2009-09-10 13:06:16

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին, Բարդողոմիոս եւ Կիւրեղ պատրիարքներու պատգամները համամիութենական ժողովին կազմակերպութեամբ Պոզէ հասարակութեան։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին, Բարդողոմիոս եւ Կիւրեղ պատրիարքներու պատգամները համամիութենական ժողովին, կազմակերպութեամբ' Պոզէ հասարակութեան։

Իտալիոյ Պոզէ աբբայարանին մէջ սկիզբ առաւ ԺԷ. համամիութենական միջազգային ժողովը օրթոտոքս հոգեւորականութեան մասին։ Ժողովին նիւթն է ''հոգեւոր պայքարը օրթոտոքս հոգեւորականութեան մէջ''։ Համաժողովին կը մասնակցին կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Կ.Պոլսոյ պատրիարքութեան եւ Մոսկուայի պատրիարքութեան ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Անկլիգան եկեղեցւոյ ու եկեղեցիներու համամիութեան խորհուրդի պատուիրակներ։

Վատիկանի Պետական Քարտուղարը` Կարտինալ Պերթոնէ յանուն Սրբազան Քահանայապետին հեռագիր մը յղեց ժողովականներուն որով կը մաղթէ որ եղբայրական հանդիպումը յարուցէ նոր գիտակցութիւն մը հոգեւոր պայքարի եւ յանձնառում լաւագոյն կերպով քրիստոնէական դաստիարակութիւն ջամբելու՝ նոր սերունդին։

Կ.Պոլսոյ պատրիարքին համար նման հանդիպում մը պերճախօս ապացոյց մըն է վանականութեան սատարին համամիութեան շարժումին զանազան նուիրապետութիւններու միջեւ։

Իսկ Մոսկուայի Կիւրեղ պատրիարքին համար հոգեւոր պայքարը հիմնական նիւթ մըն է եւ անբաժան մէկ մաս մը, անոր, որ կ'ուզէ Քրիստոսի ետեւէն քալել։

Հուսկ կարտինալ Գասբեր` նախագահը եկեղեցիներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին, կը մաղթէ որ այս հանդիպումը սատարէ փոխադարձ ճանաչումի ՜՜լաւագոյն վկայութիւն տալու Քրիստոսի՝՝ աշխարհի մէջ։

 

Հողամշակներու մատրանապետերու ժողովին, Սրբազան Քահանայապետը կը խնդրէ. ՜՜Վերահաստատել տնտեսութեան բարոյական սկզբունքները՝՝ իսկ կարտինալ Պերթոնէ՝ ՜՜կիսել երկրի բարիքները՝՝։

Ներկայիս Հռոմի մէջ տեղի կ'ունենայ հողամշակներու մատրանապետներու ժողովը, ունենալով որպէս բնաբան. ''զօրակցութիւնը` յոյսի թեւերն են, տնտեսութիւնը եւ բարոյականութիւնը այսօր''։ Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին, Սրբազան Քահանայապետը, ողջունելով հողամշակներու մատրանապետները, խնդրեց վերահաստատել տնտեսութեան բարոյական սկզբունքները։ Նոյն օրը, Կարտինալ Պերթոնէ` Վատիկանի պետական քարտուղարը, պատարագ մատուցեց ժողովականներուն եւ իր արտասանած քարոզին մէջ խնդրեց որ ՜՜խաղաղութիւնը ըլլայ ճշմարիտ կիսումը երկրի բարիքներուն՝՝։ Պատարագիչ կարտինալը ընդգծեց այսօրուայ հողամշակներու դիմագրաւած դժուարութիւնները ճարտարարուեստի հետեւանքով։ Եկեղեցին ըսաւ կարտինալը կ'ընդգծէ անհրաժեշտութիւնը նեցուկ կենալու հողամշակներուն, որպէսզի անոնք իրենց կարգին ընդառաջեն աշխարհի բնակիչներու սննդարութեան պահանջքին։ Հողը Աստուծմէ տրուած մեծ պարգեւ մըն է, անոր բարիքները հաւասարապէս պէտք է բաշխել բոլոր երկրի բնակիչներուն։ Եկեղեցին, ըսաւ կարտինալ Պերթոնէ, ոչ միայն կը պաշտպանէ հողը, ջուրը եւ օդը, որ Արարիչ Տէրը բոլորիս տուաւ, այլեւ կ'ուզէ ՜՜ինքնակործանումէ՝՝ պաշտպանել մարդ էակը ։
Ափրիկէի եպիսկոպոսներու ժողով Վատիկանի մէջ։
Յառաջիկայ հոկտեմբեր 4-25 Վատիկանի մէջ պիտի գումարուի Ափրիկէի եպիսկոպոսներու երկրորդ ընդհանուր ժողովը, ունենալով որպէս բնաբան. ''Եկեղեցին Ափրիկէի մէջ ի սպաս հաշտութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան։ Դուք էր երկրի աղը, դուք էր աշխարհի լոյսը''։

15 տարիներ անցան Ափրիկէի եպիսկոպոսներու առաջին ընդհանուր ժողովին, որ գումարուեցաւ 1994ին։ Եկեղեցին դարձեալ իր աչքերը կ'ուղղէ դէպի Ափրիկէ խորհրդածելու այս ցամաքամասին վրայ։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը անձամբ պիտի բանայ սիւնոդոսի աշխատանքները կիրակի 4 հոկտեմբեր 2009ին հանդիսաւոր պատարագ մատուցանելով Ս. Պետրոս տաճարին մէջ։

 







All the contents on this site are copyrighted ©.