2009-09-08 14:08:21

Լուրեր քրիստոնեայ աշխարհէն Չինաստանի կաթողիկէները կը համախմբուին Շի Շան կոչուած սրբավայրը մեծարելու Ս. Կոյս Մարիամի ծնունդը։


Չինաստանի կաթողիկէները կը համախմբուին Շի Շան կոչուած սրբավայրը մեծարելու Ս. Կոյս Մարիամի ծնունդը։ Երեքշաբթի 8 Սեպտեմբեր 2009, Եկեղեցին կը յիշատակէ Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի ծնունդը, Չինաստանի Շանկ Հայ թեմի 300 հաւատացեալներ անցեալ շաբաթ օրը, Սեպտեմբեր 5-ին, Շի Շան կոչուած մարեմեան սրբավայրը այցելեցին մեծարելու՝ Ս. Կոյս Մարիամի ծնունդը հայցելով Անոր բարեխօսութիւնը, որպէսզի Տէրը իր Եկեղեցւոյ շնորհէ քահանաներ, սուրբ քահանաներ։ Հաւատացեաները Ս. Վարդարանի եւ ապա պատարագի աւարտին Տիրամօր սրբանկարին առջեւ զետեղեցին ծաղիկ եւ քաղցրեղէն։ Յայտնենք թէ Չինաստանի Շանկ Հայ թեմը միշտ եղած է Մարեմեան թեմ, վկայ՝ ՜՜ Շի Շան կոչուած մարեմեան սրբավայրը, որ Ասիայի ամենահռչակաւոր սրբավայրն է եւ շատ սիրելի Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին՝՝։

Միւռոնօրհնէք 2009 Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ։

Նախագահութեամբ՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարքին,Կիրակի 18 հոկտեմբեր 2009-ին, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին պիտի կատարէ միւռոնօրհնէքի արարողութիւն, Զմմառու վանքին մէջ(Լիբանան )։

Նշենք թէ՝ նախորդ միւռոնօրհնէքի արարողութիւնը տեղի ունեցած էր 2001-ին, Հայաստանի քրիստոնէացման 1700-ամեակին առթիւ, նոյնպէս Զմմառու վանքին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.