2009-09-07 12:43:08

Լուրեր հայկական կեանքէն


Ակնարկներ սփիւռքահայ արուեստի պատմութեան մատենաշարի հրատարակումը։



Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց ամերիկահայ ճանչցուած արուեստագէտ, նկարիչ Քաջազունի Քեչեճեանի այրին` գրականագէտ, Քաջազ գրքի հեղինակ Սաթենիկ Քեչեճեան, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արուեստի հիմնարկի տնօրէն Արարատ Աղասեան եւ փոխտնօրէն Աննա Ասատրեան։

Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Արուեստի հիմնարկին մէջ բացուած սփիւռքի բաժինը նախարարութեան հետ համատեղ կ՝իրականացնէ ՜՜Ակնարկներ սփիւռքահայ արուեստի պատմութեան մատենաշարի հրատարակումը՝՝ որու Արարատ Աղասեանի հեղինակած առաջին հատորը՝ ՜՜Քաջազի մոգական կանթեղը՝՝ վերնագրով մենագրութիւնը, նուիրուած է ըլլալու նկարիչ Քաջազունի Քեչեճեանի կեանքին եւ ստեղծագործութեան։

Արուեստի հիմնարկի տնօրէնը՝ Աղասեան եւ տիկին Քեչեճեան իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին տիկին Յակոբեանին՝ իր աջակցութեան համար ՜՜մատենաշարի եւ մասնաւորապէս հանրածանօթ նկարչին նուիրուած հատորին լոյս ընծայման՝՝ համար ինչպէս նաեւ գրքի շնորհահանդէսը կազմակերպելու համար։

Նշուեցաւ որ ճանչցուած արուեստագէտի մասին բազմիցս գրուած է, սակայն նման մենագրութիւն, որն ամբողջութեամբ ընդգրկէր ծանօթ սփիւռքահայ արուեստագէտի կեանքն ու գործունէութիւնը, առաջին անգամ է։ Սփիւռքի նախարարը իր գոհունակութիւնը յայտնեց արուեստագէտներու ընտանիքին, որոնք տարիներ շարունակ աջակցած են Արուեստի հիմնարկին, Երուանդ Քոչարի թանգարանին եւ հայաստանաբնակ բազմաթիւ մտաւորականներուն՝ յատկապէս ստեղծագործութիւնները հրապարակելու գործին մէջ։

Սփիւռքի նախարարութիւնը սփիւռքահայուն տունն է, մենք պիտի ջանանք հնարաւորին չափ ՜՜ օտար երկրներու մէջ մեր հայրենիքի անունը բարձր պահող մտաւորականներուն աջակցելու համար՝՝ եզրափակեց նախարարը։

Ամերիկայի Հայ Ճարտարագէտներու Եւ Գիտնականներու Միութեան Տարեկան 26րդ Ճաշկերոյթը։  ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Յառաջիկայ Ուրբաթ օրը՝ 11 Սեպտեմբեր 2009-ին «Տաղլեան» մշակութային կեդրոնին մէջ , տեղի պիտի ունենայ Ամերիկայի հայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու միութեան տարեկան 26րդ ճաշկերոյթը :

 Ձեռնարկին ընթացքին պիտի մեծարուի Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանէն քարիւղի յայտնի մասնագէտ դոկտ. Ճորճ Չիլինկիրեան: Նաեւ պիտի գործադրուի գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը՝ մասնակցութեամբ «Թոնի» մրցանակի թեկնածուներ «Սանտոր եւ Փարիսսա» պարային զոյգին ու «Heartbeat DJ»ին: Այս առթիւ նաեւ տեղի պիտի ունենայ նաեւ լուռ աճուրդ:








All the contents on this site are copyrighted ©.