2009-09-14 13:24:22

Լուրեր Քրիստոնեայ Աշխարհէն։


 Լուրեր Քրիստոնեայ Աշխարհէն։

Միջազգային Խորհրդաժողով՝՝Կնոջ դէմ Բռնութիւն՝՝Թէմայով։ Հռոմի մէջ սկզիբ առաւ Միջազգային Խորհրդաժողովը Կիներու դէմ Բռնութեան մասին, Առաւել Ճարտարարուեստականացած 8 Երկիրներու ներկայ նախագահութիւնը ստանձնած՝ Իտալիոյ Կառավարութեան նախաձեռնութեամբ եւ գործակցութեամբը նաեւ Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան։ ՝՝Մենք զմեզ նոյնպէ պէտք է պատասխատու զգանք անկատարելութեանը՝ դժուարութեամբ իրականացուած յառաջդիմութիւններուն որպէսզի հաստատուի ՝ կնոջ ազատութիւնը,կնոջ արժանապատուութիւնը եւ որպէսզի ան ունենայ հաւասար իրաւունքներ այր մարդուն հետ՝՝, այպէս արտայայտուեցաւ իտալիոյ հանրապետութեան նախագահը Ճորճօ Նափոլիթանօ բացումը կատարելով միջազգային խորհրդաժողովին,ուր ներկայ էին Իտալիոյ Արտաքին Գործոց նախարարը ֆրանքօ ֆրաթթինի,Հաւասար Իրաւունքներու նախարար Մարա Քարֆանեայ ,ՄԱԿ-ի ենթաքարտուղարը Ասհա Ռոզ Միճիրօ,Նոպելեան մրցանակակիր իտալացի բժշկուհի եւ ծերակուտական Ռիթա Լէվի Մոնթալչինի,ինչպէս նաեւ բազմաթիւ երկիրներու եւ ոչ-կառավարական միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ,որոնք ընդգծեցին որ ՝՝աշխարհի մէջ ի յայտ եկած բռնութիւնները սառնակոյտի մը միայն ծայրն են՝՝։ Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան համաձայն (յիշեցուց նախարար Մարա Քարֆանեայ)աշխարհի մէջ հինգ կիներու վրայ՝ մէկը իր կեանքի ընթացքին զոհ է ֆիզիքական ու սեռային զեղծումներու,եւ թէ 15էն -44 տարեկանի միջեւ կիներու համար տնական բռնութիւնը կամ բռնաբարումը առաւել վտանգ է՝ քան թէ քաղցկեղը,արկածները կամ թէ ճահճատենդը։Շնորհիւ Իրանէն,Աֆղանիստանէն,Մարոքէն,Չինաստանէն,Սաուտական Արաբիայէն եւ Նիճէրիայէն եկած կիներու վկայութեանց պիտի ստորագրուի եզրափակիչ վաւերաթուղթ մը որը ապա պիտի ներկայացուի այս ամսուայ վերջաւորութեան Նիւ- Եորք կայանալիք(ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի յարակից) առաւել ճարտարարուսետականացած 8 երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին։



ՍԸՐԻ-ԼԱՆՔԱ(ԳՈԼՈՄՊՕ)։ Մայր Թերեզա՝Օրինակ Պուտտայականներու եւ Քրիստոնեաներուն։ Սրի Լանքայի Եկեղեցին Մայր Թերեզայի մահուան 12երորդ տարելիցի առթիւ մեծարեց Մայր Թերեզան Համագումարով մը, Քրիսթիան Ալլիանս ֆօր Սոսեալ Էքշըն Ոչ-Կառավարական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ Սրի Լանքայի(Գոլոմպօ) Գարիթասի հանդիսասրահին մէջ ։Հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին (ինչպէս որ կը տեղեկացնէ ՝՝Ասիա Նիւզ՝՝ լրատու գործակալութիւնը)երկրի բազմաթիւ քահանաները ու կրօնաւորուհիները՝ բարեգործականի մէջ յանձնառու բազմաթիւ աշխարհականներու հետ միասին։



ԲՈՐԴՈՒԿԱԼ։ Ընկերային Հաղորդկացութեանց Ազգային Օրերը ֆԱԹԻՄԱՅԻ մէջ,Հայր ֆէտէրիքօ Լոմպարտիի ներկայութեամբ։ ֆաթիմայի մէջ սկիզբ առին Ռատիօ Վատիկանի մեր ընդհանուր տնօրէն,միաժամանակ Սուրբ Աթոռի մամլոյ հաղորդագրութեանց գրասենեակի բանբեր հայր ֆէտէրիքօ Լոմպարտիի զեկուցումովը Բորդուկալի Ընկերային Հայորդակցութեանց Ազգային Օրերը ։ Հայր Լոմպարտիի զեկուցումի նիւթը ՝՝Մամլոյ Հաղորդագրութիւնը՝Եկեղեցւոյ մէջ.Շռայլութիւ՞ն թէ Անհրաժեշտութիւն՝՝ միաժամանակ թէման է Բորդուկալի սոյն Ընկերային Հաղորդակցութեանց Ազգային Օրերուն որ պիտի տեւէ մինչեւ 11 Սեպտեմբեր,եւ մինչեւ աշխատանքներու եզրափակումը հայր ֆէտէրիքօ Լոմպարտի(Ռատիօ Վատիկանի Ընդհանուր Տնօրէնը) լրագրողներու տրամադրութեան ներքեւ պիտի գտնուի պատասխանելու համար անոնց հարցումներուն։










All the contents on this site are copyrighted ©.