2009-09-12 13:20:11

Լուրեր քրիստոնեայ աշխարհէն


Լուրեր քրիստոնեայ աշխարհէն

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարան այցելող քաղաքական ու դիւանագիտական անձնաւորութիւններու շարքին, Ուրբաթ 11 Սեպտեմբեր 2009-ին, Մայրավանք այցելեց ու Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ հանդիպում ունեցաւ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշէլ Սեսըն:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան մասին տեղեկութիւն տալով, դեսպան Սեսըն անդրադարձաւ լիբանանեան մակարդակի վրայ իր երկրի վարած քաղաքականութեան: Վեհափառ Հայրապետը, իր կարգին, շեշտեց համախոհութեան կարեւորութիւնը, լիբանանցի ժողովուրդի կեանքի ներկայ ճակատագրական հանգրուանին:

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ նաեւ անդրադառնալու Միացեալ Նահանգներէն ներս հայ համայնքի կազմակերպ ու դրական ներկայութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Արեւելեան ու Արեւմտեան թեմերու գործունէութեան, հոգեւոր,



ՀԿՄ Հայ Կաթողիկէ միութեան Դամասկոսի 2009ի տարեկան բանակումը

2009ի բանակումին մասնակցեցան 50 ՀԿՄականներ, որոնք ինչպէս միշտ վայելեցին Քեսապի Հայ Կաթողիկէ վանքի յարմարութիւնները։ Քեսապի Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետ Գեր Հայր Գարեգին վարդապետ Քէօշկերեանը սիրալիր ու հոգատար վերաբերմունքով բանակումի մասնակիցներուն համար ստեղծեց լաւագոյն պայմաններ։ Գերապատիւ Հ Բարսեղ վարդապետ Պաղտասարեան մասնաւորապէս ժամանեց Զմմառու վանքէն ու մասնակցեցաւ բանակումին։ Ան իր շէն բնաւորութեամբ՝ ուրախութիւն պատճառեց բոլորին ու իր մատուցած Ս Պատարագներով ու աղօթքներով քիչ մը աւելի մօտեցուց պատանիներն ու ջահակիրները մեր Ս կրօնքին։ Դամասկոսի ՀԿՄականները ինչպէս միշտ յատուկ ուշադրութեան արժանացան Քեսապի ՀԿՄ Պատանեկան խորհուրդի կողմէ, որոնք միշտ բանակողներու կողքին էին մանաւանդ Պատանեկանի հրամանատար Ընկերուհի Մարիեթ Նազարեանի եւ խորհուրդի անդամ Ընկ Արարատ Մահտեսեանի։ Կանխաւ պատրաստուած յայտագրին հետեւելով, ջահակիրներն ու պատանիները մասնակցեցան զանազան արշաւներու, հետեւեցան նիւթերու ՀԿՄ պատանեկանի սկզբունքներու մասին, ազգային ու ընդհանուր զարգացման առնչուող հարցերու շուրջ։ Նոյնպէս անոնք մրցակցեցան զանազան խաղերու ընթացքին, ջանալով արձանագրել լաւագոյն արդիւնքները։Անոնք սորվեցան նոր երգեր ու յաջողցուցին ձեռային աշխատանքներ։ Առաւօտեան մարզանքը, դրօշակի արարողութիւնը, ապա նախաճաշը միշտ նոյն ժամուն՝ կը ճշդէին օրուայ գործունէութիւններու կշռոյթը ու անհրաժեշտութիւնը ճշդապահութեան ու կարգապահութեան։

Խարոյկի բոցավառումով սկիզբը տրուեցաւ բանակումի աւարտական հանդէսին։ Ջահակիրներն ու պատանիները ցոյց տուին իրենց շնորհքները երգերու, նուագներու, պարերու ու զաւեշտներու կատարումներով, արժանանալով բազմաթիւ ներկաներու գնահատանքին, որոնց կը գլխաւորէին Հայր Գարեգին ու Հայր Բարսեղ վարդապետները ու Դամասկոսի ՀԿՄ-ի խորհուրդի յարգարժան անդամները։ Ընկ Մհեր Գալենտէրեանը խօսք առնելով գնահատեց Դամասկոսի ՀԿՄականները իր եւ իր ընկերներուն ուրախութիւնը յայտնելով մասնակցելու բանակումին։ Ան այս առթիւ յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց Դամասկոսի Պատանեկանին։ Խարուկահանդէսի աւարտին խօսք առաւ Հայր Բարսեղը շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր պատասխանատուներուն որոնք յաջող բանակում մը կազմակերպած էին, խնդրելով ծնողներէն վստահիլ իրենց զաւակները ՀԿՄ Պատանեկանին որ մեծ աշխատանք կը տանի դաստիարակելու ու պատրաստելու ապագայի հայ նուիրեալ զաւակները մեր համայնքին։ Հայր Գարեգինի օրհնութեամբ ու տէրունական աղօթքով վերջ գտաւ խարուկահանդէսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.