ԺԷ.Դարու Հայկական նոր Ձեռագիր մը նուէր՝ Մատենադարանին
Մեսրոպ
Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու Մատենադարանը հարստացած է 1689ին գրուած Աւետարանով
մը: Մանրանկարներով, լուսանցագրերով եւ զարդագրերով հարուստ այս ձեռագիրը գրուած է Տաթեւի
մէջ, Մահտեսի Արիստակէսի կողմէ, Նախիջեւանի Ագարակ գիւղի Մարտիրոս սարկաւագի պատուէրով:
՜՜Վերջին
երկու տարուան ընթացքին բարերարներու շնորհիւ հին ձեռագիրներու հայակական պահոցը հարստացած
է շուրջ 100 եզակի ձեռագիրներով՝՝ ըսած է Մատենադարանի տնօրէնը՝ Հրաչեայ Թամրազեան:
Տաթեւի
այս ձեռագիրը գնած եւ Մատենադարանին նուիրած է «ԱԳԲԱՅ քրետիտ ակրիքոլ» դրամատան տնօրէն
Ստեփան Գիշեան: «Կը ցանկանայի, որ այս օրինակը վարակիչ լինի իմ գործընկերների համար,
եւ հին ձեռագրերի հաւաքագրման այս աւանդոյթը շարունակուի», ըսած է Գիշեան։
Մատենադարանի
գլխաւոր աւանդապահ Գէորգ Տէր Վարդանեան ըսած է թէ՝ ՜՜ձեռագիրը բաւական լաւ պահպանուած
վիճակի մէջ է՝՝։
Նշենք թէ Մատենադարանը շնորհած է նուիրատու-բարերար Ստեփան Գիշեանին,
՜՜Մ. Մաշտոցի անուան յուշամետալ եւ ձեռագիրներու հաւաքածոյի ֆրանսերէն ալպոմ մը՝՝:
Երեւանի
մէջ Ատրպեճանական Շարժանկարներու Փառատօն
Հայաստանի մէջ կայանալիք ատրպեճանական
շարժանկարներու փառատօնին մասնակցելու համար ներկայացուած է տարբեր տեսակի 60 կարճատեւ
շարժանկար՝ փաստագրական, խաղարկային եւ այլ կերպի: Փառատօնի կազմակերպիչ ու ՜՜Խաղաղարար
նախաձեռնութիւններու կովկասեան կենտրոնի՝՝, նախագահը Գէորգի Վանեան ըսած է թէ « պիտի
ընտրուին լաւագոյն 7 շարժանկարները: ՜՜Մենք հիմնականում ձեռք ենք բերել միջազգային կինոփառատօններում
ցուցադրուած մեր հարեւան երկրի արտադրութեան լաւագոյն ֆիլմերը տարբեր մարդկանց, կազմակերպութիւնների
աջակցութեամբ: Մինչ մեր կողմից ընտրուած ֆիլմերը ցուցադրելը, անպայման համաձայնութիւն
ձեռք կը բերուի հեղինակների հետ»։ Ըստ անոր, փառատօնը պիտի նպաստէ երկու երկիրներու հասարակութիւններուն
միջեւ կապի ստեղծման եւ երկխօսութեան ծաւալման: Փառատօնը պիտի ունենայ միայն մէկ՝ «Հանդիսաստեսի
համակրանք» մրցանակը, իսկ հանդիսատեսը պիտի քուէարկէ շարժանկարը դիտելէն անմիջապէս ետք:
Նշենք, որ շարժանկարները պիտի ցուցադրուին ե՛ւ Երեւանի, ե՛ւ մարզերու մէջ, ինչպէս նաեւ
պիտի տեւէ 3 օր. նախնական տուեալներով անիկա պիտի սկսի 2009ի Հոկտեմբերի վերջը։