2009-09-11 13:16:29

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 

Ղարաբաղը Կը Հերքէ։ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՀԵՐՔԷ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԱՊԱՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ։

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ վճռականապէս հերքած է ազրպէյճանական լրատու միջոցներուն տարածած տեղեկութիւնները այն մասին, թէ երէկ առաւօտեան ժամը 9։00-ին (Երեւանի ժամով) հայկական ուժերը յարձակում գործած են Աղտամի ուղղութեամբ եւ այս պատճառով ալ զոհուած են ղարաբաղեան ստորաբաժանումներու 5 զինուորներ, իսկ 3 ուրիշներ վիրաւորուած են։Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը այդ լուրերը նկատած է Պաքուի պաշտօնական քարոզչամեքենայի հերթական ապատեղեկատուութիւն, եւ անոր բուռն երեւակայութեան արդիւնք։ Յատկանշական է, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր բանբերին միջոցով տեղեկութիւն սփռած է հայկական կողմի զոհերու թիւին մասին, ինչ որ աննախադէպ է։

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ՝ԸՆԴՈՒՆԻ ՈՒԱԼԻՏ ԺՈՄՊԼԱԹ-Ը։
Հինգշաբթի, 10 սեպտեմբեր 2009-ի կէսօրին, Անթիլիասի մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ, Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը՝ Ընկերվար Յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի։
Երկարատեւ հանդիպումը ընդրկեց յատկապէս Լիբանանի եւ ընդհանրապէս շրջանային քաղաքական ուղեգիծներու քննարկումը։ Վեհափառը այս ծիրին մէջ իր պատկերացումները փոխանցեց քաղաքական գործիչին։ Ժոմպլաթ իր կարգին երկրի քաղաքական կեանքի կայունութեան եւ ժողովուրդի բարօրութեան ի նպաստ իր տեսակէտները յայտնեց վեհափառին։

ԱՇՈՏ ՔՈՉԱՐԵԱՆ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆ։
Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը հաղորդեց, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հրամանագիրներ ստորագրած է Աշոտ Քոչարեանը Հնդկաստանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պաշտօնէն ազատ կացուցելու եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան նշանակելու մասին։ Նախագահ Սարգսեան նոյն օրը հրապարակուած այլ հրամանագիրով մը Արթուր Օսիկեանը նշանակած է Հայաստանի կառավարութեան առընթեր ոստիկանութեան պետի տեղակալ։ Աշոտ Քոչարեան ծնած է 8 յունիս 1957-ին։ Յաճախած է Երեւանի Վ. Բրիւսովի անուան օտար եւ ռուսերէն լեզուներու հիմնարկը՝ անգլերէնի ու ռուսերէնի եւ գրականութեան մասնագիտութեամբ։ 1987-1990 կը հետեւի Հայաստանի Ազգային ակադեմիայի փիլիսոփայութեան եւ իրաւունքի հիմնարկի ասպիրանտուրային։ 1992-ին կը հետեւի Լա Հէյ-ի միջազգային յարաբերութեանց հիմնարկի յատուկ դիւանագիտական դասընթացքներուն։ Այնուհետեւ յաճախած է նաեւ Վիեննայի դիւանագիտական ակադեմիա։ Աշոտ Քոչարեան 2003-2005 եղած է Հայաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղար։ 2005-2009 վարած է Հնդկաստանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պաշտօնը։ Համատեղութեան կարգով դեսպան եղած է նաեւ Ինտոնեզիոյ, Սրի Լանքայի, Նեփալի եւ Մալեզիոյ մէջ (նստավայրը՝ Նիւ Տելհի)։
Ունի փիլիսոփայական գիտութիւններու թեկնածուի գիտական աստիճան։ Շատ լաւ կը տիրապետէ հայերէնին, ռուսերէնին եւ անգլերէնին։ Ամուսնացած է, ունի երկու զաւակ։
ԻՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄԷՆ 73 ՕՐ ԵՏՔ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՀԱՐԻՐԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ԻՐ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ։Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան գործընթացը, որ սկսած էր Սաատ Հարիրիի վարչապետ նշանակումով, երէկ կէսօրէ ետք սառեցաւ, երբ կառավարութեան կազմութեան յանձնառութիւնը ստանձնած վարչապետը իր նշանակումէն 73 օր ետք յայտարարեց, թէ ինք կը հրաժարի իր ստանձնած այդ պատասխանատուութենէն։ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք այցելեց Պէյթէտտին, ուր ընդունուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր Միշել Սլէյմանին կողմէ։
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կառավարութեան կազմութեան ծիրին մէջ Հարիրիի ներկայացուցած կազմին պատկերացումը եւ անոր նկատմամբ ընդդիմութեան մերժողական կեցուածքն ու նախագահին ներկայացուցած դիտողութիւնները։Հանրապետութեան նախագահը՝ նեցուկ ունենալով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին եւ երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթին քաջալերական կեցուածքները, շարունակեց համոզել Հարիրին, որ չհրաժարի։
Սակայն նախագահ Սլէյմանի, Պըրրիի եւ Ժոմպլաթի ջանքերը ի դերեւ ելան, երբ Հարիրի հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ ինք կը հրաժարի իր ստանձնած կառավարութեան կազմութեան յանձնառութենէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.