2009-09-06 14:03:34

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հովուական այցելութիւնը Վիթերպօ թեմին։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հովուական այցելութիւնը Վիթերպօ թեմին։

Վիթերպօ թեմի հովուական այցելութիւնը, Սրբազան Քահանայապետին համար եղաւ 16րդ հանդիպումը իտալական թեմի մը հետ։ Այս թեմին մէջ կը հանգչի ս. Պոնավենթուրայի միակ մասունքը։ Ս. Պոնավենթուրան որ կը կոչուի նաեւ ''Հրեշտակային վարդապետ'', ներկայ Քահանայապետին համար եղաւ մշակութային կազմաւորման գլխաւոր դէմքերէն մէկը։ Արդարեւ ափրիկէցի ս. Օգոստինոսը, ֆրանչիսքեան ս. Պոնավենդուրան եւ ս. Թովմաս Ագուինացին, աստուածաբանութեան մեծ տիտանները, Ռացիկեր քահանայապետին համար եղան իր մտայն ու հոգեկան կազմաւորումին գլխաւոր ուսուցիչները ։ Անոնք աշխատեցան որոնել կապը որ կայ հաւատքի ու տրամաբանութեան միջեւ, հաւատքի ու պատմութեան միջեւ, մէկ խօսքով Աստուծոյ ու մարդու միջեւ, անտեսանելի ու տեսանելի իրականութիւններու միջեւ։ Ս. Պոնավենդուրան կը գտէր թէ փիլիսոփայպութիւնը ճանապարհ մըն է հասնելու այլ գիտութիւններու եւ այն որ կը կենայ խաւարի մէջ կ'ինայ։

Ս. Պոնավենդուրային համար Քրիստոս կը մնայ ճանապարհը բոլոր գիտութիւններու։

Վիթերպօ թեմի առաջնորդը գերապայծառ Լորենցօ Քիարինելլի հրաւիրեց Սրբազան Հայրը այցելելու Վիթերպօ քաղաքը, որ ժամանակին. եղած է քահանայապետական աթոռ, հաւատքի մէջ ամրապնդելու Աստուծոյ ժողովուրդը։

Կիրակի, առաւօտեան ժամը 9ին, քահանայապետական ինքնաթիռը հասաւ Վիթերպօ։

Բարի գալուստի արարողութենէն անմիջապէս ետք Սրբազան Հայրը բացօդեայ համապատարագ մատուցեց ՜՜Վալլէ ֆօ՝՝ կոչուած հրապարակի վրայ եւ Ս. Զոհին աւարտին կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը արտասանեց։

Սրբազան արարողութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը ուղղուեցաւ ՜՜Կաղնիի Տիրամօր՝՝ նուիրուած սրբավայրը։

Սոյն Սրբավայրին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ, Ս. Հաղորդութեան երկիրպագութիւն կատարեց եւ ապա աղօթք մը արտասանեց ուղղուած Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին, մասնակցութեամբ՝ շրջանի փակեալ կրօնաւորուհիներուն։

Յետմիջօրէին Նորին Սրբութիւնը ինքնաթիռով ուղղուեցաւ Պանիօրեճիօ, ուր տեղւոյն քաղաքապետը ուղղեց բարի գալուստի խօսքը։

Ապա Սրբազան Հայրը ուղղուեցաւ սուրբ Նիքոլայի նուիրուած եկեղեցին։ Պահ մը աղօթեց Ամենասուրբ Հաղորդութեան առջեւ եւ ապա մեծարեց Ս. Պոնավենդուրայի միակ մասունքը։

Այս արարողութենէն անմիջապէս ետք Ս. Օգոստինոսին նուիրուած հրապարակի վրայ տեղի կ'ունենայ Սրբազան Քահանայապետին հանդիպումը քաղաքի բնակչութեան հետ։

Իսկ ժամը 18.30-ին քահանայապետական ինքնաթիռը կը վերադառնայ Գասդել կանտոլֆօ։



Համապատարագին ընթացքին Նորին Սրբութիւնը իր արտասանած քարոզին մէջ ըսաւ. Այս վայրը կը ոգեկոչէ քաղաքացիական ու կրօնական դարերու պատմութիւնը եւ ներկայիս Վիթերպօ հայանքը ս. Պետրոսի յաջորդին շուրջը հաւաքուած է ամրապնդուելու Քրիստոսի ու Անոր Աւետարանի ճշմարտութեան մէջ։ Իմ սիրալիր ողջոյնս կ'ուղղեմ թեմի կղերին, քաղաքացիական ու զինւորական իշխանութիւններու, որոնք ջերմ ընդունելութիւն վերապահեցին ինծի։ Ասոր համար ձեզի շատ երախտապարտ եմ։ Իմ յատուկ ողջոյնս կ'ուղղեմ տարիքոտներուն, հիւանդներուն, բանտարկեալներուն եւ բոլոր անոնց որոնք չկարողացան մասնակիլ մեր այս հանդիպումին։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, ամէն ծիսական հաւագոյթ` Աստուածային ներկայութիւն մըն է։ Մենք հոս համախմբուած ենք Ս. Զոհը մատուցանելու։ Քրիստոսի աշակերտները կը հռչակեն թէ Յիսուս յարութիւն առաւ, ողջ է ու կեանքի պարգեւիչ է, միաժամանակ կը վկայեն թէ անոր ներկայութիւնը շնորհք է եւ ուրախութիւն։ Բանանք մեր սրտերը անոր խօսքին ու երախտապարտ հոգիով ընդունինք անոր ներկայութիւնը մեր մէջ։ Այսօրուան ս. գրային ընթերցումները կը յայտնեն թէ երբ Տէրը ներկայ է կոյրերուն աչքերը կը բացուին, խուլերը կը սկսին լսել եւ կաղերը եղնիքի նման կը սկսին ցատկել։ Անոր ներկայութեամբ ամէն ինչ կը վերածնի ու կը վերակենդանանայ նման բարեբեր ջուրերու որ անապատը կը ջրեն ու կը ծաղկեցնեն։

Անապատ բառը, ընդգծեց Սրբազան Հայրը, ս. Գիրքին մէջ կրնայ խորհրդանշել եւ վերակոչել ամէն անհատի ողբերգական դէպքերը, դժուար պարագաները եւ կամ առանձնութիւնը։ Ամենախոր անապատը մարդկայն սիրտն է, երբ անիկա կը կորսնցնէ կարողութիւնը անսալու, խօսելու եւ հաղորդակցութեան մէջ մտնելու Աստուծոյ հետ։

Նոյնպէս այսօրուան ս. Մարկոսի Աւետարանը կը պատմէ Յիսուսի հրաշքը համր ու խուլ մարդուն. անոր տալով կարելիութիւնը խօսելու եւ լսելու։ Այս նշանին մէջ կարելի է տեսնել Յիսուսի մեծ բաղձանքը մարդը փրկելու առանձնութենէն, որ հետեւանքն է եսասիրութեան։ Վիթերպոյի սիրեցեալ եկեղեցի, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, Քրիստոս եկաւ մեր սրտերը բանալու որպէսզի կարենանք լսել անոր կենարար խօսքը եւ դառանք ճշմարիտ քրիստոնեաներ, Պօղոս առաքեալի նման կարենաք բացականչել. ''ես չէ որ կ'ապրիմ այլ Քրիստոսը կ'ապրի իմ մէջը''։ Դաստիարակութեան հետ միասին հարկաւոր է հաւատքի վկայութիւնը ինչպէ կը գրէ Պօղոս առաքեալը հաւատքը որ կը գործէ սիրով։ Այս հեռանկարէն մղուած, Եկեղեցին մարդասիրական բազմաթիւ ներգործութիւններ կը կատարէ։ Եկեղեցւոյ նախաձեռնութիւնները ու գործերը ցոլացումն է անոր հաւատքին ու աստուասիրութեան։

Սիրեցեալ հաւատացեալներ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իր քարոզը եզրափակելով, մի վախնաք ապրելու եւ վկայութիւն տալու ձեր հաւատքին ընկերութեան զանազան խաւերու մէջ։ Այս ուղղութեամբ Վիթերպօ քաղաքը հաւատքի մեծ վկաներ տուաւ։ Դուք եւս կանչուած էք ապրելու եւ վկայութիւն տալու ձեր հաւատքին։ Աշխատեցէք կերտելու ընկերութիւն մը հիմնուած ազատութեան եւ արդարութեան, ճշմարտութեան ու սիրոյ վրայ։ Հռչակեցէք խօսքով ու գործով Քրիստոսի ներկայութիւնը ու սէրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.