2009-09-05 11:38:03

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ։


Կիրակի 6 Սեպտեմբեր 2009-ին, Սրբազան Հայրը հովուական այցելութիւն կը կատարէ Իտալիոյ Վիթերպօ եւ Պանիորեճիօ թեմերուն. այցելութեան բնաբանն է. ''հաստատէ քու եղբայրներդ''

Կիրակի առաւօտեան ժամը 9ին, քահանայապետական ինքնաթիռը կը հասնի Վիթերպօ։

Բարի գալուստի արարողութենէն անմիջապէս ետք Սրբազան Հայրը բացօդեայ համապատարագ պիտի մատուցէ ՜՜Վալլէ ֆօ՝՝ կոչուած հրապարակի վրայ եւ Ս. Զոհին աւարտին կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը պիտի արտասանէ։ Սրբազան արարողութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը պիտի ուղղուի ՜՜Կաղնիի Տիրամօր՝՝ նուիրուած սրբավայրը։

Սոյն Սրբավայրին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ, Ս. Հաղորդութեան երկիրպագութիւն պիտի կատարէ եւ ապա աղօթք մը պիտի արտասանէ ուղղուած Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին, մասնակցութեամբ՝ շրջանի փակեալ կրօնաւորուհիներուն։

Յետմիջօրէին Նորին Սրբութիւնը ինքնաթիռով պիտի ուղղուի Պանիօրեճիօ, ուր տեղւոյն քաղաքապետը պիտի ուղղէ բարի գալուստի ուղերձը ։

Ապա Սրբազան Հայրը պիտի ուղղուի սուրբ Նիքոլայի նուիրուած եկեղեցին, ուր պահ մը պիտի աղօթէ Ամենասուրբ Հաղորդութեան առջեւ եւ պիտի մեծարէ Ս. Պոնավենդուրայի աճիւնները։ Այս արարողութենէն անմիջապէս ետք Ս. Օգոստինոսին նուիրուած հրապարակի վրայ տեղի պիտի ունենայ Սրբազան Քահանայապետին հանդիպումը քաղաքի բնակչութեան հետ։

Իսկ ժամը 18.30-ին քահանայապետական ինքնաթիռը կը վերադառնայ Գասդել կանտոլֆօ։



Շաբաթ 5 Սեպտեմբեր 2009, Նորին Սրբութիւնը քահանայապետական ամառանոցին մէջ ընդունեց Պրազիլի արեւմտեան շրջանի խումբ մը եպիսկոպոսներ եկած կատարելու՝ հնգամեայ այցը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Պրազիլի արեւմտեան թեմերու եպիսկոպոսը՝ Գերապայծառ Ռոշա կը հաստատէ թէ Պրազիլի եկեղեցին աւելի միսոնարական եկեղեցի մըն է եւ ռահվիրան՝ երկխօսութեան ու արդարութեան։ Պրազիլը, կ'ըսէ գերապայծառ Ռոշա, լայնածաւալ երկիր մըն է որ Չինաստանի, Ռուսիոյ եւ Մեքսիքոյի հետ միասին, դարձած է աշխարհի հինգերորդ տնտեսութիւնը։ Քրիստոնէական հաւատքը բաւականաչափ ամրապնդուած է ժողովուրդին մէջ, եւ եղբայրութիւններու միջոցաւ հաւատացեալները իրենց գործօն մասնակցութիւնը կը բերեն եկեղեցւոյ կեանքին։ Եկեղեցական շարժումները դարձած են ՜՜յոյսը՝՝ երկրի չքաւորներուն եւ արուարձանները ապրողներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.