2009-09-15 14:06:41

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յառաջիկայ սեպտեմբեր 26-28 առաքելական այցելութիւն կը կատարէ Չեխ հանրապետութեան, այս առթիւ Ռատիովատիկանի ընդհանուր տնօրէնը յիսուսեան հայր ֆետերիգօ Լոմպարտին հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց. ՜՜ Սրբազան Քահանայապետը մի քանի շաբաթէն պիտի ուղղուի Եւրոպայի սիրտը` Չեխ հանրապետութիւնը։ Երկիր մը մշակոյթով հարուստ, եւ որուն մեծապէս նպաստած է քրիստոնէական կրօնքը։ Երկիր մը որ ներկայ օրերուն մեզի կը յիշեցնէ համայնավարութեան փլուզումին 20 ամեակը եւ խաղաղ վերածնունդը հանրավարութեան։ Երկիր մը ուր աշխարհականացումը այնքան ծաւալած է, որ կրօնական ապրումը փոքրամասնութեան կը պատկանի՝՝։

Սրբազան Քահանայապետը իր այս այցելութեան առթիւ բազմաթիւ եւ զօրաւոր պատգամներ պիտի ուղղէ հաւատացեալներուն եւ բարի կամք ունեցող մարդոց։ Սրբազան Հօր ներկայութիւնը բնականաբար խթան մը պիտի հանդիսանայ որպէսզի տեղական եկեղեցին քաջութեամբ ՜՜իր ողջ հաւատքի վկայութիւնը տայ, հաւատք մը որ կարող է սփռել յոյս եւ սէր նոր սերունդին՝՝։ Նոյնպէս Սրբազան Քահանայապետին ներկայութիւնը ՜՜առիթ մը պիտի ըլլայ վերարծարծելու համամիութիւնը քրիստոնեայ յարանուանութիւններու մօտ, որպէսզի իրենց կարգին վկայութիւն տան Աւետարանին ու նպաստեն Եւրոպայի միութեան հզօրացման՝՝։

Եւրոպան պէտք չէ դառնայ լոկ նիւթական ու տնտեսական միութիւն, այլ հոգիներու ու արժէքներու միութիւն, ՜՜յոյժ կարեւոր՝՝ մարդկային արժանաւորութեան երաշխաւորումին։

Նորին Սրբութիւնը Չեխ հանրապետութիւնը կ'այցելէ ոգեկոչելու եւ տօնախմբելու Սուրբ Վանչեսլաոյի նահատակութեան դարադարձը։



Մոսկուայի պատրիարքութեան արտաքին յարաբերութիւններու նախագահ արքեպիսկոպոս Հիլարիոնի այցելութիւնը Հռոմ։



Ընմդառաջելով Քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` կարտինալ Քասբերի հրաւէրին, արքեպիսկոպոս Հիլարիոն նախագահը Մոսկուայի պատրիարքութեան արտաքին յարաբերութիւններուն, Հռոմ կ'այցելէ սեպտեմբեր 15-20։ Այս այցելութիւնը կու գայ որպէս ՜՜բարի յարաբերութիւններու վկայութիւն՝՝ երկու եկեղեցական նախարարութիւններու միջեւ, որ տարիէ տարի աւելի կը հաստատուի ու կ'ամրապնդուի։

Արքեպիսկոպոս Հիլարիոն, Հռոմ կեցութեան ընթացքին, տեսակցութիւն պիտի ունենայ Ս. Աթոռի պետական քարտուղար` կարտինալ Պերթոնէի հետ, ինչպէս նաեւ Արեւելեան եկեղեցիներու կառավարիչ՝ կարտինալ Սանտրիի եւ մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի նախագահ՝ կարտինալ Ռավազիի հետ։ Ասիկա առաջին անգամն է որ արքեպիսկոպոս Հիլարիոն Հռոմ կ'այցելէ իր նոր նշանակումէն ետք։









 








All the contents on this site are copyrighted ©.