2009-09-13 09:57:23

Լուրեր հայ աշխարհէն - Նոր Խաչքարի զետեղում Քեսապի մէջ


Լուրեր հայ աշխարհէն - Նոր Խաչքարի զետեղում Քեսապի մէջ



Սուրիոյ Քեսապ հայաւանը վերջերս զարդարուեցաւ հայկական խաչքարով մը: Խաչքարը զետեղուեցաւ Էսքիւրէն գիւղի գեղատեսիլ բլուրի մը վրայ, ուր Քամիշլիի Հայ Կաթողիկէ Հովիւ Գերյարգելի Անդրանիկ Ծ. վրդ Այվազեանի ջանքերով՝ մի քանի տարի առաջ, կառուցուած էր «Տիրամայր նահատակաց» վանքը, որ կը ծառայէ որպէս ՜՜ամառնային կազդուրման ու կրթութեան կեդրոն՝՝ Սուրիոյ զանազան շրջաններէ ժամանած քրիստոնէական, երիտասարդական եւ այլեւ այլ խումբերուն: Այս վանքի մուտքին տպաւորիչ ժայռաբեկորի մը վրայ կանգնած է այսօր նրբակերտ խաչքարը որ առաջինն է Քեսապի շրջանին մէջ: Խաչքարը հայկական տուգ քարի վրայ պատրաստուած է Մայր հայրենիքի մէջ ու ձօնուած հայ ազգի նահատակներուն: Խաչքարը զետեղուեցաւ 30 Յուլիսին, կանխաւ պատրաստուած պատուանդանին վրայ Գերյ. Անդրանիկ Ծ.Վրդ. Այվազեանի յատուկ գուրգուրանքով ու անմիջական հսկողութեամբ: Իսկ 31 Յուլիսին տեղի ունեցաւ Խաչքարի օրհնութիւնն ու օծումը: Հոգեպարար արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Գերյ. Անդրանիկ Ծ.Վրդ. Այվազեանի կողքին, Քեսապի Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետ՝ գեր. Հ. Գարեգին վրդ. Քէօշկերան ու Զմմառու միաբանութեան վարչութեան անդամ գեր. Հ. Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեան: Ներկայութեամբ Էսքիւրէնի բնակիչներուն, Դամասկոսի Հայ Կաթ. Միութեան Պատանեկանի անդամներուն, որոնք իրենց տարեկան բանակումի առիթով կը գտնուէին Քեսապ, ինչպէս նաեւ Դամասկոսէն ժամանած բարեկամներուն, ըստ հայկական ծէսի, Խաչքարը օծուեցաւ գինիով, ջուրով ու սրբալոյս միւռոնով ու օրհնուեցաւ աղօթքներով ու շարականներով հոգեւոր հայրերու կողմէ, ապա ներկաները «Խաչի քո» շարականի երգեցողութեամբ երկրպագութիւն մատուցեցին նորակերտ խաչքարին ու տէրունական աղօթքով վերջ գտաւ արարողութիւնը: Այս առթիւ Գերյ. Հ. Անդրանիկ մաղթեց որ այս սուրբ խաչքարը իր հովանիին տակ ապահով կը պահէ Քեսապի հայութիւնը ու բարօրութիւն կը պարգեւէ ու Յիսուս Քրիստոս այս խաչքարին մօտեցողներու աղօթքները կ՝ընդունի ու խնդրանքները կը կատարէ:

 

 

Միհրան Մինասեան արժանացած թարգմանչական գրականութեան մրցանակի։

Հալէպահայ մտաւորական, գրող ու թարգմանիչ Միհրան Մինասեան ունեցաւ նկատառելի յաջողութիւն մը, ան կարժանացաւ Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութեան մրցանակին՝ թարգմանչական գրականութեան զարգացման բերած իր օգտաշատ նպաստին համար։

Միհրան Մինասեանի գրական-թարգմանչական վաստակը ծանօթ է հայկական թէ արաբական մտաւորական-գրական շրջանակներուն։ Ան հայերէնէ արաբերէնի եւ արաբերէնէ հայերէնի թարգմանած է արաբ եւ հայ գրողներու, բանաստեղծներու թէ արձակագիրներու ստեղծագործութիւնները եւ՝ արժանացած ջերմ գնահատանքի։ Կարդացած ենք իր պատմուածքները՝ սուրիացի գրագէտներու ստորագրութիւնը կրող, գրագէտներ, որոնք լուսարձակի տակ առած են եւ յատուկ ուշադրութեամբ ներկայացուցած են հայ տիպարներ, ժողովուրդի զաւակներ, որոնք օսմանեան լուծին տակ եւ աքսորի անապատներուն կարողացած են իրենց գլուխը պահել Սուրիոյ եւ Իրաքի արաբ ժողովուրդներու ասպնջականութեամբ։ Միհրան Մինասեան մօտիկ եղած է արաբ գրողներու, կարդացած է անոնց հրատարակած գրականութիւնը եւ յանձնառու եղած է ստեղծելու արաբ եւ հայ ժողովուրդները իրարու ծանօթացնելու գրականութեան ճամբով եւս։

Մինասեանի կարեւոր ներդրումը կը նկատուի հայերէնէ արաբերէն թարգմանութիւնը՝ ձեռագիր օրագրութեան մը, զոր գրի առած է հայ կաթողիկէ վարդապետ մը՝ Հալէպի մէջ, ուր մօտ 200 տարի առաջ պատահած են քաղաքական խռովութիւններ եւ բախումներ, Հալէպի արաբ ժողովուրդին ընդվզումով եւ ըմբոստութեամբ, ընդդէմ օսմանցի փաշայի մը։ Այս հատորը հրատարակուած է եւ այսօր կօգտագործուի Սուրիոյ մէջ իբրեւ պատմական իրադարձութեանց կարեւոր աղբիւր։ իր գործերէն է նաեւ Իպրահիմ Խալիլի Անապատի բնակիչները՝ հայկական ջարդերու թեմայով։

Թարգմանչական գրականութեամբ մենք ծանօթացած ենք միջազգային գրական գործերու, տաղանդաւոր հեղինակներու, մասնաւորաբար՝ ֆրանսական եւ անգլիական հռչակաւոր անուններու։ Իսկ ինչ կը վերաբերի արաբ եւ պարսիկ համբաւ շահած մեծութիւններու գործերուն, Միհրան Մինասեանին գործունէութեան անդրադառնալու առիթով, կարեւոր ներդրում ունեցած է նաեւ տոքթ Ասթարճեան, որ կոթողական աշխատանք մը ներկայացուցած է հայերէնէ արաբերէնի եւ արաբերէնէ հայերէնի թարգմանելով հայ եւ արաբ գրականութեան գլուխ գործոցները։ Նաեւ հայազգի պարսկագէտներ թարգմանած են պարսկական գրականութեան գլուխ գործոցներէն։ Արաբական ծաղկուն գրականութեան ծանօթացման իր կարեւոր մէկ բաժինը բերած է նաեւ Ներսէս Պարսումեան՝ լոյս ընծայելով կոթողային հատոր մը, երկար տարիներու աշխատանքով։ Հատորը կը վերաբերի Քալիլա ուա տումնա կամ Պիտփայի առակագիրքը ստեղծագործութեան. անիկա գրական-թարգմանչական աշխատանք է, նաեւ պայծառ վկայութիւններ են հայ-արաբ դարաւոր բարեկամութեան, որ կը շարունակուին մինչեւ այսօր, նաեւ իբրեւ ցուցանիշ՝ հայ եւ արաբ մշակոյթի գեղեցկութեան եւ տաղանդաշատ գրագէտներու փայլուն վաստակին։








All the contents on this site are copyrighted ©.