Ո՞վ
ուրեմն պիտի համարձակէր ըսել՝ թէ քահանան ոչ մէկ բանի օգտակար է, որովհետեւ ան ոչ ընտանիքի
հայր է, ոչ գործաւոր, ոչ վաճառական, ոչ ճարտարապետ: Եւ սակայն, անոր տուած կեանքը Աստուծոյ
կեանք է: Քահանային ձեռքը Քրսիտոսի ձեռքն է, որ կ’օրհէ, կը ներէ ու կը սրբացնէ: Քահանան,
որպէս անտեսանելի Տիրոջ ներկայութիւն, ուրիշներուն կ’օգնէ ապրելու եւ մեռնելու որպէս
Աստուծոյ որդիներ: Այս միայն արժէք ունի յաւիտենական կեանքին համար:
Աշխարհը ի՞նչ
պիտի ըլլար առանց Աւետարանի եւ առանց քահանայի, որ անոր վկան ու պատգամաբերն է: Այն որ
Եպիսկոպոսի կողմէ օծուած է՝ որպէս Քրիստոսի եւ եկեղեցւոյ քահանայ, պարտի ըլլալ ամէն տեղ
ուր հոգիներ կան որոնք պէտք ունին ուսումի, սրբացումի եւ ներումի: Քահանան ներկայ է կեանքի
բոլոր ճամբաներուն վրայ:
Քահանան քրիստոնեայ ընտանիքի ուրախութիւններն ու ցաւերը
կը բաժնէ: Եւ որովհետեւ հրաժարած է յատուկ ընտանիք մը հիմնելէ, ամէն րոպէ տրամադիր է,
միշտ պատրաստ՝ ամէն կոչի պատասխանելու, սիրտը բաց ու ազատ ունկնդրելու, հասկնալու, դաստիարակելու
եւ մխիթարելու: