2009-09-13 13:38:47

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը



Կիրակի, Սեպտեմբեր 13, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց, Գասթել Կոնտոլֆօ ամառնային քահանայապետական ամառանոցի պալատէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Ուրախութեամբ կ'ողջունեմ բոլոր անոնք որոնք կը մասնակցին կիրակնօրեայ հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքին։ Այսօրուան ծիսակատարութիւնը մեզի այս հարցումը կ'ուղղէ ''Քեզի համար ո՞վ է Քրիստոս'' ։ Սիրելիներ քահանայական այս տարւոյն ընթացքին կը հրաւիրեմ ամէնքդ աղօթելու քահանմայական կոչումներու համար եւ բոլոր անոնց համար որոնք Յիսուսը ընտրած են որպէս իրենց կեանքի կեդրոնը։

Վաղը ` սեպտեմբեր 14, Եկեղեցին կը յիշատակէ խաչվերացը, Աստուծոյ ժողովուրդը կանչուած է մեծարելու Քրիստոսի խաչափայտը` Աստուծոյ անհուն սիրոյն նշանը, որով իրականացաւ մեր փրկութիւնը։ Թող Ս. Կոյս Մարիամը բարեխօսէ մեզի համար ընդունելու քաջութեան պարգեւը, որպէսզի ամէն պարաքային` վկայենք թէ խաչը գայթաղութեան պատճառ չէ այլ պարծանքի։

Ապա Սրբազան Հայրը բոլորին ըսաւ. բարի կիրակի եւ Հուսկ, ներկաներուն տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը։

Մարեմեան աղօթքին աւարտին Նորին Սրբութիւնը ընդունեց նորօծ 5 եպիսկոպոսները եւ անոնց պարագաները. Գերապայածառ` Գաչիա նշանակուած առաքելական դեսպան Լիբանանի մօտ, գերապայծառ Գոբոլա Պիւրինտի հանրապետութեան մօտ, գերապայծառ Պարոլին` Վենիզուելայի մօտ, Գերապայծառ Մարթինելլի, առաջնորդ ֆրասքադի թեմին, եւ գերապայծառ Գորպելլինի նախագահը վատիկանի աշխատանքի գրասենեակին։



17-րդ Միջազային համիութենական համագումար Իտալիոյ մէջ։

Սեպտեմբերի 9-12-ը, Իտալիոյ Բոզէի վանքին մէջ, տեղի ունեցաւ 17-րդ Միջազային համիութենական համագումարը՝` Հոգևոր բախում ուղղափառ աւանդութեան շրջանակներու մէջ թեմայով։ Համագումարը կազմակերպած էր Բոզէի վանքը համաործակցութեամբ Ուղղափառ Եկեղեցիներու հետ ։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն ժողովին մասնակցեցաւ Ադամ քահանայ Մակարեանը, որը հանդէս եկաւ բանախոսութեամբ եւ ընթերցեց Վեհափառ Հայրապետի ուղերձը համագումարի մասնակիցներու։








All the contents on this site are copyrighted ©.