2009-09-08 14:08:36

Քահանայական տարի - Ժան Մարի Վիաննէ – Որքան աղքատանանք այնքան հարուստ կ'ըլլանք


Քահանայական տարի - Ժան Մարի Վիաննէ – Որքան աղքատանանք այնքան հարուստ կ'ըլլանք

Քիւրէ տ'Արսի անձնական խստակրօնութենէն եւ աղքատութիւնէն աւելի, գիւղի ժողովուրդի ուշադրութիւնը կը գրաւէ իրենց վարդապետին տալու եղանակը։ Որովհետեւ ի վերջոյ բնակարանի պարզութիւնը եւ ուտեստեղենի ժուժկալութիւնը, որ մեզ կը զարմացնէ այսօր, այդ շրջանին հասարակաց է։ Շատ մը ագարակներու մէջ արդէն միս չեն ուտեր տօնական օրերէն զատ եւ իրենց ըմպելին` լոկ ջուր է։ Բոլոր ընտանիքը կ'ապրի տան մէկ բաժինին մէջ։ Ան կը ծառայէ միանգամայն խոհանոցի, ճաշարանի եւ պառկելու տեղ։ Այս գիւղացիները , ըլլան տէր կամ ծառայ, իրենց կեանքը կը շահին ծանր աշխատանքով եւ դրամի արժէքը գիտեն։ Անոր համար կը զարմանան իրենց վարդապետի վեհանձնութեան վրայ։ Անտրէ Վիշեր կառապանը կ'ըսէ.

-Ամբողջ ունեցածը կու տար առանց հաշուելու։

Ժան Փիքար կը վկայէ.

-Քսան ֆրանքնոցը նոյնքան դիւրութեամբ կու տար, որքան հինգ սանթիմը։

Ուրիշ մը կ'ըսէ.

-Իրեն բերուած ճերմակ հացը կը փոխանակէր աղքատներու սեւ հացին հետ։

Սակայն գիւղացիի ողջմտութեամբ գիտեր թէ ի՞նչ ճակտի քրտինքով կը շահուի դրամը եւ արհամարելի բան մը չէ։ Եւ բազմաթիւ առիթներու չէր տարակուսեր ծախսելու կարեւոր գումարներ, որինակ եկեղեցիին նորոգութեան ատեն եւ կամ կրթական հաստատութիւնը պահելու համար։

Անձնապէս քանի մը նպաստներ ունէր։ Կանոնաւոր կերպով պզտիկ գումար մը կը ստանար կառաւարութենէն, ըստ եկեղեցական համաձայնութեան։ Հօր մահէն ետք 1819ին սկսաւ ունենալ համեստ գումար մը իբրեւ ժառանգորդ անոր կենսաթոշակին։

Բայց ասոնք չնչին բաներ են իր բաժնածներուն քով։ Օրինակի համար 1841ի կտակագիր մը զանազան հաստատութիւններու համար կը սահմանէ 25,000, ։ Այս գումարները ինք կը բաժնէր աղքատներու եւ որբերու։

Աղքատ քահանայ մը ուրկի՞ց կը գտնէ այսքան նպաստ։ Անշուշտ իր խեղճ ու կրակ վիճակով հաւատացեալներէն չէ, այլ բարեկեցիկ անձերէ, որոնք կը հետաքրքրուին իր բարենպատակ գործերով։

Արդէն Էքիւլի եղած ժամանակ Տէր Պալի իրեն ծանօթացուցած էր մեծահարուստ պարոն մը` Լիոնէն, Գլոտ Լաբորդ անունով, որ իրեն հետ բարեկամ մնաց մինչեւ իր մահը։ Հաւանաբար այս ազնիւ վաճականը սուրբին ծանօթացուցած ըլլայ լիոնցի ուրիշ հարուստներ։

Բայց իր ամենամեծ բարերարները եղած են Արսի Կարէ ընտանիքին անդամները։

Այսքան գումարներ տրամադրող վարդապետը յաճախ դահեկան մը անգամ չունենար գրպանը։ Եւ սակայն զանազան հնարքներ կը խորհի աղքատներուն օգնելու։

Կեանքի վերջաւորութեան , երբ ժողովրդականութիւն վայելող անձ մը կ'ըլլայ, հաւատացեալները կը շրջապատեն զինք եւ կ'աշխատին յիշատակ մը ունենալ իրմէ, դեռ չեն համարձակիր մասունք ըսել անոնց...

Ժան Մարի առիթէն կ'օգտուի նպաստներ խնդրելու իր բարեսիրական նպատակներուն համար։ Տէր Մօրէ կը վկայէ թէ բարձր գինով կը ծախէր հին կօշիկները, մաշած կապաները, պատարագի ճերմակ պարեգօտը եւ մինչեւ իսկ ակռաները...։

Այս վեհանձն կիներէն մէկուն Մարի Ռիքոթէի կը ծախէ իր մահիճը, վարագոյրները, որդնոտած սեղան մը, հասարակ աթոռ մը եւ նոյնիսկ իր ժամացոյցը, մէկ պայմանով միայն որ այս բոլորը առնէ իր մահէն ետքը։

Քառասուն տարուան ժողովրդապետութեան շրջանին ձեռքէն կ'անցնի անթիւ հարստութիւն եւ իր անձին համար ոչինչ կը պահէ։ Մահէն քանի մը ժամ առաջ կ'ըսէ եղբայր Աթանասի.

-Քովս 36 ֆրանք մնացած է։ Խնդրէ Գաթարինէն ոը առնէ զանոնք եւ վճարէ զիս խնամող բժշկին. Բոլոր ունեցածս աս է. Կարծեմ սակը այսքան է։ Իրեն ըսէ որ այլեւես չգայ, քանի որ պիտի չկարենամ վճարել այցեգինը։







All the contents on this site are copyrighted ©.