2009-09-14 13:18:47

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը



Երկուշաբթի 14 Սեպտեմբեր 2009,Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Պրազիլի հիւսիս-արեւելքի եկեղեցական հաւաքի խումբ մը եպիսկոպոսներ`եկած կատարելու իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Ս. Պետրոսի յաջորդին։

Յառաջիկայ Ապրիլին, Սրբազան Քահանայապետը առաքելական այցելութիւն պիտի կատարէ Մալթա կղզին, Պօղոս առաքեալի նաւաբեկումի 1950րդ տարեդարձին առթիւ, յայտարարած են կղզիի եպիսկոպոսները։ Ասիկա երրորդ անգամն է որ Մալթան կ'ընդունի սրբազան Քահանայապետ մը։

Յովհաննէս Պօղոս Բ երջանկայիշատակ Պապը կղզին այցելած էր 1990ին եւ 2001ին։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդառաջելով՝ Մալթայի եպիսկոպոսներուն ու հանրապետութեան նախագահի հրաւէրին, յառաջիկայ ապրիլին պիտի այցելէ Մալթան Պօղոս առաքեալի նաւաբեկումին 1950րդ տարեդարձին առիթով։ Արդարեւ 60ական թուականներուն Պօղոս առաքեալը Մալթա հասաւ եւ տեղւոյն բնակիչները ամէն տեսակ պատիւներ շռայլեցին անոր։ Հոն երեք ամիս մնալէ ետք ուղղուեցաւ դէպի Սիկիլիա։ Սրբազան Քահանայապետը 16 յունիս 2005ին ընդունելով Մալթայի նոր դեսպանին հաւատարմագրերը յիշեցուց կղզիի քրիստոնէական արմատները. ՜՜ժառանգութիւն մը հարուստ կրօնական ու մշակութային արժէքներով, որու վրայ կարելի է կերտել զօրակցութեան ու խաղաղութեան ապագայ մը՝՝։

Յայտնենք թէ Մալթան Անգիլիայէն իր անկախութիւնը առաւ 1964ին, անոր բնակչութիւնը կը հաշուէ 410 հազար, որոնց 98 տոկոսը կաթողիկէ են։ 2004էն սկսեալ անդամ է Եւրոմիութեան եւ յունուար 2008ին որդեգրած է Եւրոն։



Վատիկանի առողջապահութեան նախարարութիւնը կը մեղադրէ դեղի գործատուները, որոնց առաջին մտահոգութիւնը նիւթական շահն է եւ ոչ թէ մարդուն առողջութիւնը։

Վատիկանի առողջապահութեան խորհուրդի նախագահը գերապայծառ Զիմովսքին խօսք առնելով կաթողիկէ դեղագործերու միջազգային ժողովին, Լեհաստանի Բոզնամ քաղաքին մէջ, ըսաւ. ՜՜կը գտնուինք մարդկային ու առողջապահական համաշխարհային ողբերգութեան մը առջեւ եթէ դեղօրայքը չտրամադրուի աղքատ երկիրներուն՝՝, ընդգծելով որ ներկայ համաշխարհային տնտեսական տագնապին առաջին զոհերն են երրորդ աշխարհի աղքատ ժողովուրդները։ Ան ցաւով յայտնեց թէ դեղի գործատուներուն առաջին ու գլխաւոր մտահոգութիւնը շահն է եւ ոչ թէ անհատին առողջութիւնը։ Ապա գերապայծառ Զիմովսքին յայտնեց թէ յառաջիկայ փետրուարին Վատիկանի առողջապահութեան նախարարութիւնը կը տօնէ անոր հիմնարկութեան 25-ամեակը եւ այս առթիւ կ'ուզեմ հրաւիրել դեղագործները խորհրդածելու իրենց կոչումին վրայ եւ խրախուսել զանոնք օգնութեան հասնելու կարիքաւոր հիւանդներուն եւ մասնաւորապէս մանուկ հիւանդներուն։



ՄԱԿի՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ընդհանուր ժողովի նախօրեակին արարողութիւն։ Նիւ Եորքի Ս. Ընտանիքի նուիրուած եկեղեցւոյ մէջ, նախաձեռնութեամբ՝ Նիւ Եորքի թեմի առաջնորդին եւ ՄԱԿի մօտ Ս. Աթոռի մնայուն դէտին։ Կազմակերպիչները համամիութենական աղօթքի հրաւիրած են ՄԱԿի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական հասարակութիւնը, ինչպէս նաեւ ՄԱԿի պաշտօնեաները։ Սրբզ. արարողութիւնը կը գլխաւորեն Նիւ Եորքի առաջնորդը գերպ. Տոլան եւ Ս.Աթոռի մնայուն դէտը գերպ. Միլիորէն։

Մատրիտի մէջ Խաչվերացի տօնին սկիզբ կ՝առնէ ՜՜Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուան ուխտագնացութիւնը՝՝ Երեկոյեան հսկումի աղօթք եւ Խաչի երկիրպագութիւն կը կատարուի Ալմուտենա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։ Այս առթիւ մայրաքաղաքի առաջնորդը կարտ. Վարելան իր ուղղած պատգամին մէջ կը հրաւիրէ երիտասարդները հպարտ ըլլալու Քրիստոսի Խաչը կրելով։ Եկեղեցին միշտ մեծարած է Քրիստոսի Խաչը որպէս Յաղթանակի նշան չարին վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.