2009-09-10 13:07:32

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ Կ՝ԸՆԴՈՒՆԻ ՌՈՒՍԻՈՅ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐԸ։Հայաստանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան տնօրէն Ալեքսանտր Պորթնիքովը։ Ան գոհունակութեամբ ընդգծած է հայ-ռուսական ռազմավարական գործընկերութիւնը եւ տարբեր մարզերու մէջ կանոնաւոր շփումներն ու քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակը, որուն վկայութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ տարբեր ուղղութիւններով ընդլայնուող փոխադարձ գործակցութիւնն է։ Զրուցակիցները քննարկած են նաեւ շրջանային անվտանգութեան խնդիրները։ Նախագահ Սարգսեան բարձր գնահատած է Ռուսիոյ կայունացնող դերը շրջանին մէջ։ Ալեքսանտր Պորթնիքով Երեւան ժամանած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ անվտանգութեան ծառայութիւններու ղեկավարներու միացեալ խորհրդակցութեան մասնակցելու նպատակով։

ԴԻՏԱՐԿՈՒՄ՝ ՂԱՐԱԲԱՂ - ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ՃԱԿԱՏԻՆ ՎՐԱՅ։
Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութեան, երէկ ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւնը դիտարկում կատարած է Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն միջեւ ճակատի՝ Լեռնային Ղարաբաղի Մարտակերտի շրջանի Սէյսուլան բնակավայրէն դէպի արեւելք ինկած հատուածին մէջ։ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակին դիրքերէն դիտարկումը իրականացուցած են ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնականներ Իրժի Ապերլէն (Չեխիա) եւ Վլատիմիր Չունթուլով (Պուլկարիա)։ Հակառակորդի կողմէն դիտարկումը կատարած են Փիթըր Քին (Մեծն Բրիտանիա), Ժասլան Նուրթազինը (Ղազախստան) եւ Իմրէ Փալաթինուսը (Հունգարիա)։Միւս կողմէ մեկնաբանելով ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի ամերիկացի նոր համանախագահ Ռոպըրթ Պրատքէի նշանակումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Վահրամ Աթանեսեան ըսած է, թէ անձը ոչինչ կը փոխէ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի նոր համանախագահը պարզապէս կը կատարէ իր ղեկավարութեան յանձնարարականները։ Ըստ անոր, Պրատքէ բաւական հետաքրքրական դէմք է, քանի որ անցեալին ան աշխատած է պալքանեան երկիրներուն մէջ, ինչպէս նաեւ զբաղած է Քոսովոյի հարցով։Աթանեսեան նաեւ մեկնաբանած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի Ռուսիոյ համանախագահին պաշտօնին համար Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կրիկորի Քարասինի հաւանական նշանակումը՝ նշելով, որ այս քայլով Մոսկուա կը փափաքի իր ներկայացուցչութեան մակարդակը բարձրացնել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին մէջ։
ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ ՈՂՈՂՈՒՄՆԵՐԸ 31 ԶՈՀԵՐ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԵՆ,ԿՈՐՍՈՒԱՍԾ ԱՆՁԵՐՈՒ ԹԻՒԸ՝ 9։ Պոլսոյ՝ հիւսիս-արեւմտեան Թէքիրտաղ եւ Իքիթէլլի շրջաններու գլխաւոր մայրուղիներուն եւ առեւտրական կեդրոններուն մէջ ողողումները պատճառած են 31զոհեր։ Զոհերէն ոմանք(բանուոր-բանորուհիներ) գործի գացած ինքնաշարժներուն մէջ խեղդամահ եղած են։ Պատահածը կը նկատուի վերջին 80 տարիներու յոռեգոյն ողողումը որ այս օրերուն հարուածեց արեւմտեան Պոլիսը ։Յատկապէս Պոլսոյ Իքիթելլի շրջանին մէջ ջուրերուն մակարդակը բարձրացած է աւելի քան մէկ մեթրի՝ կտրելով դէպի Պոլսոյ գլխաւոր օդակայանը առաջնորդող ճամբան ու նաեւ Թուրքիան՝ Յունաստանին, Պուլկարիոյ եւ Պոլսոյ եւրոպական ափին կապող մայրուղին,բայց Պոլսոյ Աթաթիւրք միջազգային օդակայանը չէ ազդուած ողողումներէն եւ թռիչքները շարունակած են իրենց բնական ընթացքը։ Իսկ Ոստիկանութիւնը միջոցառումներ որդեգրեց՝ խանութներու եւ տուներու կողոպուտին արգելք հանդիսանալու համար,մինչ ի յայտ կուգային թալանի տխուր տեսարաննելր

2010-Ի ՄՈՆՏԻԱԼԻ ԶՏՈՒՄԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՅԱՂԹԵՑ ՊԵԼՃԻՔԱՅԻՆ, ԱՐՁԱՆԱԳՐԵԼՈՎ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ ԻՐ ԱՌԱՋԻՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ ։6 սեպտեմբեր 2008-ին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը կատարեց 2010-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի իր առաջին մրցումը։ Եօթը մրցումի ընթացքին վեց պարտութիւն կրելէ եւ հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք, երէկ հայրենի կազմը տարի մը ետք յաջողեցաւ արձանագրել իր առաջին յաղթանակը, երբ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պելճիքան։2010-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան 25 ճակատումներ, ինը խմբակներու մէջ։

Թուրքիոյ Բարեկամ Ամերիկացի Գոնկրէսականները՝ Անհանգիստ։
Թուրքիոյ հետ բարեկամութեան խումբի համանախագահ, Գոնկրէսական Ռոպըրթ Վեկսլեր կոչ ուղղած է Անգարային՝՝արագացնելու հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը՝՝ նշելով թէ եթէ Երեւան-Անգարա երկխօսութիւնը դադրի, Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը դարձեալ Գոնկրէսի մէջ պիտի ներկայացուի։ Թրքական ՝՝Սապահ՝՝ թերթը կը գրէ որ Գոնկրէսականը այս հարցով հանդիպում ալ ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի հետ։

ՀԱՅԱՍՏԱՆ։ Հայաստանի Նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը յայտնէ որ Նախագահ Սարգսեան Հնդկաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանը նշանակած է՝ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Դեսպան։

ՀԱՅԱՍՏԱՆ։ ՝՝Օրինաց Երկիր ՝՝ Կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Հեղինէ Բիշարեան ՝՝Tert.am. ՝՝ի յայտնած թէ Օրինաց Երկիր կուսակցութեան մէջ կարդացած են Հայաստան-Թուրքիա նախաստորագրուած արձանագրութիւնները եւ հոն վտանգաւոր որեւէ բան չեն տեսած։







All the contents on this site are copyrighted ©.