2009-09-11 12:52:08

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը
եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը
եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ

Սրբազան Հայրը ընդունեց ՄԱԿԻ երկրորդ անձնաւորութիւնը։
Միացեալ Ազգերու կազմակերութեան ենթաքարտուղարը թանզանիացի տիկին Աշա-Ռոզ Միճիրօ սեպտեմբեր 9ին տեսակցութիւն ունեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հետ ՄԱԿի ընդհանուր ժողովի 64 նիստին նախօրեակին։ Ապա Տիկին Աշա-Ռոզ Միճիրօ հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի պետական քարտուղար կարտինալ Պերթոնէի հետ։
ՄԱԿի ընդհանուր ժողովի 64 նիստի աշխատանքները կը սկսին սեպտեմբեր 15-ին։ Գերապայծառ միլիորէ, որպէս Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ կը հետեւի ՄԱԿի աշխատանքներուն։ Յայտնենք թէ Ս. Աթոռը ներկայ է ՄԱԿ-ին մէջ, 2 ապրիլ 1964-էն սկսեալ, ունենալով որպէս մնայուն դէտի իրավիճակ։ Ասիկա կը նշանակէ թէ կը մասնակցի աշխատանքներուն, ''հաւասար բոլոր պետութիւններուն'' առանց սակայն քուէարկելու կամ թեկնածու ըլլալու իրաւունքի։ ՄԱԿը 2004-ին պաշտօնապէս ընդունած է Ս. Աթոռը որպէս անդամ ու վերահաստատած է անոր մնայուն դէտի իրաւավիճակը։



ֆրանսայի Գլընի աբբայարանը կը պատրաստուի տօնախմբելու իր հիմնարկութեան 1100ամեակը։

Սեպտեմբեր 12ին ֆրանսայի Գլըն քաղաքը կէսօրին իր 12 դռները պիտի բանայ սկիզբ տալով Գլընի աբբայարանի 1100 ամեակի հանդիսութիւնները։ Գլըն աբբայարանը, միջին դարուն, դարձած էր Եւրոպայի քրիստոնէութեան սիրտը։ Գլընի աբբայարանի կանոնագիրքը ներշնչուած է Ս Պենետիկտոսի կանոնագիրքէն։ Այս Աբբայարանի մեծագոյն սուրբերէն մէկը եղած է սուրբ Օտտոն։ Սրբազան Քահանթայապետը սեպտեմբեր 2ին ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին յիշած է սուրբը ու մեծարած է անոր գործունէութիւնը։ Սուրբ Օտտոն արհամարած է աշխարհը ու մեծ եռանդ ցուցաբերած հոգիներու փրկութեան համար, եզակի ուշադրութիւն ունեեած է հանդէպ աղքատներուն, ծերերուն ու երիտասարդներուն։



Չեխ եպիսկոպոսներու երկրորդ հովուական նամակը Սրբազան Քահանայապետի այցելութեան մասին։
Հաւատացեալներուն ուղղած եուկրորդ նամակով չեխ եպիսկոպոսները հաւատացեալներուն յիշեցնելէ ետք Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին կամքը այցելելու Չեխ հանրապետութիւնը սեպտեմբեր 26-28, կը գրեն թէ կաթողիկէ չեխերու ներկայութիւնը ընկերութեան մէջ այնքան ալ պարզ չէ։ Մէկ կողմէն ընկերութիւնը շատ բան կ'ակնկալէ մեզմէ եւ միւս կողմէն այն տպաւորութիւնը կը թողու թէ մենք արգլելք մըն ենք, որովհետեւ տարբեր ենք։ Մենք մեզի հարց տանք թէ ի՞նչու եւ ի՞նչպէս տարբերենք։ Մարդիկ ի՞նչ բան կ'ակնկալեն մեզմէ եւ ի՞նչպէս կը համապատասխանենք այս ակնլալութիւններու եւ դրականօրէն ի՞նչ բան պէտք ենք կատարել։ Զանազանութիւն որ կայ այն է թէ քրիստոնեան կը հաւատայ Աստուծոյ եւ այն ինչ որ կիրակի օրը կը կրկնէ Հաւատամքին մէջ։ Ան կ'աշխատի որ իր կեանքը հաստատ ըլլայ Քրիստոսի մէջ։ Բնականաբար Յիսուսի նման կատարեալ չենք, մենք տկար ենք ու մեղաւոր եւ հակառակ մեր մեղքին կ'ուզենք խաղաղութիւնը եւ կարգ ու կանոնը աշխարհին մէջ։ Մենք կ'աշխատինք մերժել չարը ու պայքարիլ չարին դէմ Աստուծոյ օգնութեամբ։ Մեր պարտականութիւնը ծանր է եւ սակայն կը ջանանք կատարել ամենայն խոնարհութեամբ ու համեստութեամբ։ Մեր ընկերութեան մէջ շատեր չեն ընդունած այս պարգեւը եւ դժուարութիւն ունին հասկնալու կեանքի նշանակութիւնը։ Հաւատալ կը նշանակէ պահել ու պաշտպանել աստուածային օրէնքը, որ ներփակուած են տասը պատուիրաններու մէջ։ Մեր պարտականութիւնն է կատարել եւ ճանչցնել պատուիրանները։ Չեխ եպիսկոպոսները իրենց երկրորդ նամակը կ'եզրափակեն խնդրելով Ս. Հոգիին զօրութիւնը որպէսզի Աստուծոյ ժողովուրդը աներկիւղ հռչակէ իր հաւատքը ու թթխմոր ըլլայ ընկերութեան մէջ։ Եւ կ'աղօթեն բոլոր չեխ ընկերութեան համար ու կ'օրհնեն զանոնք մաղթելով որ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հովուական այցելութիւնը օրհնաբեր ըլլայ։







All the contents on this site are copyrighted ©.