2009-09-07 13:26:40

Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


ՀԱՅԵՐԷՆ ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ԿԱՅԱՆԻ ԱԼԻՔ՝ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ։
Ազրպէյճանական ՝՝՝Պաքիլիլար.ազ՝՝ կայքէջը կը հաղորդէ, որ ՝՝Էյ.Թի.Վի.՝՝ի լուրերու բաժինի խմբագիր Վագիֆ Այտինօղլուն յայտնած է, որ Ազրպէյճանի մէջ կը նախատեսուի հայերէնով պատկերասփիւռի ալիք ստեղծել եւ նշած է, որ կը սպասուի Ազրպէյճանի առաջին միջազգային ալիքի հայերէն տարբերակին բացումը, որ հաւանաբար տեղի ունենայ սեպտեմբերի վերջաւորութեան։ Ըստ Այտինօղլուի՝ միջազգային պատկերասփիւռի ընկերութեան համար գնուած են արհեստագիտական սարքաւորումներու նորագոյն տիպերը, որոնց տեղադրման աշխատանքները արդէն կը մօտենան իրենց աւարտին։ Կը նախատեսուի, որ ՝՝Էյ.Թի.Վի. Ինթ.՝՝ը իր հաղորդումները կատարէ հինգ լեզուներով։ Նորութիւններու ազրպէյճաներէնով, պարսկերէնով, անգլերէնով, ռուսերէնով եւ հայերէնով հաղորդման համար արդէն երեսուն մասնագէտներ ընտրուած են։
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌՈՒՍԱՀԱՅ ԳՈՐԾԱՐԱՐՆԵՐԸ։
Շաբաթ օր Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ մէջ բնակող խումբ մը յայտնի հայ գործարարներու հետ։ Նշելով, որ նոյնանման վերջին հանդիպումէն ետք շուրջ մէկ տարի անցած է, նախագահ Սարգսեան ըսաւ, որ այդ ժամանակը կարելիութիւն կու տայ խօսելու ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն եւ անոնց իրականացման ընթացքին մասին։ Ըստ Սերժ Սարգսեանի, հակառակ համաշխարհային տնտեսական տագնապին յարուցած դժուարութիւններուն, տարբեր ծրագիրներ իրականացած են եւ կիրականացուին։ Հայաստանի հանրային ռատիոյին համաձայն, Հայաստանի նախագահը բարձր գնահատած է արտերկրի մէջ բնակող հայ գործարարներուն դերը ինչպէս ՝՝Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի հեղինակութեան բարձրացման, նոյնպէս ալ հայապահպանման եւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին մէջ՝՝։
ԸՍՏ ԹՈՒՐՔ ԼՐԱԳՐՈՂ ԻՍՄԵԹ ՊԵՐՔԱՆ-Ի ՝՝ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ՅԱՋՈՂԻ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՄԱՐ ՀԱՐՑԵՐ ՍՏԵՂԾԵԼ՝՝ ։Թրքական ՝՝Ռատիքալ՝՝ օրաթերթի հեղինակաւոր լրագրող Իսմեթ Պերքան իր յօդուածին մէջ անդրադարձած է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու հարցին։ Լրագրողը, ուսումնասիրելով Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու նախաստորագրումէն ետք թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ կատարուած արձագանգները, կը մեկնաբանէ Թուրքիոյ արտաքին եւ ներքին ուղեգիծը՝ մասնաւորապէս նշելով, որ Թուրքիան կը փորձէ լուծել որոշ արմատացած արտաքին եւ ներքաղաքական խնդիրներ եւ, հետեւաբար, խաղաղութիւն հաստատել թէ՛ երկրին ներսը եւ թէ՛ տարածաշրջանին մէջ։ Ըստ լրագրողին, Հայաստանը հակառակ փոքր երկիր մը ըլլալուն, որու անունը հազուադէպ կերպով կ՝արծարծուի, ան կը յաջողի աշխարհի մէջ Թուրքիոյ համար խնդիրներ ստեղծել։ Այն փաստը, որ հայ-թրքական խնդիրը կրնայ լուծուիլ արդար եւ խելամիտ ձեւերու միջոցով, ոչ մէկուն կրնայ վնասել, ընդհակառակն՝ օգուտներ կրնայ բերել։ Իսկ այլ հեղինակաւոր թուրք լրագրող մը Մեհմեթ Ալի Պիրանտ, Հիւրրիյէթ օրաթերթի 2 սեպտեմբեր 2009-ի թիւին մէջ անդրադառնալով յարաբերութեանց վտանգներու հարցին՝ կը գրէ, որ ՝՝Հայկական նախաձեռնութեան հարցով մեր դիմագրաւած վտանգը այն է, որ եթէ այս գործընթացը ճիշդ կերպով չկառավարուի, պիտի վերածուի իբրեւ Թուրքերը խաղաղութիւն չեն ուզեր ընկալուած միջազգային արշաւի մը՝՝, գիտէք, Փանտորայի տուփը արդէն իսկ բացուած է եւ ան դիւրութեամբ պիտի չփակուի(կեզրակացնէ Պիրանտ)։
ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՀԱՐԻՐԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԿՈՒՆԵՆԱՅ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻԻ ՀԵՏ
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ընդառաջելով կառավարութեան կազմութեան յանձնառութիւնը ստանձնած վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաւէրին, այցելեց Կեդրոնական Պէյրութի անոր բնակարանը։ Հանդիպումին ընթացքին Յակոբ Բագրատունի Հարիրիի հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները՝ ներկայութեամբ Նատեր Հարիրիի։







All the contents on this site are copyrighted ©.