեցնելով որ երեքշաբթի 15 սեպտեմբերին տօնեցինք ցաւագին Տիրամօր յիշատակը։ Ան գիտցաւ հաւատքով կանգնիլ Յիսուսին խաչին ոտքը։ Դուք եւս մի վախնաք Քրիստոսի խաչին ոտքը կենալու, գտնելու համար ոյժը յաղթահարելու դժուարութիւններուն եւ ըմբռնելու տառապանքին փրկարար արժէքը։

Ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց տիար Էմիլ Բոգ` նախարարապետը Ռումանիոյ հանրապետութեան եւ անոր շքախումբը։

իսկ Երեկոյեան Սրբազան Հայրը կ'այցելէ Վատիկանի աստղադիտարանի նոր կեդրոնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.