2009-09-15 14:13:52

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս  Պատրիարքը Հռոմի մէջ կը մասնակցի Արեւելեան եկեղեցիներու կաթողիկէ համայնքապետերու յատուկ ժողովին։


Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս  Պատրիարքը Հռոմի մէջ կը մասնակցի Արեւելեան եկեղեցիներու կաթողիկէ համայնքապետերու յատուկ ժողովին։ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս  Պատրիարք Ամեն. եւ Գերջ. Տ.Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Հինգշաբթի  17 Սեպտեմբեր 2009-ին,   Հռոմ կը ժամանէ հանդիպում ունենալու գլխաւորաբար՝ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին հետ, որ ընդառաջելով Պատրիարքներուն խնդրանքին հրաւիրեց Արեւելեան Եկեղեցիներու Կաթողիկէ համայնքապետները յատուկ ժողովի մը, որ տեղի պիտի ունենայ 'Castel Gondolfo' 19 Սեպտեմբերին:

Ապա Հոգեւոր Տէրը ուրիշ հանդիպումներ պիտի ունենայ զանազան Կարդինալներուն հետ՝ Արեւելեան Եկեղեցիներու Նախագահին ինչպէս նաեւ Հռոմի թեմի ընդհանուր փոխանորդին հետ:

Հոգեւոր Տէրը պիտի հանդիպի նաեւ Քահանայապետական Ժողովներու կարգ մը անձնաւորութիւններուն հետ:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կ’ընկերանայ Տէր Լեւոն Սրկ. Յովհաննէսեան: Հոգեւոր Տէրը իր նստավայրը պիտի վերադառնայ Սեպտեմբեր 24-ին:








All the contents on this site are copyrighted ©.