2009-09-14 12:52:57

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Կարեն Նազարեան իր հաւատարմագիրները յանձնած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի։

Հաւատարմագիրներու յանձնումի պաշտօնական արարողութեան յաջորդած զրոյցին ընթացքին կողմերը անդրադարձած են ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի ներգրաւուածութեան եւ առաջնահերթութեանց առնչուող հարցերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կառավարութեան եւ Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի Գրասենեակին միջեւ ծաւալած համագործակցութեան ։Դեսպան Նազարեան գոհունակութիւն յայտնած է ՄԱԿ-ի տարբեր գործակալութիւններու եւ հիմնադրամներու կողմէ Հայաստանի մէջ իրականացուող ծրագիրներուն իրականացման առնչութեամբ եւ կարեւոր նկատած 2010-2015-ին՝ ՄԱԿ-ի Զարգացման Աջակցութեան Ծրագիրի մշակման գործընթացին մէջ Հայաստանի պետական կառոյցներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու մասնակցութիւնը։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը իր կարգին նշած է, որ ՄԱԿ-ի երեւանեան գրասենեակը իր գործունէութիւնը ծաւալած ատեն կ՝առաջնորդուի Հազարամեակի զարգացման նպատակներով եւ Հայաստանի համար առաջնահերթութիւն հանդիսացող հիմնախնդիրներով։Զրուցակիցները անդրադարձած են արցախեան հիմնախնդիրի հանգուցալուծման բանակցութիւններուն եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ԶՐՈՅՑ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ։ ՝՝ԱՓԱ՝՝ լրատու գործակալութիւնը, իր տեղեկութիւնը քաղելով թրքական լրատու գործակալութիւններէն կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած են։
Տաւութօղլու Անգարայի մէջ լրագրողներուն յայտնած է, որ 10 սեպտեմբերին հեռաձայնած է իր ազրպէյճանցի պաշտօնակիցին եւ տեղեկութիւն ստացած է Լեռնային Ղարաբաղ-Ազրպէյճան շփման գիծին վրայ տեղի ունեցած դէպքի մը մասին, որ ինչպէս ծանօթ է, հերքուած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ։ Միւս կողմէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու երէկ սկսաւ Թուրքիոյ ընդդիմադիր կուսակցութեանց հետ ՝՝Հայաստան-Թուրքիա՝՝ նախաստորագրուած արձանագրութիւններուն շուրջ իր խորհրդակցութիւններուն։
Տաւութօղլու առաջին հանդիպումը ունեցաւ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան՝ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Տենիզ Պայքալի հետ։Պայքալի հետ իր հանդիպումէն ետք Տաւութօղլու արձանագրութիւնները քննարկեց նաեւ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան քարտուղարի տեղակալ Մ.Շահինի եւ ոչ թէ կուսակցութեան ղեկավար Տեվլեթ Պահչելիի հետ։Ըստ Պոլսոյ մէջ ՝՝Tert.am՝՝ի լրագրողին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը փորձեց երկրորդ հանդիպումի մը շուրջ ժամադրուիլ, սակայն Ազգայնական Շարժում կուսակցութեան ներկայացուցիչը մերժած է անոր խնդրանքը։
ԹՐՔԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ։ Թուրք լրագրող Էօմեր Թաշփընար ՝՝Թուտէյզ Զաման՝՝ի մէջ լոյս տեսած ՝՝Թուրքիա եւ Հայաստան իրարու կը մօտենան՝՝ խորագիրով իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ լաւ լուրը այն է որ ՝՝ֆութպոլային դիւանագիտութիւնը կենդանի եւ առողջ է։ Ոչ այնքան լաւ լուրը այն է, որ տակաւին կիսախաղին ենք, եւ երկու ազգային խումբերուն մոլեռանդ համակիրները դաշտին վրայ սուր դանակներ նետելով կրնան մրցումը ջնջել կամ իրենց խումբերը դուրս ձգել՝՝։


ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍԻ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔ՝ 18 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ։
Հայ Ազգային քոնկրես ընդդիմադիր դաշինքի համակարգող Լեւոն Զուրաբեան կատարած է յայտարարութիւն մը, որով կոչ կուղղէ աշխուժօրէն մասնակցելու 18 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք հանրահաւաքին, որ պիտի ազդարարէ բռնապետութեան դէմ մղուող համաժողովրդական պայքարի նոր ալիքին սկիզբը։
Երկրին մէջ իշխանութիւնը բռնագրաւած վարչակարգը օրէ-օր կը ցուցադրէ իր տարրական անկարողութիւնը պետական կառավարման բոլոր կենսական մարզերուն մէջ(ըսուած է յայտարարութեան մէջ)։


14 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1915։ Մուսա Լերան 40 օրերուն մշտանորոգ խորհուրդը։
94 տարի առաջ այս օրերուն, 12-14 Սեպտեմբեր 1915ին, աւելի քան 4 հազար հայ մարդիկ՝ մանուկ եւ ալեհեր, կին թէ տղամարդ, իրենց զէնքերով եւ փոխադրելի ինչքերով, ապաստան գտան ֆրանսական 5 մարտանաւերու վրայ եւ հեռացան իրենց հայրենի դարաւոր ոստանէն՝ Մուսա Լերան Գիւղերէն։ Անոնք հայրենիքը կամովին լքողներ չէին։ Ընդհակառա՛կը , պապենական հողին կառչած հայեր էին, որոնք ամբողջ 40 օր անհաւասար կռիւ մղեցին օսմանեան զօրքին դէմ՝ սեփական հողին վրայ խաղաղօրէն ապրելու եւ արարելու իրենց բնական ու անբռնաբարելի իրաւունքին պահպանման, ամրագրման համար։ Անոնք յաղթանակով պսակեցին 40 օրերու հերոսամարտին օրհասական ճակատումի բոլոր պահերը, երբ խիզախօրէն դիմագրաւեցին եւ յետ մղեցին թրքական զօրքի յարձակումները։ 40 օրերու անմոռանալի այս հերոսապատումը այնքան գեղեցկօրէն իրականացուած ու յաւերժութեան յանձնուած է ֆրանց Վերֆէլի աշխարհահռչակ վէպովը,որը համայն աշխարհի ծանօթացուց Հայերու Վերապրումի Եղերական Էջերէն մին։







All the contents on this site are copyrighted ©.