2009-09-06 14:04:28

Պոլսահայ կրթական հաստատութիւնները։

Պոլսահայ կրթական հաստատութիւններէն են՝ Մեզպուրեանը, Նուպար-Շահնազարեանը եւ Պէրպէրեանը։


Պոլսահայ կրթական հաստատութիւնները։

Պոլսահայ կրթական հաստատութիւններէն են՝ Մեզպուրեանը, Նուպար-Շահնազարեանը եւ Պէրպէրեանը։

Մեզպուրեանը սկիզբը երկսեռ էր եւ յետոյ աղջիկներու միջնակարգ հաստատութեան վերածուեցաւ եւ աւելի քան 35 տարիներու գոյութենէ ետք փակուեցաւ նիւթական դժուարութիւններու պատճառով։

Նուպար-Շահնազարեանը գոյատեւեց տասնամեակ մը եւ փակուեցաւ ելեւմտական վերիվայրումներու պատճառով,

Պէրպէրեանը գործեց մօտաւորապէս կիսադար մը։



Մեզպուրեան վարժարանը



Պոլսոյ հայկական հին եւ կարեւոր կրթական հաստատութիւններէն՝ Մեզպուրեան վարժարանը հիմնուեցաւ 1865-ին, Գումգափուի մէջ, Մկրտիչ Մեզպուրեանի նախաձեռնութեամբ եւ նիւթական միջոցներով, իբրեւ երկսեռ նախակրթարան։

Մինչեւ 1879 Գումգափուի մէջ գործելէ ետք, վարժարանը Սկիւտար փոխադրուեցաւ, որմէ ետք կրթական նոր ծրագիրով ու մակարդակով սկսաւ գործել։ Նկատի ունենալով իգական սեռի կրթութեան կարեւորութիւնը եւ անոր յատուկ վարժարանի մը անհրաժեշտութիւնը՝ անիկա աղջիկներու միջնակարգ հաստատութեան վերածուեցաւ։

Կրթական նոր ծրագիրին համաձայն, վարժարանին գլխաւոր առաքելութիւնն էր զարգացած, բարեկիրթ ու առաքինի մայրեր եւ որակաւոր ուսուցչուհիներ պատրաստել։

Կրթական ծրագիրը կընդգրկէր երեք բաժանմունք՝ մանկապարտէզ, նախակրթարան եւ ուսումնարան։ Դասաւանդութեան նիւթերն էին՝ հայերէն՝ գրաբար եւ աշխարհաբար, ֆրանսերէն, թրքերէն, հայոց պատմութիւն, աշխարհագրութիւն, հանրահաշիւ, երկրաչափութիւն, բնագիտութիւն, երաժշտութիւն եւ ձեռագործ։ Տեսուչը եւ գլխաւոր դաստիարակը Մկրտիչ Մեզպուրեանն էր դպրոցը ունէր նաեւ որակաւոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ։

Իբրեւ անձնական վարժարան, Մեզպուրեանը զուրկ էր նիւթական մնայուն աղբիւրներէ եւ անոր միակ միջոցները կը գոյանային կրթաթոշակներէն։ Այս պատճառով ալ նիւթական միջոցներու ապահովումը եւ պիւտճէական հաշիւները միշտ ալ դժուարութեան մատնած էին տնօրէնութիւնը։ 1896-ի տարեշրջանի աւարտէն ետք, նիւթական լուրջ դժուարութիւններու պատճառով, տնօրէնութեան որոշումով վարժարանը փակուեցաւ։ Չորս տարի ետք, 1900-ին, Փալագաշեան ընտանիքին նիւթական աջակցութեամբ, Մեզպուրեան վարժարանի հիման վրայ, Գատըգիւղի մէջ բացուեցաւ Փալագաշեան գիշերօթիկ երկսեռ վարժարանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.