2009-09-16 13:31:12

Լուրեր հայկական կեանքէն


ԱՐՄԵՆԻԱ ԷՔՍՓՕ 2009-Ի ՏԱՐԵԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

Իններորդ տարին ըլլալով, տեղի կ՝ունենայ Հայաստանի մէջ շրջանային առեւտրա-արդիւնաբերական Արմենիա Էքսփօ 2009 ցուցահանդէսը։ Բացման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցած է Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ, ուր ներկայ գտնուած են՝ Հայաստանի վարչապետը, կառավարութենէն ներկայացուցիչներ, միջազգային եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։

Հանդիսութեան ընթացքինվարչապետ Տիգրան Սարգսեան իր խօսքին մէջ շեշտած է ցուցահանդէսին նշանակութիւնը եւ նշած է, որ ՝ստեղծուած ճգնաժամային պայմաններուն մէջ այս ցուցադրութիւնը մեծ կարելիութիւն կընձեռէ ներկայացնելու նոր արհեստագիտութիւններ, համակարգեր ու բաղադրիչներ, ինչպէս նաեւ նորագոյն լուծումներ՝ արդիւնաբերութեան մարզին մէջ։

Արմենիա Էքսփօ 2009 ցուցահանդէսը, որուն մասնակցած են աւելի քան 150 տեղական եւ օտարերկրեայ կազմակերպութիւններ, ընկերութիւններ եւ միութիւններ, շրջանին մէջ կը համարուի իբրեւ ամէնէն ծաւալունը։ Ի տարբերութիւն այլ նմանատիպ միջոցառումներուն, որոնք նեղ մասնագիտացուած ձեւով կը կատարուին եւ լիովին չեն ներկայացներ Հայաստանի ամբողջ արդիւնաբերական ներուժը, Արմենիա Էքսփօ 2009 կընդգրկէ գրեթէ բոլոր ոլորտները։

Ցուցահանդէսին ներկայացուած են տնտեսութեան տարբեր մարզեր՝ շինարարութիւն, մթերք, խմիչք, փոխադրութիւն, կահոյք, հրատարակչութիւն, ծանուցում, արդիւնաբերութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.