2009-09-08 14:19:11

Ակնարկ Մը Ազգային ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային ու Միջազգային Դէպքերուն։


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Խրուաթիոյ նախաէահ Սթիեփան Մեսիչի հրաւէրով երէկ երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Խրուաթիա։ Դիմաւորումի պաշտօնական արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ նախագահներու հանդիպումը, որուն ընթացքին Սարգսեան եւ Մեսիչ բարձր գնահատեցին Հայաստանի եւ Խրուաթիոյ միջեւ քաղաքական երկխօսութեան ներկայ մակարդակը, քննարկեցին երկու երկիրներուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան, միջազգային օրակարգին վերաբերող, փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր։ Հայաստանի նախագահը Խրուաթիոյ իր գործընկերոջ ներկայացուց նաեւ հայ-թրքական քաղաքական երկխօսութեան վերջին զարգացումներուն եւ յարաբերութիւններու կարգաւորման Հայաստանի տեսլականը, տեղեկութիւններ հաղորդած նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բանակցային գործընթացին վերաբերեալ։ Խրուաթիոյ նախագահը ողջունեց Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու Հայաստանի նախագահին նախաձեռնութիւնը եւ վստահութիւն յայտնեց, որ հայ-թրքական յարաբերութեանց կարգաւորումը իր կարգին պիտի նպաստէ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդումին։
ՐԱՖՖԻ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ ԵՒ ԽԱՉԱՏՈՒՐ ՍՈՒՔԻԱՍԵԱՆ ԿԸ ՀՐԱԺԱՐԻՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԷՆ։Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, Ժառանգութիւն կուսակցութեան հիմնադիր Րաֆֆի Յովհաննէսեան երէկ հրաժարած է պատգամաւորի իր պաշտօնէն։ Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը ոչ պաշտօնապէս հաստատեց այս տեղեկութիւնը՝ նշելով, որ Րաֆֆի Յովհաննէսեան շուտով անձամբ հանդէս պիտի գայ պարզաբանութիւններով։
ԹՈՒՐՔ-ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ՝ ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ԼՈՒԾՄԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ։ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչները Թուրքիոյ մէջ կը քննարկեն հայ-թրքական յարաբերութիւններու եւ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցերը։ Թրքական ՝՝Էն. Թի. Վի.՝՝ պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու տեղակալ Ուիլիըմ Պըրնզ։ Քննարկումներուն կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մարի Եովանովիչ։ Միւս կողմէ "Եւրոտեսիլ 2009" երգի մրցանքի թուրք ներկայացուցիչ Հատիսէ-ի արգիլուած է Պաքուի մէջ ելոյթ ունենալ, որովհետեւ ան թրքական "Շօ.Թի.Վի." պատկերասփիւռին իր տուած հարցազրոյցին մէջ դրական արտայայտուած է հայ-թրքական սահմաններու բացման մասին եւ "Հայաստանն ու Թուրքիան եղբայրական երկիրներ են" յայտարարած է երգչուհին։Իսկ Թրքական "Սապահ" օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Սեւ Ծովու տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրները ստորագրած են 7 հազար քիլոմեթր երկարութեամբ "Խաղաղութեան ճամբայ" ծրագիրը, որ 12 երկիրներէ պիտի անցնի եւ Պոլիսը Երեւանին, իսկ Երեւանն ալ Պաքուի պիտի կապէ։

ՄԱԿի Գլխաւոր Ժողովը
պիտի քննարկէ Ղարաբաղի հարցը ։Սեպտեմբեր 23-30, Նիւ Եորքի մէջ պիտի գումարուի ՄԱԿի Գլխաւոր ժողովի 64րդ նստաշրջանը, որուն օրակարգին վրայ պիտի ըլլայ ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցը։
Օրակարգը ներկայացուած է Ատըրպէյճանի կողմէ իբրեւ գրաւեալ տարածքներու խնդիր։ ՄԱԿի Գլխաւոր ժողովը իր 62րդ նստաշարջանին՝ 2008ի Մարտին, 39 թեր , 7 դէմ եւ 100 ձեռնպահ քուէներով ընդունած էր Ատրպէյճանի կողմէ ներկայացուած Ատըրպէյճանական րաւեալ տարածքներու իրավիճակի մասին բանաձեւը։ Բանաձեւի ներկայացումը յաջորդած էր Հայաստանի մէջ յետընտրական իրադարձութիւններուն, եւ սահմանային բախումներուն։

Վրացի զինուորներ կը սպաննուին Վրաստան-Թուրքիա սահմանին վրայ։ Վրացի 3 սահմանապահներու դիակները գտնուած են Վրաստան-Թուրքիա սահմանին մօտերը(ըստ Վրաստանի ներքին գործոց նախարարութեան սահմանապահ ոստիկանութեան հաղորդումին) ուր կը ճշդուի նախապէս տրուած այն տեղեկութիւնը, թէ՝ միջադէպը տեղի ունեցած է Վրաստան-Հայաստան սահմանին վրայ։
Սահմանային դիրքի վրայ կը գտնուէին չորս սահմանապահներ, որոնցմէ երեքին դիակները գտնուած են, իսկ չորրորդը անհետացած է։







All the contents on this site are copyrighted ©.