2009-09-09 13:54:59

Լուրեր հայկական կեանքէն

Երեւանի մէջ Կոստան Զարեանի նուիրուած յուշատախտակի բացումը եւ ցուցահանդէս իր որդիին աշխատանքներուն։


Երեւանի մէջ , բացումը կատարուած է՝ յայտնի գրող Կոստան Զարեանի նուիրուած յուշատախտակին, ա՛յն շէնքին մուտքին, ուր ժամանակին գրագէտն ու անոր որդին՝ ճարտարապետ Արմէն Զարեանը բնակած էին եւ որ կը գտնուի Աբովեան փողոցի վրայ, թիւ 17 ։

Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուած են գրողի թոռն ու ճարտարապետին որդին՝ Արա Զարեանը, Հայաստանի Գրողներու եւ ճարտարապետներու միութիւններու նախագահներ՝ Լեւոն Անանեանն ու Մկրտիչ Մինասեանը, Հայաստանի ճարտարապետութեան թանգարանի տնօրէն Աշոտ Գրիգորեանը, Զարեաններու ընտանիքի ընկերներն ու գործընկերները։

Կոստան Զարեան եղած է 20-րդ դարու նշանաւոր հայ գրող, հրապարակախօս եւ բանաստեղծ ։ Անոր ՜՜Սպանիա, Ամերիկա՝՝ գիրքերը այժմէական են այսօր, իսկ անոր որդին իր ճարտարապետական գիտական գործունէութեամբ մեծ աւանդ ներդրած է Երեւանի քաղաքաշինութեան մէջ, այսպէս յայտնած է Աշոտ Գրիգորեան՝ տնօրէնը Հայաստանի ճարտարապետութեան թանգարանին ։

Տեղին է յիշել որ, Կոստան Զարեան 1885-ին ծնած է արքայական բանակի հրամանատար Խաչատուր Եղիազարեանցի ընտանիքին մէջ։ Հօրը մահէն ետք փոքրիկ Կոստանը կը խլեն մօրմէն եւ դաստիարակութեան կը յանձնեն ռուս ընտանիքի մը, որ կը բնակէր Պաքու։ Ան 1905-ին կ՝աւարտէ Փարիզի քոլեճը, որմէ ետք բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու համար կը մեկնի Պելճիքա։ Երիտասարդ գրագէտը միայն 25 տարեկանին կը սկսի հայոց լեզուն ուսումնասիրել, իսկ 1919-ի յուլիսին Կոստան Զարեան, իբրեւ իտալական թերթի յատուկ թղթակից, կուղղուի Կովկաս եւ առաջին անգամ ըլլալով կայցելէ Հայաստան։ Կոսստան Զարեան իր կեանքին մեծ մասը բնակած եւ ստեղծագործած է Եւրոպայի ու Միացեալ Նահանգներու մէջ, սակայն 1961 -ի ապրիլին, հայազգի մեծ գրողը՝ Կոստան Զարեան Ամենայն հայոց Վազգէն Ա կաթողիկոսի խորհուրդով կայցելէ Հայաստան եւ մօտէն կը ծանօթանայ հայրենիքին եւ հոն ապրող մարդոց ապրելակերպին։ Այս այցելութենէն մէկ տարի ետք ան ընտանիքով կը հաստատուի Երեւան։ Ան մահացած է 1969-ին։

Իսկ Արմէն Զարեանի ի պատիւ, զաւակը Կոստան Զարեանին, ճարտարապետութեան ազգային թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է անոր աշխատանքներու ցուցահանդէսը որուն բացումը կատարուած է 28 Օգոստոսին։ Այս առթիւ նաեւ ներկայացուած է ՜՜Արմէն Զարեան ճարտարապետ հետազօտող ու մտաւորական՝՝ գիրք-ալպոմը՝ նուիրուած հեղինակի ծննդեան 95-ամեակին։

Սրահին մէջ հսկայ պաստառներով ներկայացուած էր Զարեանի կեանքի զանազան հանգրուանները։ Արմէն Զարեանին գիրքը տպագրուած է պետական պատուէրով, Զարեան ընտանիքի նախաձեռնութեամբ, ճարտարապետութեան ազգային թանգարանի աջակցութեամբ եւ Ռուզան Զաքարեանի խմբագրութեամբ։Գիրքին մէջ տեղ գտած են շուրջ 22 հայ եւ օտար հեղինակներու յօդուածները Արմէն Զարեանի ճարտարապետութեան, անոր մտաւորական ու մարդկային նկարագիրին մասին։ Այլ բաժինով ներկայացուած են ճարտարապետին աշխատանքային, անձնական լուսանկարներէն եւ անոր ստեղծագործութիւններէն, շինարարական կառոյցներէն լուսանկարներ։ Թանգարանի տնօրէնը Աշոտ Գրիգորեան ցուցահանդէսին բացումը կատարած է, խօսք առած է մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան որ կարեւոր նկատած է Կոստան Զարեանի եւ անոր ընտանիքին ձգած մշակութային արժէքներու լաւապէս պահպանումը, որովհետեւ անոնք ազգային հպարտութեան առարկայ են։ Արմէն Զարեանի մասին խօսած է անոր զաւակը՝ Արա Զարեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.